Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեանի Կնոջ` Աննա Յակոբեանի Փարիզ Այցելութեան Ընթացքին. Կը Շեշտուի Դաշնակցութեան Անգնահատելի Գործը` Հայաստանի Եւ Արցախի Համար

Օգոստոս 13, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը` Աննա Յակոբեան շաբաթավերջին Ֆրանսայի մէջ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն հետ:

ՀՅԴ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի  ընթացքին Աննա Յակոբեանին ուղղուած ողջոյնի խօսք յղած է Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:

«Դաշնակցութեան նպատակը միշտ եղած է պաշտպանել Հայաստանը, Արցախը, հայ ժողովուրդին շահերը: Կ՛ուզեմ մեր ընկեր-ընկերուհիներուն ներկայութեամբ կրկնել, որ յեղափոխութիւնը պէտք է յաջողի, որովհետեւ յեղափոխութեան յաջողութիւնը հայ ժողովուրդի ապագան է: Եւ Դաշնակցութիւնը` թէ՛ Հայաստանի, Արցախի, եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, իր ուժերը կը ներդնէ յեղափոխութեան յաջողութեան տրամադրութեան տակ», նշած է Փափազեան:

Նոյն հանդիպումին Աննա Յակոբեանին ուղղուած ողջոյնի խօսքին մէջ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հրաչ Վարժապետեան խոստացած է տրամադրել բոլոր կարելիութիւնները` թէ՛ մարդուժի, թէ՛ ֆինանսական` յաջողցնելու համար յեղափոխութեան նպատակը, որուն վրայ  ժողովուրդը յոյս դրած է:

«Դաշնակցութեան համար Հայաստանն ու Հայաստանի պետականութիւնը վեր են ամէն ինչէ: Այդպէս եղած է նոյնիսկ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժամանակ…», իր խօսքին մէջ նշած է Վարժապետեան` չուզելով յիշեցնել «այդ էջերն ու անոր հետեւանքները»:

ՀՅԴ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը` Աննա Յակոբեան կարեւոր նկատած է ՀՅԴ-ի դերը Հայաստանի եւ  Արցախի համար:

Խօսքը ուղղելով ներկաներուն` Աննա Յակոբեան ըսած է, թէ այդ գործը, որ դուք մինչեւ այսօր կատարած էք Հայաստանի եւ Արցախի համար, անգնահատելի է:

 

Նախորդը

Ըստ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանին. Վերջին Շրջանին Քննուող Քրէական Գործերուն Մէջ Կը Նկատուին Իրաւունքներու Ոտնահարման Վտանգաւոր Միտումներ

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան. «Քաղաքական Պատրաստակամութիւն Յայտնած Ենք Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցութիւնները Կառուցողական Հունով Շարունակելու»

RelatedPosts

Քառասնօրեայ Պահեցողութեան  Արարողութիւնները` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ
Հայկական

Յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի Հանդիպումները Հայաստանի Մէջ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Վեհափառ  Հայրապետին Եւ Յունաստանի Կրթութեան,  Կրօնական Հարցերու Ու Մարմնակրթութեան Նախարարին Միջեւ
Հայկական

Արամ Ա. Կաթողիկոս Խստիւ Կը Դատապարտէ Հայ Հոգեւորականներուն Շարունակուող Ձերբակալութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?