Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուխտերթ` Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով

August 11, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի շաբաթը տեղի ունեցաւ 6-11 օգոստոս 2018-ին: Այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը կազմակերպած էր Աստուածամօր նուիրուած յատուկ արարողութիւններ, աղօթասացութիւններ եւ խորհրդածութեան պահեր:

Ուխտի շաբթուան ընթացքին, ամէն առաւօտ, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը վանքի մատրան մէջ հետեւեցաւ կաթողիկոսարանի երիտասարդ միաբաններու կողմէ ներկայացուած հոգեւոր դասախօսութիւններուն, իսկ երեկոները մասնակցեցաւ Ս. պատարագներու, զորս մատուցեցին Լիբանանի հայոց թեմի քահանայ հայրերը: Իւրաքանչիւր պատարագի Ս. Խորանի սպասարկութիւնն ու երգեցողութիւնը կատարեցին թեմի եկեղեցիներուն դպրաց դասերը:

Ուրբաթ, 10 օգոստոս 2018-ին, յետ առաւօտեան աղօթասացութեան, տեղի ունեցաւ աւանդական աղօրհնէքի արարողութիւնը եւ ոչխարներու զենումը. միաբան հայրերն ու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին շուրջ համախմբուած կամաւորները լծուեցան մատաղ պատրաստելու գործընթացին: Նոյն օր երեկոյեան տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն եւ աւելի ուշ` հսկում, իսկ գիշերուան ժամը 10:00-ին մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:

Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով ուխտերթութիւնը սկիզբ առաւ Անթիլիասի մայրավանքէն` դէպի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք: Այս տարի հայ եկեղեցւոյ ուխտաւորներուն, միաբան հայրերու, քահանայից դասին, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն միացան նաեւ ոչ հայ ուխտաւորներ: Շուրջ 5 ժամ տեւած երթէն ետք, աւելի քան 1000 ուխտաւորներ մուտք գործեցին Ս. Աստուածածին վանք ու դիմաւորուեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէն: Հոն ուխտաւորները միասնաբար երգեցին «Տէր ողորմեա՛»-ն, որմէ ետք հայրապետը փոխանցեց իր պատգամը:

Արամ Ա. կաթողիկոս ջերմօրէն ողջունեց ուխտերթին մասնակիցները` հաստատելով, որ անոնք հաւատքով, իրենց հոգիներուն մէջ նուիրական ուխտ մը ունենալով քալեցին Անթիլիասէն մինչեւ Պիքֆայա, որովհետեւ ուխտագնացութիւնը քրիստոնէական հաւատքին ամէնէն հարազատ արտայայտութիւններէն մէկն է: «Հաւատքի մղումով քալեցիք, ինչպէս մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս քալեց դէպի Գողգոթա, հաւատքով, վաղուան յարութեան արշալոյսի տեսիլքով», ըսաւ ան:

Վեհափառը շատ հոգեպարար նկատեց այն, որ մեր ժողովուրդի զաւակները քրիստոնէական հաւատքի դարաւոր մղումով, նոյն սիրով, յոյսով, քրիստոնէական հաւատքին, աւետարանական արժէքներուն, Քրիստոսի ուսուցումներուն իրենց կապուածութիւնը, հաւատարմութիւնը կը դրսեւորեն` շեշտելով, որ քրիստոնէական հաւատքին էութիւնը կը կազմէ Քրիստոսին մեր ամուր կապուածութիւնը: Ան յիշեցուց Քրիստոսի այն խօսքը, երբ ըսաւ. «Ով, որ ինծի կը հաւատայ, թող խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ»` աւելցնելով, որ ուխտագնացները գործնապէս դրսեւորեցին իրենց քրիստոնեայ ըլլալը, Քրիստոսին հաւատալը: Կաթողիկոսը նաեւ դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին միշտ ալ նոյն գիտակցութեամբ եւ հաւատքով քալեց Քրիստոսի ետեւէն ու բոլոր փոթորիկներուն դիմաց մնաց կանգուն: «Քրիստոս եղաւ մեր հաւատքի ժայռը, պատմութեան բոլոր փոթորիկներուն դիմաց մեր ապաւէնը, եւ այսօր մեր ժողովուրդի զաւակները, մեր պապերուն հաւատարմութեամբ, ուխտագնացութիւն կատարեցին», շեշտեց ան:

Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ Աստուած կը դիտէ վերէն, իսկ մեր պապերը` պատմութեան խորերէն: Այս ուխտերթը հաւատարմութեան կնիքն է հանդէպ Քրիստոսի, հաւատարմութեան գեղեցիկ արտայայտութիւնն է մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւններուն, մեր պապերուն սրբազան հաւատքին նկատմամբ:

Իր խօսքի աւարտին ան բարձր գնահատեց հաւատքով քալողները, որոնք քալեցին նաեւ ուրիշներուն համար, իրենց միանալու կարողութիւն չունեցողներուն համար` աղօթելով, որ Բարձրեալը հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն ուխտերը ի կատար ածէ, հիւանդներուն առողջութիւն, ճամբորդներուն ապահովութիւն, գործոց յաջողութիւն, ցաւի մէջ գտնուողներուն երջանկութիւն, մեր եկեղեցւոյ պայծառութիւն, Հայաստանի մեր հայրենիքին առաւել հզօրացում, Արցախի անկախութեան ամրապնդում, մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն հատուցում շնորհէ:

«Ա՛յս է, եւ այս պէտք է ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ մեր ժողովուրդի բոլորը զաւակներուն ուխտը: Ո՜վ Աստուած, լսէ մեր ժողովուրդին ուխտը այսօր. դարեր շարունակ այս փոքր ածուն հաւատարիմ եղաւ Աստուծոյ եւ Անոր Որդւոյն եւ այսօր նոյն հաւատարմութիւնը կը վերահաստատէ: Կ’աղօթեմ առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային  շնորհներով լեցնէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, իրենց ընտանիքներուն, մեր գաղութներուն եւ մեր ազգին կեանքը», իր պատգամը աւարտեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Աւարտին ներկաները ստացան Ս. Հաղորդութիւն եւ վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ հիւրասիրուեցան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սեւրի Դաշնագիրին Հետքերով

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանատուն

RelatedPosts

«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս
Գաղութային

«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս

October 24, 2026
Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ.  «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը
Գաղութային

Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ. «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը

October 24, 2026
Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.