Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ Իրանի դէմ զինուորական գործողութենէ խուսափիլ` նշելով, որ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան մը շուրջ դարձեալ բանակցութիւններ վարելը չէ բացառած:

«Առաջին նստաշրջանիս բանակը կառուցեցի, եւ այժմ ունինք խումբ մը մարտանաւեր, որոնք կ՛ուղղուին վայր մը, որ Իրան կը կոչուի, եւ կը յուսամ զանոնք օգտագործելու չենք ստիպուիր», ըսաւ Թրամփ:

Անդրադառնալով Թեհրանի հետ հաւանական բանակցութիւններուն` Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց. «Ատիկա նախապէս ըրի, եւ ատիկա կը ծրագրեմ: Այո՛, ունինք բազմաթիւ շատ մեծ եւ շատ հզօր նաւեր, որոնք դէպի Իրան կը նաւարկեն, եւ հոյակապ պիտի ըլլայ, եթէ չստիպուինք զանոնք օգտագործել»:

«Ես վերջին օրերուն Իրանի հետ բանակցութիւններ ունեցած եմ եւ կը ծրագրեմ զանոնք շարունակել», նշեց Թրամփ:

Պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնեցին, թէ Իրանի վերաբերեալ ընտրանքները այլեւս աւելի շատ են, քան անոնք, որոնք Միացեալ Նահանգներու նախագահը երկու շաբաթ առաջ կը սերտէր:

Օրաթերթը նշեց, թէ վերջին օրերուն Թրամփին ներկայացուած են Իրանի դէմ զինուորական հաւանական ընտրանքներու ընդլայնուած ընտրանքներ, որոնց նպատակը իրանեան հիւլէական եւ հրթիռային կառոյցներուն վնասներ պատճառելն է:

Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ առաջարկուած ընտրանքները նաեւ կը ձգտին տկարացնել Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին եւ նման են նախապէս Վենեզուելայի դէմ օգտագործուած մօտեցումին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահին մօտիկ աղբիւրներ բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթին յայտնեցին. «Տանըլտ Թրամփ հաստատեց, թէ զինուորական գործողութեամբ սպառնալը Թեհրանը բանակցելու մղելու համար ճնշում բանեցնելու համար էր»` նշելով. «Թրամփ տակաւին Իրանի հետ դիւանագիտական լուծումի հասնելուն նկատմամբ դրական տրամադրուած է»:

Օրաթերթը նաեւ նշեց. «Թրամփին զինուորական ընտրանքներու ցուցակ մը տրամադրուեցաւ»:

 

Նախորդը

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

Յաջորդը

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.