Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրալիոյ Մէջ Սկսած Են Արա Յարութիւնեանի Աշխատանքային Հանդիպումները

March 17, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատանքային այցելութեամբ Աւստրալիա գտնուող` Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 15 մարտին այցելած է Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարան:

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինին հաղորդումով`  պետական նախարարը հանդիպած է Հայաստան-Աւստրալիա բարեկամական խումբի անդամներուն եւ խումբը նախագահող, խորհրդարանի անդամ Ճոնաթան Օ՛Դեային:

Ա. Յարութիւնեանը հանդիպում ունեցած է աւստրալահայ խումբ մը գործարարներու հետ: Հանդիպումին ընթացքին ներկայացուած է «Արցախ Ռութս Ինվեսթմընթս» (ԱՌԻ) ընկերութեան իրականացուցած ծրագիրներու  առանձնայատկութիւններն ու յաջողութիւնները Արցախի վերաբնակեցուած շրջաններուն մէջ: Ան շեշտած է անցեալ ինը տարիներուն ընթացքին այդ ծրագիրներու նշանակութիւնը Արցախի տնտեսական աշխուժութեան եւ բնակչութեան կեանքի որակի բարելաւման առումով:

Սփիւռքահայ գործարարները Ա. Յարութիւնեանին յղած են ներկայացուած ծրագիրներու հետ կապուած շարք մը հարցումներ` ստանալով սպառիչ պատասխաններ: Հանդիպումի աւարտին կարգ մը  գործարարներ յայտնած են ԱՌԻ-ի բաժնետէր դառնալու իրենց ցանկութիւնը:

Ա. Յարութիւնեանը այնուհետեւ մասնակցած է Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան կողմէ` ի պատիւ  պետական նախարարի այցելութեան կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթին, որուն ներկայ էին աւստրալահայ համայնքի գրեթէ բոլոր քաղաքական եւ մշակութային կազմակերպութիւններէն աւելի քան 120 ներկայացուցիչներ:

Պետական նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է համայնքի ներկայացուցիչներուն հայրենիքէն հեռու հայկականութիւնը վառ պահելու եւ հայրենիքին մշտապէս սատար կանգնելու համար: Ան  ընդգծած է, որ տակաւին 90-ական թուականներէն աւստրալահայերը  իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը ունեցած են Արցախի ինչպէս մարդասիրական խնդիրներու լուծման, այնպէս ալ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ: Ա. Յարութիւնեանը, ի նշան երախտագիտութեան, արցախեան շարժման 30-ամեակի յուշամետալներով պարգեւատրած է Ստեփանակերտի «Նայիրի» պանդոկի հիմնադիր-համասեփականատէրեր աւստրալահայեր Յակոբ Ապոլաքեանը, Փոլ Մենծյակոբեանը, Միհրան Ապոլաքեանը, Կարօ Սէթեանը եւ Վարուժան Իսքանտարեանը: Օրուան աւարտին Ա. Յարութիւնեան այցելած է Նիւ Սաութ Ուէյլզի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, ուր հանդիպում ունեցած է պատուելի Գրիգոր Եմուշակեանի եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ա. Յարութիւնեան ներկայ գտնուած է նաեւ արցախցի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնի ցուցադրութեան:

Նշենք, որ պետական նախարարի քաղաքական հանդիպումները կազմակերպուած են ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայ դատի յանձնախումբի գործուն աջակցութեամբ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Ա. Յարութիւնեանին կ՛ընկերակցէր  Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան:

Պետական նախարարի աշխատանքային հանդիպումները Աւստրալիոյ մէջ կը շարունակուին:

 

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեանը Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ ՄԱԿ-ի Մնայուն Համակարգողին Հետ

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Նիւթով Գիտաժողով` Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.