ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես պաշտպանեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի դերակատարութիւնը` զայն նկատելով աշխարհի մը մէջ, ուր «անտառի օրէնքը» կը տիրէ, խաղաղութեան առնչուող որոշումներ պարտադրելու «միակ» լիազօր մարմինը:
«Ամբողջ աշխարհի վրայ օրէնքի գերակայութիւնը կը փոխարինուի անտառի օրէնքով: Մենք ականատես կը դառնանք միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտումներու եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նկատմամբ ակնյայտ արհամարհանքի», նշեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:
«Կազայէն Ուքրանիա, եւ աշխարհի բոլոր կողմերուն մէջ, օրէնքի գերակայութիւնը ընտրովի կը նկատուի», աւելցուց ան` նշելով, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը կ՛արգիլէ «ուժի կիրարկման սպառնալիքը կամ կիրարկումը», եւ «նոյն կանոնները կը պարտադրէ բոլոր պետութիւններուն` մեծերուն եւ փոքրերուն»:
Կութիերես բացայայտ կերպով չնշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ստեղծած Խաղաղութեան խորհուրդը, որ ՄԱԿ-ին մրցակից կը նկատուի, սակայն շեշտեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի պատասխանատուութեան «մենաշնորհը»:
«Այնպիսի պահու, երբ նախաձեռնութիւնները հետզհետէ կ՛աւելնան… կանոնադրութեան հիմամբ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն մէջ անդամ բոլոր պետութիւններուն փոխարէն վարուելու լիազօրութեան միակ տէրը» Ապահովութեան խորհուրդն է, նշեց ան:
«Ոչ մէկ այլ մարմին կամ ժամանակաւոր դաշինք կրնայ անդամ բոլոր պետութիւններուն իրաւականօրէն ստիպել յարգել խաղաղութեան եւ անվտանգութեան առնչուող որոշումները», աւելցուց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը` նշելով, որ խորհուրդը միակ կողմն է, որ ունի ուժի կիրարկման արտօնութիւն տալու լիազօրութիւնը:


