Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Ռուսիոյ Դաշնութեան Խորհուրդի Միջազգային Հարցերու Կոմիտէի Նախագահը

Մարտ 15, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Ռուսիոյ Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի միջազգային հարցերու կոմիտէի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչովը, որ Հայաստան կը գտնուի Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբին հետ կոմիտէի միացեալ նիստեր ունենալու առիթով:

Ողջունելով հիւրը` հանրապետութեան նախագահը նշած է, թէ ուրախ է Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի շրջագիծին մէջ  հանդիպումէն եւ միջազգային անվտանգութեան արդիական խնդիրներու  շուրջ կարծիքներու փոխանակումէն քանի մը շաբաթ ետք կրկին հանդիպելու  Քոսաչովին եւ Երեւանի մէջ քննարկելու հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգի հարցերը: Նախագահ Սարգսեանի գնահատումով` հայ-ռուսական յարաբերութիւնները իւրայատուկ են բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ աշխուժ երկխօսութեամբ ու արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ բոլոր ոլորտներուն մէջ` տնտեսական, զինուորական, զինուորական արհեստագիտութեան եւ մարդասիրական:

Ընդգծելով, որ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի զինուորական  յարաբերութիւններու անընդհատ եւ հետեւողական ամրապնդումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է, հանրապետութեան նախագահը աւելցուցած է, որ Հայաստան կ՛ուզէ կառուցողական եւ փոխշահաւէտ համագործակցութիւն ծաւալել համարկումի բոլոր այն միաւորումներուն հետ, որոնք կարեւոր դեր կը խաղան շրջանին մէջ: Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն  յայտնած է Քոնսթանթին Քոսաչովին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ տարբեր հարթակներու վրայ  արտայայտած անոր առարկայական դիրքորոշումին համար:

Հայ-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման գործին մէջ նախագահ Սարգսեան մեծ դերակատարութիւն վերապահած է միջխորհրդարանական կապերուն եւ համոզում յայտնած, որ երկու երկիրներու խորհրդարանական յանձնախումբերու երեւանեան միացեալ նիստերը անցած են բարեկամութեան, կառուցողական մթնոլորտի մէջ, եւ ընդունուած որոշումները դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան միջպետական յարաբերութիւններուն վրայ:

Ռուսիոյ Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի միջազգային գործերու կոմիտէի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սարգսեանին ընդունելութեան համար եւ համակարծիք ըլլալով միջպետական յարաբերութիւններու մէջ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերակատարութեան վերաբերեալ նախագահի տեսակէտին, նշած է, որ իր երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ խորհրդարանականներու ցանկութիւնն ալ նոյնն է` պահպանել եւ զարգացնել առաւելագոյն աշխուժ, պարբերական, բաց եւ բովանդակալից շփումներ հայ գործընկերներու հետ: Ան  գոհունակութեամբ խօսած է նաեւ միջազգային խորհրդարանական կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ հայ եւ ռուս խորհրդարանականներու արդիւնաւէտ ու փոխադարձ աջակցութեան վրայ հիմնուած համագործակցութեան մասին:

«Ռուսիան Պիտի Չշարունակէ Ազրպէյճանին Նոյն Տարողութեամբ
Զէնքի Մատակարարումը, Որ Կար Մինչեւ Ապրիլ 2016» Կ՛ըսէ Քոսաչով

Միւս կողմէ, Քոնսթանթին Քոսաչով ընդգծած է, որ Ռուսիան պիտի չշարունակէ նոյն տարողութեամբ սպառազինութիւն մատակարարել Ազրպէյճանին, ինչպէս որ էր մինչեւ 2016-ի ապրիլեան պատերազմը: Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին Քոսաչով նշած է, որ Ռուսիան կը գործադրէ այն համաձայնագիրները, որոնք Ազրպէյճանի հետ կնքուած են մինչեւ ապրիլ 2016:

«Մենք պարտաւոր ենք ատիկա ընել համաձայնագիրներուն համապատասխան: Սակայն իմ ունեցած տեղեկութեանս համաձայն, ատիկա պիտի չըլլայ այն տարողութեամբ, որ կար ապրիլ 2016-ի դրութեամբ: Անկասկած, մենք կ՛արձագանգենգ իրավիճակին, որ տեղի ունեցաւ ապրիլ 2016-ին», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ըսած է Քոնսթանթին Քոսաչով:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ Ռուսիոյ նախագահը Չինաստան կատարած այցելութեան ընթացքին, մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ուքրանիոյ զէնքի մատակարարումը, անընդունելի նկատած էր հակամարտող երկրին զէնք վաճառելը, սակայն միեւնոյն ժամանակ Ռուսիան զէնք կը մատակարարէ Ազրպէյճանին, Քոսաչեւ ըսաւ. «Վլատիմիր Փութին խօսած է այն երկիրներուն մասին, ուր տագնապը թէժ փուլի մէջ է, ուր իսկապէս կը կրակեն, իսկ Ուքրանիոյ մէջ իսկապէս կը կրակեն: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, բարեբախտաբար, այս պահուս այդպիսի իրավիճակ չկայ»:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Կարապետեան. «Պիտի Ունենանք Տրամաբանական, Զարգացող Եւ Արդար Երկիր»

Յաջորդը

Խմբագրական. Հին Աշխատանք, Նոր Մօտեցում

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?