Հրանդ Մարգարեան. «Յանուն Երկրին Ու Ժողովուրդին Զիջիլը Պէտք Է Բոլորին Համոզումը Դառնայ, Որպէսզի Կարելի Ըլլայ Հանգուցալուծումը»
Օրեր տեւած ժողովրդային բողոքի շարժումներէն ետք, երէկ վերջապէս մեկնարկը տրուեցաւ կացութեան հանգուցալուծման: Այս տեղաշարժին առումով իր դրական ազդեցութիւնը ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնը` իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութեան հարթակ ստեղծելու առումով:
Հանգուցալուծման համար տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն ծիրին մէջ, վարչապետ Սերժ Սարգսեան հրաժարեցաւ, իսկ Ազգային ժողովի երեք ընդդիմադիր պատգամաւորները ազատ արձակուեցան: Ազդանշան տրուեցաւ Հայաստանի ժամանակակից պատմութեան նոր փուլի սկզբնաւորութիւնը:
Ուսանողները Դասադուլ Գործադրեցին
Երէկ առաւօտեան Երեւանի մէջ գործադրուեցան գործադուլեր եւ դասադուլեր: Կրթական գրեթէ բոլոր հաստատութիւններուն` Երեւանի պետական համալսարանի, Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի, Ամերիկեան համալսարանի, Մանկավարժական եւ Բժշկական համալսարաններուն ուսանողները ուղղուեցան փողոց` միանալով ցուցարար-ուսանողներուն, որոնց երթը առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն իսկ հասած էր Ֆրանսայի հրապարակ:
Վիգէն Սարգսեան. «Իբրեւ Նախարար Պարտաւոր Եմ Հոգալ Իմ Անչափահաս
Երեխաներուս Անվտանգութեան Եւ Կրթութիւն Ստանալու Հարցերը»
Անդրադառնալով վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանական ժողովրդավարութեան համար այդքան ալ լաւ չէ, երբ ազատ կամքի արտայայտութեան եւ ժողովրդավարական ազատութիւններ օգտագործելու իրաւունքը հակասութեան մէջ կը մտնէ օրէնքի պաշտպանութեան այլ բաղադրիչներու հետ, եւ այդ հոլովոյթին մէջ ստիպուած կը սկսին ներգրաւուիլ իրաւապահները:
«Իրականութեան մէջ կը նկատեմ, որ անիկա աւանդութեան եւ ժամանակի հարց է, որ խորհրդարանական ձայն ունեցող ընդդիմութիւնը եւ փողոցային պայքարի միակ լծակ ունեցող ընդդիմութիւնը ժամանակի ընթացքին սկսի իրարմէ տարբերիլ, որովհետեւ խորհրդարանական ընդդիմութեան հրաշքը այդ իրականութեան մէջ կը գտնուի: Այս ընդդիմութիւնը, որ ստացած է ժողովուրդի քուէն եւ խորհրդարանին մէջ ունի ներկայացուածութիւն, ունի խնդիրները լուծելու այլ գործիքակազմ, քան այն ընդդիմութիւնը, որ չունի այդ կարելիութիւնը եւ ստիպուած է դիմել փողոցի ընտրանքին», ըսաւ Սարգսեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինք իր զաւակներուն կ՛արտօնէ՞ նման շարժումներու մասնակցիլ, Սարգսեան ըսաւ, որ ինք ընդհանրապէս կը խուսափի իր անձնական կեանքը հանրայնացնելէ, սակայն նկատի ունենալով, որ հարցումը ուղղակի է, ապա ինք յստակ պատասխան կու տայ. «Ո՛չ, ես իմ զաւակներուս չէի թոյլատրեր, որովհետեւ անոնք անչափահաս են: Իբրեւ ծնողք ես պէտք է հոգամ երկու հարց. անոնց անվտանգութեան ու կրթութեան կարելիութիւնը: Չափահաս դառնալէ ետք, իրենք կ՛որոշեն իրենց ընթացքը»:
Սարգսեան աւելցուց նաեւ, որ ինք ամէն վայրկեան կ՛աղօթէ, որ փողոցներուն մէջ արձանագրուող խցանումներուն պարագային ոեւէ մէկուն ջիղերը տեղի չտան եւ արգելակի փոխարէն ան պենզինը չսեղմէ:
Ան նշեց, որ Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին Սերժ Սարգսեանի կատարած` մարտ 1-էն դասեր չքաղելու վերաբերեալ յայտարարութիւնը որեւէ ձեւով կարելի չէ եւ պէտք չէ մեկնաբանուի իբրեւ սպառնալիք:
Վ. Սարգսեան յայտնեց, որ Սերժ Սարգսեանի այդ յայտարարութիւնը պէտք է նկատել նախազգուշացում` նկատի ունենալով, որ մագլցողական որեւէ քայլ կրնայ յանգիլ լարուածութեան, որ ոչ մէկուն անհրաժեշտ է: Սարգսեան հաստատեց, որ «Մարիոթ»-ի մէջ լրագրողներուն դիմաց կատարուած հանդիպումին ձեւաչափը միտուած էր, որ այդ բանակցութիւնները չկայանան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ անհնազանդութեան ալիքը ճնշելու նպատակով կարելի՞ է երկրին զինուած ուժերը ներգրաւել, Վ. Սարգսեան հաստատեց, որ ժողովուրդը պէտք է վստահ ըլլայ, թէ նման բան կարելի է միմիայն արտակարգ դրութեան իրավիճակի պարագային», ըսաւ ան:
Երթերու Կազմակերպիչները Կոչ Ուղղած Են Զինուորականներուն`
Որեւէ Պարագայի Չլքելու Մշտական Տեղակայման Վայրերը
Երէկ, երբ Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենային ցոյցեր, համացանցի վրայ ցոյցերու կազմակերպիչներուն անունով տարածուած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Քաղաքացիական անհնազանդութեան եւ կամքի արտայայտութեան գործողութիւններուն զանազան խումբեր, տարբեր մասնագիտութեան մարդիկ միացած են, ինչ որ կը վկայէ, թէ ասիկա իսկապէս ժողովուրդի կամքն է եւ ոչ թէ իշխանութեան ձգտող խումբի մը գործողութիւնը:
«Կ՛ողջունենք բոլոր քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը գործողութիւններուն, սակայն կոչ կ՛ուղղենք զինուորականներուն որեւէ պարագայի չլքելու մնայուն տեղակայման վայրերը, պահպանելու չէզոքութիւնը սահմանադրութեան ոգիին եւ տառին համապատասխան»:
Հանդիպում-Քննարկում` Նախքան Վարչապետի Հրաժարիլը
Մեկնելով Հայաստանի մէջ տիրող լարուած եւ անկայուն վիճակէն, 23 ապրիլի առաւօտեան մտավախութիւն կար, որ ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան համազգային ոգեկոչման օրը կրնար վտանգուիլ անցանկալի երեւոյթներով:
Նախքան որ իրավիճակի լուծման հիմքը կարելի ըլլար ճշդել` հանրապետութեան վարչապետին հրաժարականով, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպում-քննարկում:
Նախագահական նստավայրին մէջ էին Սերժ Սարգսեանը` (նախքան հրաժարիլը), Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը, Կարէն Կարապետեանը եւ Հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեանը:
Իսկ հանդիպումին նպատակն էր հաստատել, որ ապրիլի 24-ին միասնաբար եւ բոլոր տարակարծութիւնները մէկդի դրած յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին:
Հրանդ Մարգարեանի Հանդիպումը Նիկոլ Փաշինեանի Հետ
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, արգելափակուած Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Հանդիպումէն ետք Հրանդ Մարգարեան յայտնեց, որ Փաշինեանի հետ խօսակցութիւնը արդիւնաւորուած է` յոյս յայտնելով, որ անիկա կը շարունակուի` աւելցնելով, որ ցարդ այդ խօսակցութեան կապուած արդիւնքներ չկան:
«Մենք անցնող 5-6 օրերուն ընթացքին այս տեսակի ծաւալուն աշխատանքներու մէջ եղած ենք` տարբեր կողմերու եւ անձնաւորութիւններու հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին դիմաց կանգնած այս թնճուկը լուծել», ըսաւ ան:
Հ. Մարգարեան շեշտեց, որ կարեւորը այն է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը մերժէ ձերբակալութիւնները, ինչպէս նաեւ կը մերժէ, երբ մարդիկ վերջնագիրներով կը խօսին: «Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին համար երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է: Պէտք է մենք կարենանք սթափիլ եւ առիթ տանք, որ այդ երկխօսութիւնը տեղի ունենայ, որպէսզի այդ լուծումը գտնենք` եւ երկիրը դէպի ցնցում չառաջնորդենք:
«Կարեւոր է, որ այս պահուն փողոցը շատ աւելի զգուշ ըլլայ, ժողովրդային շարժումը շատ աւելի զգուշ ըլլայ, սադրանքներու չենթարկուի, իր խաղաղ բնոյթը պահպանէ, որպէսզի լուծում գտնելու կարելիութիւն ստեղծենք», ըսաւ ան:
Հ. Մարգարեան հաստատեց, որ իրենք այդ ամէն ճիգն ու ջանքը կը կատարեն, առանց անհատական կամ կուսակցական շահերու: «Երկիրն ու մեր ժողովուրդն է, որ հիմնական արժէք է: Մենք անոր կը հաւատանք եւ անիկա` յանուն երկրին ու ժողովուրդին զիջիլը, պէտք է համոզումը դառնայ բոլորին, որպէսզի կարելի ըլլայ հանգուցալուծում կատարել», յայտնեց ան:
Հրանդ Մարգարեան եզրափակեց ըսելով, որ ըստ իր տեղեկութիւններուն, Նիկոլ Փաշինեանի, Արարատ Միրզոյեանի եւ Սասուն Միքայէլեանի ձերբակալման օրակարգով Ազգային ժողովի արտակարգ նիստ չէ նախատեսուած, «իսկ զանոնք անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցը Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ չէ ներառուած», հաստատեց ան:
Հանդիպումէն ետք Հրանդ Մարգարեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փաշինեանի կնոջ` Աննա Յակոբեանի հետ:
Կարէն Կարապետեան Հանդիպում Ունեցած Է Փաշինեանին Հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Նախքան հանդիպումը լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին ան յայտնեց, որ կ՛ուղղուի հանդիպելու Փաշինեանի հետ: «Կը յուսամ, որ այդքան տրամաբանութիւն կ՛ունենանք, որ ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին, որ անկախ անկէ, թէ որքա՛ն բարդ խնդիրներ կան` մենք կարողութիւն ունինք նստելու եւ տրամաբանական լուծում գտնելու»:
Նիկոլ Փաշինեան, Արարատ Միրզոյեան Եւ
Սասուն Միքայէլեան Ազատ Արձակուած Են
Երէկ կէսօրէ ետք ազատ արձակուած են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեան, Արարատ Միրզոյեան եւ Սասուն Միքայէլեան:
Նիկոլ Փաշինեանը լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ շարժումի բոլոր ձերբակալուած անդամները պէտք է վայրկեան առաջ ազատ արձակուին:
Հարցումին` թէ ի՛նչ խօսած է Ա. փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեանին հետ, Փաշինեան պատասխանած է, որ կ՛ըսէ երեկոյեան` իր ելոյթին ընթացքին:
Սերժ Սարգսեանը Հրաժարական Տուած Է
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սերժ Սարգսեանը երէկ կէսօրէ ետք հրաժարական տուած է: Հրաժարականը ներկայացուած է պաշտօնական կայքին վրայ:
Ստորեւ` հրաժարականին բնագիրը.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Դիմում եմ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներին,
մեծերին ու իմ սիրելի երիտասարդներին
կանանց ու տղամարդկանց,
Դիմում եմ փողոցներում «Մերժիր Սերժին» կոչով օր ու գիշեր կանգնածներին եւ փակ փողոցներով այս օրերին դժուարութեամբ աշխատավայր հասնող եւ իրենց պարտքն անտրտում իրականացնողներին,
Դիմում եմ ուղիղ եթերի առաջ օրերով գամուածներին եւ օր ու գիշեր հասարակական անվտանգութիւնը տղամարդու պէս ապահովողներին,
դիմում եմ սահմանին կանգնած մեր քաջարի զինուորներին ու սպաներին, դիմում եմ իմ զինակից ընկերներին,
Դիմում եմ իմ կուսակից ընկերներին, քաղաքական բոլոր ուժերին եւ գործիչներին:
Որպէս երկրի ղեկավար դիմում եմ վերջին անգամ:
Նիկոլ Փաշինեանը ճիշդ էր: Ես սխալուեցի: Ստեղծուած իրավիճակն ունի մի քանի լուծում, բայց դրանցից ոչ մէկին ես չեմ գնայ: Դա իմը չէ: Ես թողնում եմ երկրի ղեկավարի, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը:
Փողոցի շարժումն իմ պաշտօնավարման դէմ է: Ես կատարում եմ ձեր պահանջը:
Խաղաղութիւն, ներդաշնակութիւն եւ տրամաբանութիւն մեր երկրին:
Շնորհակալ եմ»:
Նշենք, որ սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածը կ՛ըսէ.- «Վարչապետի ընտրութիւնը եւ նշանակումը վարչապետի հրաժարական ներկայացնելու կամ վարչապետի պաշտօնը թափուր մնալու այլ պարագաներու կառավարութեան հրաժարականի ընդունուելէն ետք` եօթնօրեայ ժամկէտի մէջ, Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները իրաւունք ունին առաջադրելու վարչապետի թեկնածուներ:
Ազգային ժողովը վարչապետը կ՛ընտրէ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ: Վարչապետ չընտրուելու պարագային քուէարկութենէն եօթը օր ետք կը կազմակերպուի վարչապետի նոր ընտրութիւն, որուն մասնակցելու իրաւունք ունին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ երրորդի առաջադրած վարչապետի թեկնածուները: Եթէ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ վարչապետ չընտրուի, ապա Ազգային ժողովը կ՛արձակուի իրաւունքի ուժով: Վարչապետի ընտրութիւն տեղի կ՛ունենայ անուանական քուէարկութեամբ: Հանրապետութեան նախագահը անյապաղ վարչապետ կը նշանակէ Ազգային ժողովի կողմէ ընտրուած թեկնածուն:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է
Կառավարութեան Հրաժարականը
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը ստորագրած է հրամանագիր մը, որով ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հրաժարականը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրին մէջ ըսուած է.
«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 130-րդ յօդուածը.
Ընդունիլ կառավարութեան հրաժարականը»:
Կառավարութեան Արտահերթ Նիստ
Երէկ տեղի ունեցած է կառավարութեան արտահերթ նիստ, որ վարած է Ա. փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեանը: Արտահերթ նիստին` համաձայն «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 7-րդ յօդուածի 14-րդ մասի եւ հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը` փաստեց վարչապետի կողմէ իր լիազօրութիւններու կատարման անկարելիութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի 21 ապրիլ 2018-ի` «Վարչապետի բացակայութեան եւ լիազօրութիւններու կատարման անկարելիութեան պարագաներուն վարչապետին փոխարինելու կարգը սահմանելու մասին» N 412-Լ որոշման յաւելուածի 5-րդ կէտի համաձայն, վարչապետի լիազօրութիւններու կատարման անկարելիութեան պարագային վարչապետին կը փոխարինէ առաջին փոխվարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան. «Չորեքշաբթի Պիտի Հանդիպիմ
Կարէն Կարապետեանի Հետ»
Երէկ երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է «Իմ քայլը» նախաձեռնութեան հանրահաւաքը:
Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան վարչութեան անդամ Ռուբէն Ռուբինեան իր ելոյթին ընթացքին Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի բնագիրը կարդալէ ետք նշած է. «Այսօր մենք պիտի տօնենք մեր յաղթանակը եւ խօսինք յառաջիկայ ընելիքներուն մասին»:
Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեան ելոյթ ունենալով նշած է, որ երբ ինք վառեց ազատութեան ջահը Ազգային ժողովին մէջ, կ՛երազէր այս օրուան մասին. «Սերժ Սարգսեան հրաժարական տուած է, բայց Հանրապետական կուսակցութիւնը դեռ պիտի պայքարի: Մենք շատ գործ ունինք ընելիք: Հայաստանի մէջ պէտք է ըլլան ազատ, արդար թափանցիկ ընտրութիւններ: Իշխանութիւնը ժողովուրդինն է ու ժողովուրդը իր իշխանութիւնը պիտի գործադրէ ընտրութիւններու միջոցով», իր խօսքին մէջ նշեց պատգամաւորը:
Հանրահաւաքին, երեկոյեան ժամը 8:20-ի շուրջ ելոյթ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանը, որ ներկայացուց տեղի ունեցած բանակցութիւններուն արդիւնքները.
