Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրանդ Մարգարեան. «Անհրաժեշտ Են Հիմնական Փոփոխութիւններ»

April 21, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Օրակարգից դուրս» հաղորդաշարը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն` ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետ ընտրութեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, անդրադառնալով ժողովրդային շարժումին, ըսած է. «Ժողովուրդին մէկ մասը փողոց ելած է եւ ատիկա վկայութիւնն է այն բանի, որ երկրին մէջ առկայ են դժգոհութիւններ: Մենք գիտենք, որ դժգոհութիւններ կան: Այդ դժգոհութիւնները վերացնելու առումով, մենք արդէն նախաձեռնութիւններ ունէինք, նոյնիսկ անոր հետ կապուած դիմած էինք համագործակցութեան` Հանրապետական կուսակցութեան հետ եւ ստորագրած համապատասխան համաձայնագիր, միասին աշխատելու, այդ պատճառները վերացնելու համար: Ասիկա առաջին փաստն է, որ կ՛արձանագրուի:

Երկրորդ փաստը այն է, որ մեր ճիգն ու ջանքը բաւարար արդիւնք չէին տուած, դանդաղ էր ընթացքը եւ ատիկա պատճառ դարձաւ, որ ժողովուրդը առիթը  օգտագործէ ընտրութիւններու հարցով եւ դուրս գայ փողոց: Մինչեւ այստեղ դրական է: Այն, որ փողոցին մէջ չկան բախումներ, տհաճ երեւոյթներ, ժողովուրդը իր պարզ բողոքն ու դժգոհութիւն կ՛արտայայտէ, դրական է: Հարցը այն է, որ մենք կարենանք այս բոլորէն դրական եզրայանգումներ կատարել: Շատ անգամներ ատիկա տեսած ենք Հայաստանի մէջ. Ստեփան Դեմիրճեանը, Րաֆֆի Յովհաննիսեանը, Սասնայ ծռերը® Ամէն անգամ Դաշնակցութիւնը հրապարակ իջած է միջնորդութիւններով, որ կարենայ ստեղծուած վիճակը օգտագործել երկրին մէջ հիմնական հարցեր լուծելու համար: Յաճախ ուժերը առաջնորդուած են ամէն ինչ կամ ոչինչ սկզբունքով եւ անոնց ոչ մէկ կողմը անկէ շահած է: Այս անգամ, յոյս ունիմ, որ Դաշնակցութեան երկխօսութեան, բանավէճի նախաձեռնութիւնը, հարթակ ստեղծելու` արդիւնք կ’ունենայ, որուն մասին նշուած է նաեւ մեր յայտարարութեան մէջ: Փաստ է, որ մենք կրնանք այսօր, այս ստեղծուած իրավիճակին մէջ ամէնէն ճիշդ արդիւնքը քաղել:

Արդէն հրապարակուած է մեր յայտարարութիւնը, մենք սկսած ենք խօսիլ բոլոր ուժերուն հետ, որպէսզի բոլորին համոզենք, որ այդ հարթակին շուրջ, ուր  համախորհուրդ պէտք է որոշում կայացուի, պէտք է բոլոր հարցերը քննութեան նիւթ դառնան: Յոյս ունիմ, որ մենք կը յաջողինք եւ այս վիճակը, որ ստեղծուած է դուրսը, անկէ կարենանք առաւելագոյն օգուտ քաղել: Հարցը այն է, որ մեր երկիրը շատ նուրբ իրավիճակի մէջ է, արտաքին սպառնալիքը իրական սպառնալիք է եւ ամէն վայրկեան կրնայ վերածուիլ իրական վտանգի: Մեր երկիրը դիւրաբեկ է, այդ պատճառով ալ բոլորս պէտք է շատ զգուշ ըլլանք: Պէտք է հասկնանք, որ մեր երկիրը, մեր ժողովուրդը մեղք են: Պէտք չէ թոյլ տանք, որ այս ամէնը սխալ ուղղութեամբ ընթանայ, երկիրն ու ժողովրդին տանի տկարացման: Ընդհակառակն, այս ամէնը պէտք է տանինք մէկ ուղիով, որմէ  երկիրն ու ժողովուրդը հզօրացած, ուժեղացած դուրս կու գան: Այս է մեր առաջարկը: Դժգոհութեան պատճառները պէտք է վերացուին, պէտք է հիմնական փոփոխութիւններ կատարուին:

Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կու տանք հետագային:

 

 

Նախորդը

Ամենայն Հայոց Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետները Հանդիպումներ Ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին Եւ Վարչապետին Հետ

Յաջորդը

Խմբագրական. Այսօրուան Առաջադրանքին Սահմանդրական Հիմքը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.