Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու հայ համայնքին վերաբերող հարցեր:
Նախագահը ծանօթացաւ երանելի Կոմիտաս քհնյ. Քէօմիւրճեանի սրբադասման թղթածրարին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ ծառայ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի երանելի յայտարարման համար ընթացող աշխատանքներուն:
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. բարձր գնահատած է նախագահ Աունի` անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման եւ տարիներու բացակայութենէ ետք արտասահմանի մէջ լիբանանեան ներկայութեան վերականգնման ջանքերը:


