Գլխաւոր լուրեր

Հեռու մնացէք Եկեղեցին պառակտելու ազգակործան փորձերէն

Հեռու մնացէք Եկեղեցին պառակտելու ազգակործան փորձերէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Անցնող ամիսներուն, խոր մտահոգութեամբ հետեւեցանք Սուրբ Էջմիածինի շուրջ տեղի ունեցող մտահոգիչ զարգացումներուն: Զանազան առիթներով ու միջոցներով փորձեցինք հանդարտեցնել փոթորկալից կացութիւնը եւ փոխադարձ հասկացողութեան մղել` յատկապէս զգուշացնելով եկեղեցին պառակտելու առաջնորդող քայլերէ: Այսօր, փաստօրէն, կացութիւնը դարձած է աւելի վտանգալից` աննախատեսելի հետեւանքներով յղի: Սուրբ Էջմիածինի եւ ընդհանրապէս մեր եկեղեցւոյ ամբողջականութեան ու ներքին միութեան ամուր պահպանումը եւ զայն ներքին թէ արտաքին...

Իսա. «Բանակի Հրամանատարին Ուաշինկթըն  Այցելութեան Վերականգնման Համար  Հաղորդակցութիւններ Գոյութիւն Ունին»

Իսա. «Բանակի Հրամանատարին Ուաշինկթըն Այցելութեան Վերականգնման Համար Հաղորդակցութիւններ Գոյութիւն Ունին»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցով նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի Ուաշինկթըն այցելութեան վերականգնման համար հաղորդակցութիւններ գոյութիւն ունին: Դեսպանին կարծիքով, այդ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ: Անդրադառնալով «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովներուն` Իսա ըսաւ. «Առաջին ժողովէն խաղաղութեան հաստատում չէինք սպասեր, որովհետեւ կողմերը պէտք է հանդիպին,...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր  Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ

Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը ստանձնած Սլովենիոյ ՄԱԿ-ի մէջ ներկայացուցչութիւնը յայտարարեց, թէ Ապահովութեան խորհուրդը երեքշաբթի, 9 դեկտեմբերին շարք մը արեւմտեան պետութիւններու դիմումով պիտի գումարէ Ուքրանիոյ վերաբերեալ ժողով մը: Ներկայացուցչութիւնը նշեց, որ ժողովի գումարման դիմումը ներկայացուած է Դանիոյ, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Հարաւային Քորէայի եւ Բրիտանիոյ կողմէ, իսկ Սլովենիան միացած է այդ դիմումին: Ժողովը պիտի գումարուի Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 6:00-ին:...

Երեւանի Մէջ Հանդիսաւոր Արարողութիւն`  Նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Հիմնադրութեան 135-Ամեակին

Երեւանի Մէջ Հանդիսաւոր Արարողութիւն` Նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակին

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ, շաբաթ, 6 դեկտեմբերին, Երեւանի «Դուին» պանդոկի «Միուզիք հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն` նուիրուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին: Այս տարի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Յանուն հայի, յանուն պետութեան» կարգախօսին ներքեւ` ընդգծելով ՀՅԴ աշխարհայեացքը, գաղափարական հիմքերը եւ արժէքները: Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, կուսակցականներ, համակիրներ, քաղաքական...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Այնճարի  Հայկական Վարժարանները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Այնճարի Հայկական Վարժարանները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ` Ռեմոն Այվազեանի եւ Յովհաննէս Խօշեանի, շաբաթ, 6 դեկտեմբեր 2025-ին այցելեց Այնճարի Ազգային «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարան եւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան, ուր յաջորդաբար հանդիպեցաւ դպրոցներու տնօրէններ` Արմէն Թաշճեանի եւ վեր. Յակոբ Ագպաշարեանի հետ: Պալապանեան յայտնեց, որ այս այցելութիւնը կ՛իյնայ հայկական հաստատութիւններու եւ դպրոցներու այցելութիւններու...

Ընդունելով Վարչապետ Սալամը`  «Շուտով Լիբանանի Մէջ Աջակցութեան Յատկացուած  Նոր Ծրագիրներու Շարք Մը Պիտի Յայտարարենք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Իշխանը

Ընդունելով Վարչապետ Սալամը` «Շուտով Լիբանանի Մէջ Աջակցութեան Յատկացուած Նոր Ծրագիրներու Շարք Մը Պիտի Յայտարարենք» Կ՛ըսէ Քաթարի Իշխանը

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր Տոհայի ֆորումի բացման նիստէն ետք հանդիպում ունեցաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ: Քաթարի իշխանը հանդիպումի ընթացքին ընդգծեց, որ Քաթար կը շարունակէ Լիբանանին քաղաքական եւ տնտեսական աջակցութիւն ցուցաբերել` նշելով, որ Տոհա շուտով Լիբանանի աջակցութեան յատկացուած նոր ծրագիրներու շարք մը պիտի յայտարարէ: Վարչապետ Սալամ իր կարգին իր գնահատանքը արտայայտեց Քաթարի Լիբանանին տրամադրած շարունակուող,...

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի.  Ռուսիա-Ուքրանիա Տագնապը Կը Մօտենայ  Հաւանական Շրջադարձային Կէտի` Եւրոպայի  Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Գոյութիւն Ունեցող  Պառակտման Պայմաններուն Մէջ

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Ռուսիա-Ուքրանիա Տագնապը Կը Մօտենայ Հաւանական Շրջադարձային Կէտի` Եւրոպայի Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Գոյութիւն Ունեցող Պառակտման Պայմաններուն Մէջ

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ տագնապը կը մօտենայ հաւանական շրջադարձային կէտին` Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյութիւն ունեցող պառակտման պայմաններուն մէջ: Այս մասին կը գրէ «Պլումպըրկ»: Լրատու գործակալութեան տուեալներով` եւրոպացի ղեկավարները մտահոգուած են Ռուսիոյ հետ միասնաբար մշակուած խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցելու Միացեալ Նահանգներու փորձերով, ինչ որ խաթարած է Սպիտակ տան նկատմամբ վստահութիւնը եւ յառաջացուցած «գոյութենական հարցեր». Եւրոպան պիտի կարենայ պաշտպանուիլ, եթէ ՕԹԱՆ-ը...

«Մեր Տունը» Հատորին Ներկայացումը`  Լիբանանահայ Գրասէր Խաւի Լսարանին

«Մեր Տունը» Հատորին Ներկայացումը` Լիբանանահայ Գրասէր Խաւի Լսարանին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի, ուրբաթ, 5 դեկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը» գիրքին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ լիբանանահայ գրասէր լսարանի: Յայտնենք, որ այս հատորի եւ իր հեղինակին արժեւորման համար յատկապէս Լիբանան ժամանած էին Ֆրանսայի թեմի նախկին առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, Հայաստանի Հանրապետութենէն սփիւռքի հիմնադիր նախարար դոկտ....

Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են  Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»

Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»

Երեւանի մէջ խախտած են բարոյագիտութեան արժեչափերը` հրապարակելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքային փաստաթուղթերը եւ համանախագահող երկիրներու ղեկավարներու նամակագրութիւնները` առանց համաձայնեցնելու շահագրգիռ կողմերուն հետ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը: «Եթէ անոնք ատիկա արդէն ըրած են, ապա այդ փաստաթուղթերը կը շեղին Երեւանի մէջ յառաջ մղուող թեզերէն: ԵԱՀԿ-ի եւ ՄԱԿ-ի փաստաթուղթերը յստակ կ՛ապացուցեն, որ 3 տասնամեակ շարունակ Ռուսիան, իբրեւ համանախագահող...

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան  Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առտու Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը: Նախագահը պատուիրակութեան յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու է միջազգային որոշումներու գործադրութեան: Ան կոչ ուղղեց իր առաքելութեան ամբողջացման մէջ աջակցելու լիբանանեան բանակին` մատնանշելով ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ բոլոր մակարդակներուն վրայ աշխատանքն ու զինադադարի հսկողութեան «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին հետ համակարգումը: «Կարիքը ունինք իսրայէլեան կողմը մղելու, որպէսզի գործադրէ զինադադարն ու հեռացումը, եւ...

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ  Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս նշեց. «Սպիտակ տունը յուսախաբ կը զգայ Ուքրանիոյ տագնապի լուծման գործարքի չհասնելու պատճառով»: Վանս ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով իբրեւ փոխնախագահ իրեն ամէնէն շատ յուսախաբութիւն պատճառող հարցի մասին հարցումի մը, նշեց. «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ կացութիւնը կը կարծեմ ամբողջ Սպիտակ տան համար դարձաւ տեւական յուսախաբութեան աղբիւր»: «Իրապէս կը կարծէինք, եւ Միացեալ Նահանգներու...

Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր  Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց

Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը հրապարակեց նոր ռազմավարութիւն մը, որուն համաձայն երկիրը իր միջազգային դերակատարութենէն պիտի անցնի Հարաւային Ամերիկայի եւ ներգաղթի դէմ պայքարին վրայ յաւելեալ կեդրոնացման: Ուրբաթ առաւօտեան հրապարակուած ռազմավարութիւնը կը բովանդակէ խոստում մը` «աշխարհի վրայ մեր զինուորական ներկայութիւնը բարեփոխման ենթարկելու` կարգաւորելու համար մեր կիսագունդին յատուկ հրատապ սպառնալիքները եւ հեռանալու բեմերէ, որոնց ամերիկեան ազգային անվտանգութեան համար կարեւորութիւնը անցնող տասնամեակներուն...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն  Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան  Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը

Թրամփ կը նախատեսէ Ս. Ծնունդէն առաջ յայտարարել, որ Կազայի խաղաղութեան հոլովոյթը կը մտնէ իր երկրորդ փուլ, ինչպէս նաեւ ներկայացնել շրջանի կառավարման նոր կառուցուածքը: Այս մասին հաղորդեց «Աքսիոս»-ը` յղում կատարելով ամերիկացի երկու պաշտօնատարներու եւ հոլովոյթին անմիջականօրէն մասնակից արեւմտեան աղբիւրի մը: Համաձայնագիրի երկրորդ փուլը կը նախատեսէ իսրայէլեան զօրքերու հիմնական մասի դուրսբերումը Կազայէն, միջազգային կայունացման ուժերու ներդրում եւ նոր կառավարման կառուցուածքի մեկնարկ: Այս...

Ակնարկ.  Տնտեսական Եւ Անվտանգային Գօտիներ

Ակնարկ. Տնտեսական Եւ Անվտանգային Գօտիներ

Լիբանանի մէջ յառաջիկայ զարգացումներուն մասին կան հակոտնեայ տեղեկութիւններ: Լրատուական հաղորդագրութիւնները երբեմն պաշտօնական, այլ պահերու` անպաշտօն, կ՛ուզէին փոխանցել, որ զէնքի մենաշնորհումի պայմանաժամի օղակը սկսած է սեղմուիլ: Թել Աւիւ նոյնիսկ պայմանաժամ կը ճշդէր Նոր տարին եւ կը յայտնէր, որ եթէ զինաթափումը մինչ այդ տեղի չունենայ, ապա Իսրայէլ պիտի դիմէ բռնի ուժի կիրարկումին: Զէնքի մենաշնորհումը չիրականանալու պարագային նոյնը կը հաստատէր Ուաշինկթընը: Բոլոր ակնկալութիւնները...

Ընկերվար Միջազգայնականը Ընդունած Է  Արցախի Վերաբերեալ Բանաձեւ

Ընկերվար Միջազգայնականը Ընդունած Է Արցախի Վերաբերեալ Բանաձեւ

28-30 նոյեմբերին Մալթայի մէջ, իշխող «Փարթիթ Լապուրիսթա» կուսակցութեան հիւրընկալումով, Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը գումարած է խորհուրդի նիստեր: Նախքան Խորհուրդի նիստը, կազմակերպութեան շարք մը կոմիտէներ, ինչպէս նաեւ նախագահութիւնը կայացուցած են ժողովներ: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ներկայացնող Մարիօ Նալպանտեանը մասնակցած է խորհուրդի եւ կազմակերպութեան ֆինանսական եւ վարչական կոմիտէի նիստերուն եւ, իբրեւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, Նախագահութեան նիստին եւ պաշտօնական ընթրիքին: Համաժողովին կը մասնակցէին տարբեր երկիրներու...

Բագրատունի. «Վերջին 5 Տարիներուն Ընթացքին  Ամէնէն Վատ Ճգնաժամն Է, Որ Կ՛ապրինք»

Բագրատունի. «Լիբանանահայերը Եկեղեցւոյ Եւ Վեհափառի Կողքին Են»

«Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կը փորձէ երկիրը ապակայունացման տանիլ», այս մասին «Ալֆա Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի: Ըստ Բագրատունիի, Լիբանանի հայ համայնքին համար եկեղեցին այն խորհրդանիշն է, որ պահած է, կը պահէ եւ կը շարունակէ պահել ժողովուրդը: «Լիբանանահայութեան մէջ այս արշաւին կողմ մարդիկ չկան, կրնան ըլլալ անհատներ, որոնք ինչ-ինչ գաղափարական իմաստով կողմ...

Փափազեան. «Սփիւռքը Չ՛օժանդակեր  Եկեղեցւոյ Դէմ Փաշինեանի Արշաւին»

Փափազեան. «Սփիւռքը Չ՛օժանդակեր Եկեղեցւոյ Դէմ Փաշինեանի Արշաւին»

«Սփիւռքի մէջ բոլորը կը քննադատեն եւ կը դատապարտեն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ տարուող արշաւը, այս մասին «Ալֆա նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան: «Ես չիմացայ, չհանդիպեցայ, չլսեցի գէթ մէկ կազմակերպութիւն, որ կ՛օժանդակէ այս արշաւին: Յստակ է, որ Փաշինեանի` եկեղեցւոյ դէմ արշաւը սփիւռքի մէջ չ՛ընդունուիր: Բոլորը կը քննադատեն ու կը...

Ամալ Շարժումի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Ամալ Շարժումի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2025-ին ընդունեց Ամալ շարժումի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան: Ամալ շարժումի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեսփոխան Մուսթաֆա Խաուաժա եւ կարգ մը պատասխանատու անդամներ:...

Նիկոլ Աղբալեանի Ծննդեան 150-Ամեակին  Նուիրուած Արժանավայել Հանդիսութիւն

Նիկոլ Աղբալեանի Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած Արժանավայել Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2025-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած արժանավայել հանդիսութիւն: Հանդիսութեան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Սագօ Եագուպեան: Օրուան առաջին պատգամը ուղղեց գրող եւ կրթական մշակ Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան, իսկ երկրորդ պատգամախօսն էր Հայաստանէն Լիբանան հրաւիրուած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ եւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Գեղամ...

Page 57 of 795 1 … 56 57 58 … 795

Արխիւներ