«Կ՛առաջարկէին, որ Սերժ Սարգսեանը հրաժարական տայ հոկտեմբերին, այնուհետեւ կ՛առաջարկէին, որ հրաժարական տայ մէկ ամիս ետք, իսկ աւելի ուշ ինծի առաջարկեցին, որ ան հրաժարական տայ 25 ապրիլին: Ես լսեցի բոլորին առաջարկները եւ տուի իմ առաջարկս ձեր անունով եւ ըսի, որ Սերժ Սարգսեանը պէտք է հրաժարական տայ երկու ժամուան ընթացքին, եւ Սերժ Սարգսեանը երկու ժամուան ընթացքին հրաժարական տուաւ», ըսաւ ան:
Փաշինեան նշեց, որ թաւշեայ յեղափոխութիւնը տարած է իր առաջին կարեւոր յաղթանակը, սակայն ընդգծեց, որ օրակարգի վրայ քանի մը հարց դրուած էր:
«Քայլ առաջին` Սերժ Սարգսեանը հրաժարական կու տայ վարչապետի պաշտօնէն, ատիկա արդէն տեղի ունեցած է: Քայլ երկրորդ` Ազգային ժողովը վարչապետ կը նշանակէ ժողովուրդի թեկնածուն, որ պէտք է տեղի ունենայ յառաջիկայ 1 շաբթուան ընթացքին, որմէ ետք Հայաստանի մէջ կը ձեւաւորուի ժամանակաւոր կառավարութիւն, որմէ ետք տրամաբանական ժամկէտերու մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ», մանրամասնած է Փաշինեան:
Հանրահաւաքին Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ իշխանութեան հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին չորեքշաբթի առաւօտեան: Այս անգամ եւս ոչ կառավարական հաստատութեան մէջ, այլ` «Մարիոթ» պանդոկին մէջ, ուր կիրակի տեղի ունեցած էր Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումը:
Փաշինեանը անգամ մը եւս շեշտած է, որ Հայաստանի մէջ ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան մթնոլորտը պէտք է բացառել: Ան յայտարարեց, որ Կարէն Կարապետեանի հետ ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն` անյապաղ ազատ արձակել այս օրերուն բոլոր ձերբակալուածները: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան եւ պահպանեցին սառնասրտութիւն:
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին յայտարարուեցաւ, որ այսօր` 24 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Հանրապետութեան հրապարակէն շարժումին մասնակիցները պիտի շարժին դէպի Ծիծեռնակաբերդ:
Պչաքճեան. «Դաշնակցութիւնը Կրնայ Ստեղծել Երկխօսութեան Հարթակ»
Ներհայաստանեան ճգնաժամի հանգուցալուծման մասին երէկ «Վանայ Ձայն»-ի լրատուական հաղորդումէն մեկնաբանութիւններ կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան: Ան ըսաւ, թէ իսկապէս մեր հայրենիքը յայտնուած էր շատ լուրջ ճգնաժամի մէջ, երբ ժողովրդային ընդդիմութիւն-իշխանութիւններ խզումի պատճառով իրավիճակը հասած էր լարուածութեան բարձր աստիճանի:
Դաշնակցութիւնը, քաղաքական զանազան հանդիպումներով, կը փորձէր իրականացնել միջնորդի դեր եւ կ՛առաջադրէր իրականացնել երկխօսութիւն յատկապէս վարչապետ Սարգսեանի եւ ընդդիմադիր շարժումի ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ:
Բենիամին Պչաքճեան յայտնեց, որ այս փուլին էականը ոչ թէ կուսակցութեան վարկանիշ ապահովելն էր, այլ հայրենիքը փրկելը անկայունութենէն, ներքին առճակատումներէ եւ պառակտումներէ, ինչպէս նաեւ արտաքին միջամտութիւններէ:
Ան հաստատեց, որ միջնորդական առաջին փորձերը ձախողեցան, այսուհանդերձ շարունակուեցան: Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկերոջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ տեսակցութիւնը եւ ապա անոր կնոջ հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը ընդգծեցին, որ Դաշնակցութիւնը ընդունուած այն ուժն է, որ միաժամանակ կրնայ բանակցիլ թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ ընդդիմութեան հետ եւ ստեղծել երկխօսութեան հարթակ:
Բ. Պչաքճեան ընդգծեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան համար անընդունելի էր խաղաղ հունով ընթացող ժողովրդային ցոյցերու ղեկավարին ձերբակալութիւնը, սակայն միեւնոյն ժամանակ ալ անընդունելի էր, որ Նիկոլ Փաշինեան երկխօսութեան ծիրին մէջ խօսի վերջնագիրերով եւ նախապայմաններով:
Հետագայ պայմանաւորուածութիւնները ճշդուեցան առաջին փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ կայացած հանդիպումին ընթացքին:
Բենիամին Պչաքճեան հաստատեց, որ Դաշնակցութեան կողմէ նախաձեռնուած միջնորդութիւնը եւ անոր ընդունելի ըլլալը թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ ընդդիմութեան կողմէ նախապատրաստեց երկու կողմերու երկխօսութեան հարթակը:
Աղուան Վարդանեան. «Բարձր Կը Գնահատեմ Սերժ Սարգսեանի Քայլը,
Մնացեալը Մեր Առաջարկած Բանակցութիւններով Կը Լուծուի»
Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Առաւօտ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է. «Բարձր կը գնահատեմ Սերժ Սարգսեանի այս քայլը»:
Ան ըսած է, թէ Դաշնակցութիւնը յոյս ունի, որ ողջմտութիւնն ու խոհեմութիւնը կը յաղթահարեն, եւ այս իրավիճակէն դուրս կու գանք արժանապատուօրէն` իբրեւ շատ աւելի ժողովրդավարական երկիր. «Եւ պիտի կարենանք, իսկապէս, այս իրավիճակը ծառայեցնել մեր ժողովուրդին եւ երկրին շահերուն: Բարձր կը գնահատեմ Սերժ Սարգսեանի այս քայլը: Մնացածը, կը կարծեմ, օրեր շարունակ մեր առաջարկած բանակցութիւններուն, քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք կը լուծուի»:
«Առաւօտ»-ի թղթակիցը հարց տուած է, թէ ի՛նչ զարգացումներ պիտի ըլլան, նոր վարչապետի թեկնածութիւն պիտի առաջադրուի՞. Վարդանեան պատասխանած է. «Եկէք ժամանակին ընթացքը չխանգարենք: Այսօր տեղի ունեցան իրադարձութիւններ, որոնք կարելիութիւն կու տան հանգիստ, խաղաղ նստիլ, երկրի, ժողովուրդի շահով առաջնորդուելով բանակցելու` գտնելու լուծումներ ի շահ երկրին»:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արձանագրուածը որո՞ւ յաղթանակն էր, Աղուան Վարդանեան ըսած է. «Ես վստահ եմ` ասիկա նոր սերունդին, երիտասարդութեան, հայրենիքը սիրող, հայրենիքի ազատութեան համար պայքարողներուն յաղթանակն է»:
Սերժ Սարգսեանի հրաժարելէն ետք Դաշնակցութեան առնելիք քայլերուն մասին խօսելով` Վարդանեան նշած է. «Մենք օրեր շարունակ հանդիպումներ ունեցած ենք ե՛ւ նախկին վարչապետին, ե՛ւ նախագահին եւ Փաշինեանին հետ: Մենք նախընտրած ենք խաղաղ բանակցութիւններու ուղին: Պատասխանատուութիւն ունեցող քաղաքական ուժը իրմէ կախեալ ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի ամէն ինչ խաղաղ բանակցութեամբ աւարտի, եւ մենք ատիկա ըրինք, յստակ կ՛երեւի»:
Մարիա Զախարովա. «Հայաստան, Ռուսիան Միշտ Քեզ Հետ Է»
Հայաստանի վարչապետ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին արձագանգած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, որ իր ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջին վրայ արձանագրած է հետեւեալը.
«Այն ժողովուրդը, որ իր պատմութեան նոյնիսկ ամէնէն բարդ պահերուն, հակառակ սուր հակասութիւններուն` իր մէջ չպառակտուելու եւ իրար նկատմամբ յարգանքը պահպանելու ուժ կը գտնէ, մեծ ժողովուրդ է: Հայաստան, Ռուսիան միշտ քեզի հետ է»: