Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի:
Նիստի աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը հաւանութիւն տուած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սուրիացի դատապարտեալներ Սուրիա տեղափոխելու շուրջ համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ նշանակուած է Կարծր թափօններու կառավարման ազգային մարմինի վարչական խորհուրդը:
Նախագահ Աուն նիստի ընթացքին յայտնած է, որ սահմանադրութեան կիրարկման մէջ բացեր գոյութիւն ունին, եւ յանձնախումբի մը պարտականութիւն տուած է զանոնք յայտնաբերել եւ անոնց լուծման կարելիութիւնները գտնել:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին յայտնած է, թէ անհրաժեշտ է լոյս սփռել կառավարութեան սուրիացի գաղթականներու տունդարձի թղթածրարին մէջ արձանագրուած յաջողութեան վրայ, եւ այս ծիրին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Քաթարին` գաղթականները իրենց երկիր վերադառնալու քաջալերելուն համար:


