Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշատակելի Օր Մը ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանին Մէջ. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Այցելութիւնը Կազդուրման Կայանի Փոքրիկներուն

Օգոստոս 14, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը երկուշաբթի, 13 օգոստոս 2018-ին այցելութիւն տուաւ Այնճար հայաւանի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի փոքրիկներուն: Տարիներու աւանդութիւն դարձած կազդուրման կայանի ծրագիրը ընթացք առած էր 6 օգոստոսին եւ անոր կը մասնակցին Պուրճ Համուտէն եւ Այնճարէն փոքրիկներ:

Կառոյցին մէջ երեք շաբաթներու յատուկ ծրագիրով մը մասնակից փոքրիկները առիթ պիտի ունենան իրար ծանօթանալու, դաստիարակչական, ընկերային պահեր անցընելու եւ վայելելու շրջանի կլիման:

Սիլվա Սապունճեան

Շրջանային վարչութեան այցելութեան նպատակն էր աւելի մօտէն ծանօթանալ եւ հետաքրքրուիլ մասնակից փոքրիկներով ու  անոնց պատասխանատուներով:

Փոքրիկները ուրախացան իրենց այցելուներով, որոնց ծանօթացան, սակայն ուրախութիւնը բազմապատկուեցաւ, երբ իրենց այցելեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, շրջանի քաղաքապետն ու պատկան մարմնի ներկայացուցիչը:

Կառոյցին մուտքին հիւրերը դիմաւորուեցան բարի գալուստի կանչերով եւ ծափողջոյններով: «Ռոզա բեւեռ» սրահին մէջ փոքրիկները պատրաստած էին յայտագիր մը: Անոնք մեծ հաճոյքով արտասանեցին, երգեցին, պարեցին եւ բուրգեր կազմեցին:

Շրջանային վարչութեան ատենապետ  Սիլվա Սապունճեան խօսք առնելով անդրադարձաւ ծրագիրի նպատակին եւ բարի կեցութիւն մաղթեց փոքրիկներուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն, որոնք ներկայ գտնուեցան այդ յարկին տակ` միասնաբար հաճելի պահեր անցընելու փոքրիկներուն հետ:

Ապա բոլորը միասնաբար ճաշեցին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հաւաքական տարեդարձի նշում եւ կարկանդակներու հատում: Ակներեւ էր փոքրիկներուն ցնծութիւնը: Այս առիթով անոնք իրենց պատրաստած յայտագիրէն դուրս նաեւ երգեցին եւ ասմունքեցին հիւրերուն համար մեծ խանդավառութեամբ:

Հանդիպման աւարտին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ուղղեց իր սրտի խօսքը եւ ըսաւ. «Կեանքիս ամէնէն ուրախ օրերէն մէկը կ՛ապրիմ այսօր»: Ան յայտնեց, որ 25 տարիներու ընթացքին, երբ տնօրէնի պաշտօն կը վարէր Ազգային Սուրէն Խանամիրեան եւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարաններուն մէջ, իրեն համար ամէնէն հաճելին այն էր, երբ առաւօտները կը տեսնէր մանկապարտէզի երեխաներուն ժպիտը, որմէ ետք ինք հանգիստ կրնար աշխատիլ: Թէեւ ան այսօր այդ պաշտօնէն հեռու է, սակայն միտքով, հոգիով փոքրիկներուն հետ է: Բագրատունի ըսաւ. «Մենք ձեզմով կը զօրանանք, յոյս կը ստանանք եւ մեզի վստահուած պարտականութիւնը կը կատարենք»: Ան յիշեց ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանի տարիներ շարունակ իրագործուած ծրագիրները Շթուրայի, Պոլոնիայի եւ Այնճարի մէջ` շեշտելով, որ կազդուրման կայանը միայն կազդուրուելու վայր չէ փոքրիկներուն համար, այլ նաեւ տարբեր շրջաններէ եւ դպրոցներէ մէկտեղուած երեխաներու մէկ ընտանիքի անդամներ դառնալն ու  անոնց իրարու հետ բարեկամանալը: Բագրատունի խօսեցաւ նաեւ խաչուհիներու կամաւոր աշխատանքին մասին` նշելով, որ անոնք կ՛աշխատին մարդոց զանազան կարիքներուն հասնելու համար:

Բագրատունի խօսքը աւարտեց նշելով, որ պէտք է երախտապարտ ըլլալ կեանքին մէջ: «Այսօր դուք փոքր էք, սակայն երբ մեծնաք, դուք ալ ձեր կարգին պիտի ծառայէք ուրիշներուն. կայանի օրինակը գիտէք, եւ այսպիսի գործեր զոհողութեամբ կ՛իրագործուին: Հետեւաբար դուք երախտապարտօրէն պիտի ծառայէք ձեր շրջապատին»:

Փոքրիկները շնորհակալութիւն յայտնեցին այցելուներուն, յիշատակի ձեռայիններ նուիրեցին անոնց  եւ յիշատակի լուսանկարներ նկարուելէ ետք բաժնուեցան անոնցմէ:

 

 

Նախորդը

Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Պաշտօնական Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Հայ Ազգի Բոլոր Ննջեցեալներուն Համար

Յաջորդը

Ըստ «Սփութնիք»-ի. Սուրիոյ Բանակը Իտլիպի Մէջ Ձեռնարկած Է «Հակաահաբեկչական Գործողութեան»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Պատժել Օրպանը` Պոյքոթի Ենթարկելով Հունգարիոյ Արտաքին Քաղաքական Վեհաժողովը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Օրպան 7 Նոյեմբերին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Թրամփի Հետ` Ռուս-Ամերիկեան Վեհաժողովի Պատրաստութեան Համար

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?