Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռոպերթ Քոչարեանը Ազատ Արձակուեցաւ Դատարանի Դահլիճէն

Օգոստոս 14, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վերաքննիչ քրէական դատարանին կողմէ բաւարարուեցաւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանքը իբրեւ խափանման միջոց կիրարկելու առաջին ատեանի դատարանի որոշման դէմ պաշտպաններու բողոքը:  Լրագրողներուն այս մասին յայտնեց Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններէն Ռոպերթ Սահակեան:

«Վերաքննիչ դատարանը կը վերացնէ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանաւորելու որոշումը` հաշուի առնելով այն, որ Ռոպերթ Քոչարեանը անձեռնմխելիութիւն ունի», ըսաւ Սահակեան:

«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, թէ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու համար ստորագրահաւաք իրականացուցած էին Ազգային ժողովի պատգամաւորները: Ստորագրահաւաքին միացած էր 45 պատգամաւոր, սակայն ընդհանուր դատախազութիւնը մերժած էր անոր խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ պատգամաւորներու ստորագրութիւններով երաշխաւորագիրը:

Վերաքննիչ քրէական դատարանը Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ պաշտպաններու բողոքը քննեց երկու օր, որմէ ետք յայտարարուեցաւ, որ դատարանի վճիռը պիտի հրապարակուի 13 օգոստոսին, ժամը 16:00-ին:

1-2 մարտ 2008-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ քրէական գործով Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանին եւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին մեղադրանք առաջադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 300.1-ին յօդուածի Ա. մասով այն բանի համար, որ անոնք այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը: Միքայէլ Յարութիւնեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է, Եուրի Խաչատուրովը 5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է, իսկ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանաւորուած էր: Վերջինիս պաշտպանները բողոքարկած էին կալանաւորման որոշումը:

Աւելի ուշ, «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, Հայաստանի Հանրապետութեան Յատուկ քննչական ծառայութեան լրատուական ծառայութենէն յայտնած են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Վերաքննիչ քրէական դատարանին կողմէ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կիրարկուած կալանքի որոշումին վերացումը ապօրինի է:

«Հայաստանի Հանրապետութեան Վերաքննիչ քրէական դատարանի որոշումը ապօրինի է, եւ Վերաքննիչ քրէական դատարանը դուրս եկած է  իր լիազօրութիւններու շրջագիծէն: Յոյս ունինք, որ դատախազութիւնը վճռաբեկ բողոք կը ներկայացնէ», նշեցին Յատուկ քննչական ծառայութենէն:

Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինէն նշեցին, որ Վերաքննիչ քրէական դատարանի ամբողջական որոշումը ստանալուն պէս պիտի քննարկեն Վճռաբեկ դատարան դիմելու կարելիութիւնը:

Արամ Մանուկեան. «Լեւոն Տէր Պետրոսեանը Պատրաստ Է
Վկայի Կարգավիճակով Ցուցմունք Տալ 1 Մարտի Գործով»

Լեւոն Տէր Պետրոսեանը պատրաստ է վկայի կարգավիճակով ցուցմունք տալու 1 մարտի գործով:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն յայտնեց Հայ ազգային քոնկրեսի անդամ Արամ Մանուկեան:

«Բոլոր անոնք, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ գործի բացայայտման, պէտք է ուրախ ըլլան ներկայանալով քննչական ծառայութիւն եւ նիւթեր տան: Այս երկրին մէջ չկայ մէկը, որ աւելի շատ շահագրգռուած է 1 մարտի գործին բացայայտումով, քան Լեւոն Տէր Պետրոսեանը», ըսաւ  Մանուկեան:

Արամ Մանուկեանի համաձայն, իրենք 10 տարուան ընթացքին հաւաքած են այն բոլոր նիւթերը, որոնք պատրաստ են տրամադրելու արդարադատութիւն իրականացնող մարմինին:

«10 տարի մենք նիւթեր հաւաքած ենք, գիրքեր հրատարակած, ժապաւէններ նկարահանած, դիմած ենք միջազգային եւրոպական բոլոր կառոյցներուն, կազմած ենք կարելի բոլոր յանցագործներու ցուցակը: Մենք ունինք բոլոր ոստիկաններու ցուցակը, որոնք կեղծ ցուցմունքներ տուած են, բոլոր դատախազներու անունները, որոնք կեղծ մեղադրանքներ ներկայացուցած են: Վերջին աշխատանքը կատարած ենք տակաւին 1  մարտի տասնամեակը լրանալէ առաջ: Փաստաթուղթերու ժողովածուի հրատարակումէն անմիջապէս ետք անոր օրինակները ուղարկած ենք բոլոր շահագրգիռ կողմերուն: Ատիկա ամբողջ ժողովածու մըն է, որ  բաւական է 1 մարտի գործը բացայայտելու համար: Նիւթը այնքան շատ է, որ ամբողջապէս կ՛ապացուցէ 1 մարտի ոճրագործութեան նախապէս կազմակերպուած եւ իրագործուած ըլլալը»,  նշեց Արամ Մանուկեան:

Ան լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին նշեց նաեւ, որ 1 մարտի գործով նախապէս մեղադրուած անձեր, այսօր քննչական մարմինին մէջ  ցուցմունք կու տան տուժողի կարգավիճակով:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ

Յաջորդը

Գերմանական Ֆութպոլ. Պայէրն Միւնիխ` Գերբաժակակիր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?