Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռոպերթ Քոչարեանի Մամլոյ Ասուլիսը Խափանուեցաւ

August 15, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Երեւանի «Էրեբունի-փլազա» պանդոկին մէջ նախատեսուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի մամլոյ ասուլիսը: Խումբ մը քաղաքացիներ, որոնք պանդոկին դիմաց բողոքի ցոյց կազմակերպած էին, կրցած են մտնել մամլոյ ասուլիսի վայրը եւ արգիլել ասուլիսի կայացումը:

Բողոքողներէն մէկը յայտարարած է, որ Քոչարեանը իրաւունք չունի մամլոյ ասուլիսով հանդէս գալու, քանի որ ան այս պահուն մեղադրուող կողմ է: «Մեր նպատակը ասուլիսը խափանելն ու դատարանի որոշումին հանդէպ ժողովուրդի վերաբերումը ցոյց տալն է», ըսին անոնք:

Վիքթոր Սողոմոնեան. «Յստակ Է, Որ Փորձ Կը Կատարուի
Լռեցնելու Որեւէ Կարծիք, Որ Հաճելի Չէ Իշխանութիւններուն»

Անդրադառնալով խումբ մը ցուցարարներու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի մամլոյ ասուլիսի խափանման` երկրորդ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեան ըսած է. «Անոնք, որոնք ձախողեցուցին ասուլիսը, ճանչցուած են հանրութեան մէջ իբրեւ «Քայլ արա» շարժման գործիչներ, Նիկոլ Փաշինեանի ու Լեւոն Տէր Պետրոսեանի զինակիցներ: Յստակ է, որ փորձ կը կատարուի լռեցնելու որեւէ կարծիք, որ հաճելի չէ իշխանութիւններուն: Ասիկա հակաժողովրդավարական դրսեւորում է, որ պէտք է խստօրէն դատապարտուի»:

Հայաստանի Հանրապետութեան Երկրորդ Նախագահ
Ռոպերթ Քոչարեանի Գրասենեակի Յայտարարութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կ՛ըսուի.

«Ինչպէս գիտէք, այսօր, ժամը 12:00-ին «Էրեբունի-փլազա»-ի մէջ  պէտք է տեղի ունենար Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ասուլիսը, որուն հրաւիրուած էին հայաստանեան բոլոր լրատուամիջոցները: Կ՛ակնկալուէր, որ ասուլիսի ընթացքին պէտք է կատարուէին կարեւոր քաղաքական յայտարարութիւններ եւ տրուէին բազմաթիւ հարցերու պատասխաններ: Սակայն խումբ մը մարդիկ, որոնք հանրութեան քաջածանօթ են որպէս մերձիշխանական գործիչներ եւ Նիկոլ Փաշինեանի մտերիմներ ու զինակիցներ, խանգարեցին ատոր կայացումը եւ տեսախցիկներու առջեւ աժանագին բեմականացում իրականացուցին` ներկայանալով որպէս «զայրացած ժողովուրդ»: Ընկերային ցանցերու եւ մամուլի մէջ արդէն յայտնուած են հիմնական «դերասաններ»-ու անունները, եւ անոնց ով ըլլալը տեղի ունեցածի պատուիրատուի մասով որեւէ կասկած չի ձգեր:

Այսօրուան` լաւ ծրագրուած ու կազմակերպուած միջադէպը կարելի էր գնահատել իբրեւ մանր խուլիկանութիւն եւ մեծ ուշադրութիւն չդարձնել անոր: Պարզ է, որ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, այսպէս թէ այնպէս, նոր ասուլիսի կամ հարցազրոյցի միջոցով պիտի հրապարակէ իր տեսակէտները քաղաքական ամէնէն արդիական հարցերուն վերաբերեալ: Սակայն, անհրաժեշտ կը նկատենք շեշտել, որ տեղի ունեցածը, ըստ էութեան, իշխանութեան կողմէ կատարուած ճարահատեալ ու կոպիտ փորձ մըն էր խոչընդոտելու քաղաքական ընդդիմախօսներու ազատ արտայայտուելու եւ հանրութեան հետ լրատուամիջոցներու օգնութեամբ շփուելու կարելիութիւնը: Սա ոչ այլ ինչ է, քան այլախոհութեան բիրտ ճնշում կամ` ինչպէս վերջերս ըսած էր յայտնի քաղաքական գործիչներէն մէկը` մտքի ահաբեկչութիւն:

Այսօրուան միջադէպը կարծես եկաւ հաստատելու քաղաքական դաշտին եւ հանրութեան մէջ օրէ-օր սաստկացող այն մտավախութիւնները, որ նոր իշխանութիւնները չեն հանդուրժեր այլախոհութիւնը եւ ունակ են քաղաքական հետապնդումներ իրականացնելու ընդդիմախօսներու նկատմամբ: Յատկապէս անոնց, որոնց քաղաքական կշիռն ու հեռանկարները իրենց համար լուրջ անհանգստութիւններու առիթ կը հանդիսանան»:

 

 

Նախորդը

Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին Կրնայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մնայուն Ցանկին Վրայ Դրուիլ

Յաջորդը

Արսէն Համբարձումեան. «Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւնից Դուրս Գալու Հարց, Այս Պահին, Օրակարգում Չունենք»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.