Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեանը Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ ՄԱԿ-ի Մնայուն Համակարգողին Հետ

March 17, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

15 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան  հանդիպում ունեցած է  Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող, ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Շոմպի Շարփի հետ: Հանդիպումին մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Տմիթրի Մարիասինը, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի բնապահպանական ծրագիրներու համակարգող Արմէն Մարտիրոսեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարի  առաջին տեղակալ Էրիկ Գրիգորեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութեան աշխատակազմի միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Ռուզաննա Գրիգորեանը:

Նախարարը ողջունած է Շ. Շարփը նշանակման առիթով, շնորհակալութիւն յայտնած ՄԱԿ-ի բազմաթիւ ծրագիրներու իրականացման համար, նշած  համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման կարեւորութիւնը: Նոր նշանակուած պաշտօնեային նախարար Մինասեան ներկայացուցած է ոլորտին մէջ իրականացուող միացեալ աշխատանքները` յատկապէս նշելով, որ ծրագիրներուն մէջ լաւ արդիւնքներ արձանագրուած են, ան նաեւ հակիրճ անդրադարձած է նախարարութեան գործառոյթներուն եւ իրականացուող բարեփոխումներուն:

Իր կարգին,  Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող, ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Շոմպի Շարփ շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ նշած, որ արտաքին գործոց նախարարին հաւատարմագիրները յանձնելէ ետք ասիկա կառավարութեան ներկայացուցիչի հետ երկրորդ հանդիպումն է, որ նաեւ կարեւոր կը նկատէ  կառավարութեան հետ աշխատելու առաջնահերթութիւնը: Շնորհակալութիւն յայտնելով  նախարարին միացեալ աշխատանքներու ներկայացման համար` Շոմպի Շարփ անդրադարձած է նաեւ այն նախատեսուող ծրագիրներուն, որոնց ծիրին մէջ համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ կան:

Հանդիպման ընթացքին խօսուած է շարք մը ծրագիրներու մասին, մասնաւորապէս, անդրադարձ եղած է «Հայաստանի կլիմայի փոփոխութեան ազդեցութեան մեղմումը անտառային եւ դաշտային հրդեհներու կառավարման ներուժի զարգացման միջոցով» ծրագիրին, Կանաչ կլիմայի հիմնադրամի ֆինանսաւորումով իրականացուող ծրագիրներու ընթացքին, բնապահպանական յատուկ տարածքներու պահպանութեան, անտառային բարեփոխումներու ոլորտին մէջ համագործակցութեան կարելիութիւններուն եւ այլն: Պաշտօնեաները պայմանաւորուած են  առաւել յաճախակի դարձնել հանդիպումները` զանոնք նախաձեռնելով նաեւ բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներուն մէջ: Աւարտին կողմերը կրկին հաւաստած են համագործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու պատրաստակամութիւնը:

 

Նախորդը

Ներկայացուցիչներու Պալատի 37 Անդամ Միացած Է Արցախի Եւ Հայաստանի Համար 70 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութեան Կոչին

Յաջորդը

Աւստրալիոյ Մէջ Սկսած Են Արա Յարութիւնեանի Աշխատանքային Հանդիպումները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.