Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 13 մարտին այցելած է Ուաշինկթընի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութիւն եւ հանդիպում ունեցած աշխատակիցներուն հետ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են կառոյցի աշխատանքներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահը կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներուն հետ փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնումն ու խորացումը` ընդգծելով, որ անոր համար ներկայացուցչութիւնը պէտք է շարունակէ իրականացնել ամէնօրեայ արհեստավարժ աշխատանք եւ յստակ յանձնարարականներ տայ այդ ուղղութեամբ:
13 մարտին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ուաշինկթընի մէջ նաեւ այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, հանդիպած Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանին եւ դիւանագիտական անձնակազմին հետ:
Քննարկուած են Միացեալ Նահանգներու եւ հայկական երկու պետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի սերտ համագործակցութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա կը հանդիսանայ նախատեսուած ծրագիրներու յաջող իրականացման առանցքային գործօններէն մէկը: