Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Հռոմ 2»-ի Պայմանական Աջակցութիւնը

March 17, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հռոմ  2»-ով համախմբուած միջազգային ընտանիքի անդամ երկիրներու ներգրաւուածութեան չափը, այնտեղ արծարծուած օրակարգային կէտերը, զօրակցութեան յանձնառութիւնները եւ բանաձեւուած հրամայականները կը համոզեն, որ կայ աշխարհաքաղաքական-միջազգային որոշում Լիբանանին զօրակցելու եւ յատկապէս կայունութիւնը պահպանելու համար:

Խորհրդաժողովի ընթացքին եւ անոր առընթեր կայացած հանդիպումներով առանցքային կարեւորութեամբ շեշտուած են Լիբանանին համակողմանի աջակցելու ծրագիրները` գաղթականներու հիմնախնդիրէն մինչեւ բանակին մէջ ծառայող կիներու իրաւունքներ, անվտանգութեան համապարփակ հարցերէն մինչեւ տնտեսական նախագիծեր, մինչեւ ծովային եւ ցամաքային սահմանագծումներու անհրաժեշտութեան ընդգծումներ, մինչեւ մայիսեան ընտրութիւններու ճշդումի ողջունումներ:

Այս բոլորը կը յուշեն եւ կը համոզեն, որ լիբանանեան կայունութեան ամրակայման համար կան յստակ միջազգային նեցուկ եւ համապատասխան օժանդակութեան ու աջակցութեան ծրագիրներ: Կարեւորագոյն շեշտադրում է  նաեւ այն, որ լիբանանեան հրապարակային յանձնառութիւն կայ տարածաշրջանի բռնկումներուն չներքաշուելու, ինչ որ կայուն եւ զարգանալու միտում դրսեւորող խաղաղ  կղզիի հանգամանք կ՛ապահովէ այս երկրին:

Միջազգային նման որոշումի մը նախադրեալներու գոյութիւնը զգացած էր նաեւ լիբանանեան հասարակութիւնը, երբ տարածաշրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող լարուածութիւններուն իբրեւ անմիջական հետեւանք` հեռակառավարման աւանդութիւն ունեցող քաղաքական նկրտումները կը սպառնային խախտել ներլիբանանեան կայունութիւնը: Այդ նկրտումները կարճաժամկէտ մթնոլորտներ կը ձեւաւորէին, եւ երկիրը ապրելէ ետք պետական թէ հասարակական կեանքի ելեւէջները, արագօրէն կը վերադառնար բնականոն հուն:

Ըստ էութեան քաղաքականօրէն, այն ուժերը, որոնք շահագրգռուած են տարածաշրջանը բռնկուն վիճակի մէջ պահելով, լիբանանեան կղզիի ձեւաւորման շուրջ ընդհանուր համաձայնութիւն գոյացուցած ըլլալ կը թուին:

Միջազգային ներգրաւուածութեան այս չափը, որ կը դրսեւորուի Լիբանանի նկատմամբ, բնականաբար ունի իր քաղաքական առեւտրային տրամաբանութիւնը: «Հռոմ 2»-ի օրակարգերը համապարփակ ըլլալով չեն շօշափեր ուղղակիօրէն Արեւմուտքի համար ամէնէն զգայուն եւ սուր նիւթերէն հանդիսացող Իրանի ազդեցութեան գործօնը եւ այդ ազդեցութեան զինուորական ներկայութեան խնդիրը: Եթէ լիբանանեան հարթութեան վրայ կայ գիտակցութիւն եւ ընդունուած բանաձեւ արտաբանակային զէնքի հարցը ներկայ պահուն չարծարծելու եւ ատով իսկ պետական-հասարակական կեանքը անգամ մը եւս չալեկոծելու, ապա միջազգային հանրութեան մօտեցումները որոշ երանգներով կը տարբերին:

Այս օրակարգը հրատապ է միջազգային ընտանիքին համար. եւ եթէ չի քննակուիր «Հռոմ 2»-ի ընթացքին ուղղակիօրէն, ապա կը նախագծուի անոր անդրադարձումը Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան մշակումէն ետք: Աւելի ճիշդը կայ ակնկալութիւն, որ Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը կարենայ հանգուցալուծում բերել այս խնդիրին:

Ակնկալութիւնը քաղաքական տրամաբանութեան մէջ պայմանականութեան ենթաթեքսթը ունի. այլ խօսքով` միջազգային հսկայական աջակցութիւնը, ստանձնելիք խոստացուած  յանձնառութիւնները եւ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ իրականացուելիք ծրագիրները կ՛իրականանան, եթէ Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը համահունչ ամրագրումներ կատարէ միջազգային ընտանիքի ակնկալութիւններուն:

Այստեղ արդէն անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի մտաբերելու, որ արտաքին ներշնչանքներէ թելադրուած ներլիբանանեան լարուածութեան հերթական լարուածութեան  հանգուցալուծումներուն մէջ ինչ դերակատարութիւն ունեցած է իրանեան գործօնն ու անոր ազդեցութեան գօտիին մէջ գործող քաղաքական դաշտը` իր հերթին մերժելով եւ այլոց թելադրելով չներքաշուիլ բախումներու առաջնորդող ծուղակներու մէջ:

«Հռոմ 2»-ը առաջին հայեացքով միջազգային հզօր նեցուկի նախաբանը կը փոխանցէ Լիբանանին` կայունութեան ու զարգացման ուղիներու հեռանկար բանալով բռնկուած տարածաշրջանին մէջ յայտնուած խաղաղ կղզիին: Քաղաքական ընթերցումը տեսանելի կը դարձնէ սակայն պայմանական մօտեցումը այդ բոլորին:

«Ա.»

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Նիւթով Գիտաժողով` Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

Յաջորդը

Հայկական Պասքեթպոլ. Վաղը Կը Սկսին Կիսաւարտականի Հանդիպումները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.