Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտարարեց. «Պատրաստ ենք Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցելու, եթէ բանակցութիւնները անկեղծ եւ իսկական ըլլան»:
Քալիպաֆ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Յարձակումի ենթարկուելու պարագային Իրան պիտի հակադարձէ, եւ ամերիկացի հազարաւոր զինուորներ պիտի վտանգուին»:
«Հակառակ բանակցութիւններուն նկատմամբ դրական տրամադրուած ըլլալուն, Թեհրան չի կարծեր, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ձգտածը այսպիսի երկխօսութիւն է: Ան միայն կ՛ուզէ իր կամքը ուրիշներուն վրայ պարտադրել», աւելցուց ան:
Անդրադառնալով շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերու կուտակման` Քալիպաֆ Ուաշինկթընը զգուշացուց, թէ Իրան պիտի հակադարձէ յարձակումի մը, «ինչ որ հազարաւոր ամերիկացի զինուորներ պիտի վտանգէ»:
«Թրամփ թերեւս կրնայ պատերազմ մը սկսիլ, սակայն անոր աւարտին վրայ վերահսկողութիւն չունի», շեշտեց Իրանի խորհրդարանի նախագահը:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Շամխանի իր կարգին «Էքս»-ի վրայ գրեց, թէ Իրան Միացեալ Նահանգներու որեւէ յարձակողական գործողութիւն իբրեւ լայնածաւալ պատերազմի սկիզբ պիտի դիտարկէ եւ անյապաղ պիտի արձագանգէ:
«Սահմանափակ հարուածը պատրանք է: Միացեալ Նահանգներու որեւէ կէտէ, որեւէ մակարդակով որեւէ զինուորական գործողութիւն պիտի նկատուի պատերազմի սկիզբ, եւ պատասխան քայլերը անյապաղ պիտի ըլլան: Իրանի պատասխանը պիտի ուղղուի թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ ալ Իսրայէլի, ինչպէս նաեւ այս յարձակումին աջակցող որեւէ երկրի դէմ», աւելցուց Շամխանի:
«Նիւ Եորք Թայմզ». «Իրանի Հետ Բանակցութիւնները
Անելի Մատնուեցան. Թեհրան Չ՛ուզեր Թրամփի Առջեւ Զիջիլ»
«Նիւ Եորք Թայմզ» հաղորդեց, որ Իրանի շուրջ լարուածութիւնները մեղմացնելու բանակցութիւնները անցեալ շաբաթ որեւէ յառաջընթաց չեն արձանագրած, որովհետեւ Թեհրան կը շարունակէ մերժել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պահանջներուն ընդառաջել:
«Բանակցութիւնները անցեալ շաբթուան ընթացքին որեւէ յառաջընթաց չարձանագրեցին, ինչպէս պաշտօնատարները հաղորդեցին, եւ չկայ որեւէ ցուցանիշ, թէ Իրան մտադիր է ընդառաջել Թրամփի պահանջներուն», նշեց ազդեցիկ օրաթերթը:
Ամերիկացի եւ եւրոպացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ զինուորական քայլերու հաւանական որդեգրումը կանխարգիլելու նպատակով Իրանին փոխանցուած են երեք պահանջներ` ամբողջովին եւ վերջնականապէս հրաժարելու երկրի բոլոր կառոյցներուն մէջ իւրանիոմի հարստացումէն, հեռահար թեւաւոր հրթիռներու հասողութեան ու թիւի սահմանափակում, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ գործակատարներու տրամադրուող որեւէ աջակցութեան դադրեցում:
Աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին. «Թրամփ Կը Մտածէ Իրանին
Իր Պահանջներու Ընդունման Յանգեցնող
Վճռական Հարուած Մը Հասցնելու Մասին»
Աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ Իրանի հիւլէական ծրագիրի եւ թեւաւոր հրթիռներու արտադրութեան վերջ տալու նախնական բանակցութիւններու ձախողութենէն ետք կը մտածէ Իրանին մեծ հարուած մը հասցնելու մասին:
Աղբիւրները նշած են, որ Սպիտակ տան ղեկավարին ներկայիս սերտած ընտրանքները կը ներառեն ամերիկեան օդային յարձակումներ, որոնք կը թիրախաւորեն իրանցի ղեկավարներն ու ապահովական պատասխանատուները, որոնք կը կարծուին պատասխանատու ըլլալ սպանութեան գործողութիւններու, ինչպէս նաեւ օդային հարուածներ հիւլէական կառոյցներու եւ կառավարական հաստատութիւններու դէմ:
Աղբիւրները աւելցուցած են, թէ Թրամփ տակաւին վերջնական որոշում չէ տուած, սակայն կը կարծէ, թէ այս ամսուան սկիզբը շրջանին մէջ օդանաւակիրի գոյութեամբ իր զինուորական ընտրանքները ընդլայնուած են:
Աղբիւրները «Սի.Էն.Էն.»-ին նաեւ յայտնած են, թէ երկու երկիրները այս ամսուան ընթացքին օմանցի դիւանագէտներու ճամբով ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի միջեւ պատգամներ կը փոխանակէին ամերիկեան յարձակում մը կանխարգիլելու համար հաւանական ժողովի գումարման շուրջ:
Աղբիւր մը նշած է, որ դէմ առ դէմ ժողով մը գումարելու կարճատեւ քննարկում մը տեղի ունեցած է, սակայն այդ նպատակը չէ իրագործուած:
Աղբիւրները «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, որ տարակարծութեան մեծագոյն կէտը Միացեալ Նահանգներու պահանջն է, որ Իրան սահմանափակէ հասողութիւնը իր հեռահաս թեւաւոր հրթիռներուն, որոնք մեծապէս կը մտահոգեն Իսրայէլը, որ 12-օրեայ պատերազմի ընթացքին սպառեց իր հակաօդային հրթիռներու պահեստի մեծ մասը:
Քրեմլին. «Իրանեան Թղթածրարին Շուրջ Արդիւնաւէտ
Բանակցութիւններ Վարելու Կարելիութիւնը Տակաւին Չէ Սպառած»
Քրեմլին յայտնեց. «Իրանեան թղթածրարին շուրջ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ վարելու կարելիութիւնը տակաւին չէ սպառած»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ զգուշացուցած էր, թէ զինուորական հարուածէ մը խուսափելու համար «ժամանակը կը սպառի, ատիկա իսկապէս կարեւոր է»:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Կը շարունակենք բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի կոչ ուղղել եւ կը յորդորենք այս տարակարծութեան կարգաւորման համար ուժի կիրարկումէն ետ կանգնելու»:
«Ուժի որեւէ կիրարկում միայն շրջանին մէջ քաոսի ստեղծման պիտի յանգեցնէ, եւ չափազանց վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ», նշեց Փեսքով:


