Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջդպրոցական Մշակութային Օր` Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբին

March 19, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին շաբաթ, 17 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միջդպրոցական մշակութային օր: Սոյն նախաձեռնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու համար «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն մէկուն հետ: Ան նկատել տուաւ, որ այս տարի յոբելենական զանազան տարեդարձներու շարքին կը զուգադիպի նաեւ ԼԵՄ-ի 45-ամեակը, եւ այդ առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկներու շարքին առաջինն է սոյն նախաձեռնութիւնը: Ան ըսաւ, թէ ԼԵՄ-ը քաջատեղեակ է մեր արժէքներուն եւ այն միութիւնն է, որ իր բազմաբնոյթ եւ բազմաթիւ աշխատանքներու կողքին ջանք կը թափէ նաեւ յանուն արժէքներու պահպանման: Ան յայտնեց, որ մեր մշակոյթի պահպանումը կը սկսի մեր աշակերտներէն, եւ այդ պատճառով ալ իրենք կը փորձեն մօտենալ աշակերտներուն: «Մենք մշակութային բնոյթի ձեռնարկ մը կազմակերպեցինք, որպէսզի բոլորին ծանօթացնենք, որ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը տակաւին հետաքրքրուած է իր մշակոյթով եւ տակաւին կ՛ուզէ իր արժէքները պահպանել» շեշտեց ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամը:

Անդրադառնալով ձեռնարկին` ան բացատրեց, որ նախ եւ առաջ դիմած են բոլոր լիբանանահայ վարժարաններուն, որոնցմէ ութ վարժարան ընդառաջած է: Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին իւրաքանչիւր վարժարան վիճակաձգութեամբ  զատած է շրջան մը պատմական Հայաստանէն: Ան նկատել տուաւ, որ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբը այս չորս ամիսներուն ընթացքին մօտէն հետեւած է իւրաքանչիւր վարժարանի աշխատանքին: Այս ընթացքին երեք վարժարաններ հրաժարած են ձեռնարկին մասնակցելէ եւ մնացած են հինգ վարժարաններ. Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան, Ազգային միացեալ վարժարան, Հայ աւետարանական վարժարան (Այնճար), Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամը բացատրեց, որ սոյն նախաձեռնութեան առաջին փուլին իւրաքանչիւր վարժարան լուսանկար մը պատրաստած է իր ընտրած շրջանին մասին, եւ այդ նկարները տեղադրուած են ԼԵՄ-ի «Ֆէյսպուք»-ի պաշտօնական էջին վրայ: Անշուշտ այդ նկարներուն տակ տեղադրուած հաւանութեան նշանները ընդհանուր նիշէն համեմատութիւն մը պիտի կազմեն: Ան ըսաւ, որ երկրորդ փուլը բեմական ներկայացումն է, իսկ երրորդ փուլը կրպակներն են` աւելցնելով, որ այս փուլերը տեղի պիտի ունենան սոյն ձեռնարկին ընթացքին:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, ապա բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Քրիստ Բրուտեան: Ան ըսաւ, թէ ներկայիս համացանցը եւ արհեստագիտական բոլոր տեսակի յառաջդիմութիւնները մեզ կը հեռացնեն մեր արժէքներէն ու մշակոյթէն` աւելցնելով, որ ԼԵՄ-ը կարիք ունի հայ դպրոցին եւ աշակերտին աջակցութեան` միասնաբար պահելու համար հայկական արժէքները, դիմագիծը, նաեւ հայու ոգին իւրաքանչիւր հայ անհատի մէջ: Այս պատճառով ալ ան կազմակերպած է այս ձեռնարկը, որպէսզի իւրաքանչիւր մասնակից վերադառնայ իր պապենական արմատներուն` զայն անբաժան պահելու հայ կեանքէն ու մշակոյթէն:

Այնուհետեւ հերթաբար իւրաքանչիւր վարժարան 10-15 վայրկեան տեւողութեամբ ներկայացուց իր ընտրած շրջանի մշակոյթը երգով, պարով, թատրոնով, նուագով, տեսերիզով: Այսպէս, Ազգային միացեալ վարժարանը ներկայացուց Ջաւախքը, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանը` Խարբերդը, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը` Վանը, Հայ աւետարանական վարժարանը (Այնճար)` Համշէնը եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը` Ուրֆան:

3-րդ փուլը կրպակներն էին: Իւրաքանչիւր վարժարան սրահին մէջ կրպակ մը ունէր, ուր տեղադրած էր իր ընտրած շրջանի մշակոյթը ներկայացնող զանազան իրեր, ինչպէս` գորգեր, ուտելիքներ, ձեռային աշխատանքներ, աշխարհագրական եւ պատմական տուեալներ:

Ձեռնարկի ընթացքին դատական կազմը, որ բաղկացած էր Հրայր Գալեմքէրեանէ, Արազ Գոճայեանէ եւ Րաֆֆի Տեմիրճեանէ, հետեւեցաւ բեմական ներկայացումներուն, նաեւ շրջեցաւ կրպակները:

Գեղարուեստական բաժինով Սագօ Եագուպեան (երգ) եւ Սերուժ Խանճիհանեան (կիթառ) մեկնաբանեցին երգերու փունջ մը: Ներկայացուեցան նաեւ հայկական ժողովրդային պարեր:

Յայտնենք, որ սրահին մէկ անկիւնը տեղադրուած էին հայկական տարբեր տեսակի ճաշեր, որոնք տրամադրուած էին Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող հայկական ճաշարաններէ, եւ ամբողջ ձեռնարկի տեւողութեան ներկաները կարելիութիւնը ունէին ճաշակելու զանոնք:

Միջդպրոցական մշակութային օրուան ընթացքին առաջին հանդիսացաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը, երկրորդ` Ազգային միացեալ վարժարանը, երրորդ` Հայ աւետարանական վարժարանը (Այնճար), չորրորդ` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանը, իսկ հինգերորդ` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը:

Յայտնենք, որ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացող վարժարանները ստացան յուշանուէրներ եւ արժէքաւոր նուէրներ, իսկ բոլոր մասնակիցները ստացան յուշանուէրներ:

 

Նախորդը

Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբի Համերգ` Նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը Դարձեալ Օրհնեց Բազմահազար Ուխտաւորները

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.