Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Նիւթով Գիտաժողով` Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

March 17, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

16 մարտին սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով հայութեան կրած նիւթական վնասները. «լքեալ գոյք» եւ հայրենազրկում» նիւթով գիտաժողովը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան  սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ողջունելով ներկաները` նախարարը  նշեց. «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման վերաբերեալ հազարաւոր քննարկումներ եղած են, բայց հազուադէպ  անդրադարձ կատարուած է հայ ժողովուրդի կրած նիւթական վնասներուն, կորսնցուցած գոյքին: Կատարելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրի պահանջները` գումարած ենք այս կլոր սեղան-քննարկումը, որ  կը վերաբերի ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման հարցերուն: Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայկական ունեցուածքի կորուստները ամրագրուած են 1919-1920 թուականներուն Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին ներկայացուած փաստաթուղթին մէջ: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր գիտնականներուն, փորձագէտներուն, հետազօտողներուն եւ յորդորել, որ շարունակեն իրենց ուսումնասիրութիւնները, որպէսզի անոնց շնորհիւ ամբողջական շտեմարան ստեղծուի»:

«Հատուցման հիմնախնդիրի պատմաիրաւական ձեւակերպման կարեւորութիւնը» թեմայով զեկուցում ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի  պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան: Ան  իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ պետական կառոյցը` սփիւռքի նախարարութիւնը, նախաձեռնած է նիւթին քննարկումը: Պատմաբանին կարծիքով` պետական մակարդակով խնդիրի հետազօտումը կ՛օգնէ  փոխելու հայու բարդոյթաւորուած տեսակը:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ «Ցեղասպանութեան հատուցման խնդիրները` համահայկական օրակարգի նիւթ» նիւթին: Ան անդրադարձաւ Սեւրի պայմանագիրին եւ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին եւ նշեց, որ հայկական հարցը ենթակայ է լուծման միջազգային իրաւունքի շրջագիծին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի խորհրդական Վլատիմիր Վարդանեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան նիւթական վնասներու հատուցման իրաւական հեռանկարները:

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան բաժինի վարիչ Արմէն Մարուքեան զեկուցում ներկայացուց «Հայոց ցեղասպանութեան նիւթական հետեւանքներու  յաղթահարման կառուցակարգերու եւ գործիքակազմի յստակեցման հարցի շուրջ» նիւթով:

Իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու, Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի համահիմնադիր Տարօն Սիմոնեան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան համար Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկելու հաւանական կառուցակարգերուն, նշեց նպատակին հասնելու յստակ ուղիները:

Հայաստանի ազգային արխիւի գիտահետազօտական աշխատանքներու բաժինի գլխաւոր արխիւագէտ Անահիտ Քոչարեան ներկայացուց «Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ հայ ժողովուրդի կրած նիւթական կորուստները որոշող քննիչ բիւրոյի գործունէութիւն»-ը: Ան պատմական անդրադարձ կատարեց կառոյցի աշխատանքի տարբեր ժամանակաշրջաններուն:

Թրքագէտ, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի աւագ գիտաշխատող Մելինէ Անումեան ներկայացուց «Լքեալ գոյքի հարցի արծարծումը` ըստ Երիտասարդ թուրքերու դատավարութիւններու փաստաթուղթերուն (1919-1921 թուականներ)» նիւթը, անդրադարձաւ այդ փաստաթուղթերու հիման վրայ կատարուած հետազօտութիւններու արդիւնքներուն:

«Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով հայութեան կրած նիւթական վնասները. «լքեալ գոյք» եւ հայրենազրկում» խորագիրով գիտաժողովի երկրորդ նիստը սկսաւ Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի համահիմնադիր Լեւոն Գէորգեանի «Հայոց ցեղասպանութեան համար Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատասխանատուութեան հիմնախնդիրներ. իրաւայաջորդութիւն եւ վերագրելիութիւն»  զեկուցումով: Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ Էդիկ Մինասեան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան մշակութային ժառանգութեան կորուստի հիմնախնդիրին, նշեց նաեւ, որ մշակութային ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, մասնաւորապէս Ազրպէյճանի տարածքին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի  աւագ գիտաշխատող Անուշ Յովհաննիսեան, հանդէս գալով «Հայոց «լքեալ գոյքի» թեման ներթրքական տրամախօսութեան մէջ» զեկուցումով, մանրամասն ներկայացուց վերջին տարիներուն Թուրքիոյ Հայոց ցեղասպանութեան, հայրենազրկման, լքեալ գոյքի նիւթով զարգացումները, գիտական շրջանակներու մէջ տարուող հակահայկական հետազօտութիւնները, նաեւ այն թուրք պատմաբաններու աշխատութիւնները, որոնց մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը չի կեղծուիր: Այնուհետեւ զեկուցումներով հանդէս եկան Մատենադարանի Արխիւային բաժինի աւագ գիտաշխատող Անահիտ Աստոյեանը («Հայերու ունեզրկումը Մեծ Եղեռնի տարիներուն»), Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի գիտաշխատող Անի Ոսկանեանը («Հայերու հողազրկման քաղաքականութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ /19-րդ դարու վերջ-20-րդ դարու սկիզբ/»), ՌՊՀՀ-ի Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան պատմութեան միջազգային գիտակրթական կեդրոնի վերլուծաբան Արմինէ Անտոնեանը («Անտոն Փափազեանի գոյքի բռնագրաւման մասին տեղեկութիւնները Ռուսիոյ պետական պատմական արխիւի փաստաթուղթերուն մէջ»):

Գիտաժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, տրուեցան առաջարկներ:

Ամփոփելով գիտաժողովը` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նկատել տուաւ, որ կազմակերպուածը բաւական հետաքրքրական էր եւ շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցողներուն առարկայական, կառուցողական ելոյթներուն  համար:

Լուսանկարները`
ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Նախորդը

Աւստրալիոյ Մէջ Սկսած Են Արա Յարութիւնեանի Աշխատանքային Հանդիպումները

Յաջորդը

Ակնարկ. «Հռոմ 2»-ի Պայմանական Աջակցութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.