«Ակունք» կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող մը տեղադրուած է Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ:
Գերմանական «Տէօչը Վելլէ» կայանը կը տեղեկացնէ, թէ յուշակոթողին բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 15 ապրիլին: Անիկա 1,5 մեթր բարձրութեամբ պողպատեայ քանդակ մըն է, որուն եռանկիւն բրգաձեւ կառոյցին վրայ տեղադրուած է պրոնզէ նուռ մը:
Յուշակոթողին հեղինակներն են Քէօլնէն քանդակագործներ Շթեֆանքայզեր եւ Մաքս Շուլց:
Յուշարձանին վրայ չորս լեզուներով` հայերէնով, անգլերէնով, գերմաներէնով եւ թրքերէնով, զետեղուած է հետեւեալ գրութիւնը. «Այս ցաւը կը յուզէ մեզմէ իւրաքանչիւրը»:



