Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ այցելած է Տաւուշի մարզ եւ հանդիպումներ ունեցած է Բերդի, Այգեհովիտի, Ոսկեպարի եւ Նոյեմբերեանի բնակիչներուն հետ, անդրադարձած է երկրին մէջ առկայ խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ գործադիր իշխանութեան քայլերուն, ինչպէս նաեւ պատասխանած է քաղաքացիները յուզող շարք մը հարցերու:
«Ուրախ եմ, որ ձեր դէմքին ժպիտ կը տեսնեմ, ատիկա ամէնէն կարեւոր բանն է: Եկած եմ ձեզի ըսելու, թէ ինչո՞ւ համոզուած եմ, որ մեր երկրի բոլոր խնդիրները պիտի լուծուին եւ որ մեր երկիրը պիտի ըլլայ երջանիկ, ազատ ու հզօր: Մենք գտած ենք բոլոր հարցերու լուծման բանալին: Ո՞րն է այդ բանալին. գիտէք, աւելի քան 20 տարի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովուրդը կ՛ուզէր քաղաքական փոփոխութիւններ, եւ այդ փոփոխութիւնները տեղի չէին ունենար: Եկաւ 2018 թուականը եւ այդ փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ: Մենք լուծեցինք հարց մը, որ 23-24 տարի նկատուած է անլուծելի, անկարելի: Ինչո՞ւ աւելի քան 20 տարի այդ խնդիրը չէր լուծուեր եւ ի՞նչ տեղի ունեցաւ, որ այդ խնդիրը լուծուեցաւ. նախորդ 20-24 տարուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները կը մտածէին, որ քաղաքական փոփոխութիւններ պէտք է կատարէ ընդդիմութեան այս առաջնորդը, այն առաջնորդը, եւ ամէն անգամ, երբ տեղի չէր ունենար այդ փոփոխութիւնը, կը նեղանային այդ առաջնորդէն, կը հիասթափէին: Փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ այն ժամանակ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու եւ հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն մեծամասնութիւնը հասկցաւ, որ յեղափոխութիւնը ոչ թէ մէկ առաջնորդ պէտք է կատարէ, այլ յեղափոխութիւնը իրենք պէտք է կատարեն, իւրաքանչիւրը ինքզինք պէտք է նկատէ յեղափոխութեան առաջնորդ», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան` աւելցնելով, որ ինք այս ամէնը կ՛ըսէ ոչ թէ անցեալը, երեք ամսուան իրադարձութիւնները գնահատելու համար, այլ ցոյց տալու բոլորին երկրի խնդիրները լուծելու բանալին:
Անոր համաձայն, այս յեղափոխութեամբ ժողովուրդը առիթ ունեցաւ որոշելու, թէ ի՛նչպիսի Հայաստանի մէջ կ՛ուզէ ապրիլ: «Փոխուեցաւ այն, որ դուք հասկցաք, որ ամէն ինչ դուք կ՛որոշէք: Ոեւէ մէկը չկասկածի, թէ կառավարութիւնն իր ընելիքը կ՛ընէ լիարժէքօրէն եւ անմնացորդ, բայց կարեւոր է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրս ընկալէ, որ ինքը կ՛որոշէ ամէն ինչ: Մեր խումբը կարելիութիւն պիտի ստեղծէ, որ մարդիկ իրենց հայրենիքը ծաղկեցնեն: Մենք իսկապէս հզօր պետութիւն պիտի ունենանք այն ատեն, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրս կատարէ իր ընելիքը, եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրս ըմբռնէ բան մը, որ եթէ մեր երկիրը եղած է վատ վիճակի մէջ, ուրեմն ամէն մէկս մեր կարելին չենք ըրած: Համոզուած եմ, որ այն գործը, որ մենք իրարու հետ սկսած ենք, պէտք է շարունակենք միասնաբար», շեշտած է վարչապետը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուցած է, որ կառավարութիւնը իր քայլերով պիտի ընէ ամէն ինչ` ստեղծելու բարենպաստ պայմաններ արտերկրի մէջ գտնուող հայ գործարարներուն համար: Ան վերջիններուս կոչ ուղղած է օր առաջ գալու հայրենիք` շէնցնելու երկիրը: «Համոզուած եմ, որ բազմաթիւ մարդիկ արտերկրի իրենց բարեկամներէն գումարներ կը ստանան, բայց ես յստակօրէն կ՛ըսեմ` բարեգործութեան տրամաբանութիւնը պէտք է փոխել: Մարդիկ, այո՛, միլիոնաւոր տոլարներ կ՛ուղարկեն Հայաստան` բարեկամներուն օգնութեան: Այն ժամանակ ատիկա կ՛ընէին, որովհետեւ կը վախնային եւ կը մտածէին, որ այստեղ պիզնես իրականացնելու ընթացքին «շահաբաժին պիտի վերցնեն», «գործ պիտի սարքեն», «պիտի խլեն»: Ես կ՛ըսեմ` այդ Հայաստանը այլեւս չկայ, ես կ՛երաշխաւորեմ, որ ոեւէ մէկը չի կրնար ոեւէ ներդրողի համար վտանգ ստեղծել: Մենք կ՛երաշխաւորենք ներդրումներու անվտանգութիւնը: Մենք կ՛երաշխաւորենք, եթէ գործարարը աշխատի օրինական դաշտի մէջ, ոեւէ մէկը անոր ոչ մէկ բան կրնայ ընել, հետեւաբար, սպասելու կարիք չկայ», եզրափակած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:



