Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրանդ Մարգարեան. «Միայն Հետեւանքներուն Դէմ Պայքարելով Չես Կրնար Երեւոյթը Արմատախիլ Ընել»

August 11, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, անդրադառնալով տեղի ունեցած «ՀՅԴ սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները» նախագիծի շնորհահանդէսին, լրագրողներուն ըսաւ. «Կը կարծեմ, թէ մենք ասով կարեւոր սկիզբ կը ճշդենք մեզի համար: Ճիշդ է, որ Դաշնակցութիւնը միշտ ընկերային արդարութեան կողմնակից եղած է եւ յաճախ իր ընտրական փլաթֆորմներով հրապարակ եկած, բայց ասով մենք կը ներկայացնենք հայեցակարգ մը, որ պիտի վերածուի ուղեցոյցի մը»:

Ան նշեց, որ որեւէ դաշնակցական, ըլլայ նախարար, խմբագիր, գրող, պատգամաւոր, ընկերային-տնտեսական հարցերուն պէտք է մօտենայ ըստ այս հայեցակարգին:

«Ասիկա կարեւոր է այն առումով, որ Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ կուսակցութիւնները յաճախ շատ կը նմանին իրարու` իրենց ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեամբ: Կրնան իրարու հայհոյել, զիրար չընդունիլ, միմեանց դէմ իբրեւ բեւեռներ ներկայանալ, բայց խորքին մէջ` ընկերային-տնտեսական հարցերուն մէջ նոյնն են: Մենք կը տարբերինք բոլորէն, որովհետեւ մենք ազատական տնտեսական համակարգը չենք ընդունիր, մերը աւելի շատ ընկերվար-ժողովրդավարական հիմունքներու վրայ է: Այս առումով, ես կը կարծեմ, որ մենք կարեւոր քայլ կը կատարենք: Կարեւոր նաեւ այն առումով, որ մեր ժողովուրդը, քաղաքականացած շերտը մեր երիտասարդութեան եւ մեր ժողովուրդին, պէտք է կարենայ անդրադառնալ, որ աղքատութիւնը չսիրելը, աղքատութեան դէմ պայքարը միայն խօսքով եւ ցանկութեամբ չէ: Ատիկա պէտք է նաեւ քաղաքականութիւն ըլլայ, ծրագիր ըլլայ` աղքատութիւնը վերացնելու հիմնաւոր ծրագիր: Պէտք է տեսնեն, որ այդ ծրագիրը Դաշնակցութիւնը ունի: Եւ այսպէս շարունակ, որովհետեւ փտածութիւնը եւ այն բոլոր երեւոյթները, որոնց դէմ այսօր կը խօսին, յստակ պատճառով ստեղծուած են:

«Միայն հետեւանքներուն դէմ պայքարելով չէ, որ կրնաս երեւոյթները արմատախիլ ընել, պէտք է կարենաս հիմնական լուծումներ բերել: Մենք այդ  հիմնական լուծումները կը բերենք: Այս առումով, ես կը կարծեմ, որ կարեւոր գործի մը սկիզբը կը դրուի այսօր:

«Այս սկիզբը պէտք է դրուէր տակաւին ամիսներ առաջ, սակայն վերջին իրադարձութիւնները խանգարեցին, եկանք, հասանք այսօրուան: Այս ծրագիրը նաեւ կարեւոր էր այն առումով, նկատի ունիմ` նախկին եւ այսօրուան վիճակը, որ մենք քոալիսիոնի մէջ ըլլալով, կը բանանք նոր ուղղութիւն մը, որ հաւանաբար կառավարական քաղաքականութեան համահունչ չէ, բայց ասիկա մեր քաղաքականութիւնն է, մեր տեսակն է:  Եթէ մենք մեծամասնութիւն ըլլայինք, այդպէս կը ղեկավարէինք երկիրը, տնտեսութիւնը, ընկերային հարցերուն նկատմամբ այդ մօտեցումը կը ցուցաբերէինք եւ կը ղեկավարէինք», նշեց Մարգարեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս նախագիծը կարելի՞ է դիտարկել իբրեւ նախընտրական քարոզարշաւ, Մարգարեան ըսաւ. «Այդ պարագային մենք փլաթֆորմ կը ձեւաւորէինք եւ այդպէս կը խօսէինք, որպէսզի որոշակի հարցերու պատասխանէինք: Բայց ասիկա ուղղութեան, ուղեգիծի ճշդում է, որ ընտրապայքարի հետ կապ չունի»:

***

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ազատ արձակման միջնորդութենէն ետք Դաշնակցութեան հասցէին հնչած մեղադրանքներուն մասին խօսելով` Հրանդ Մարգարեան յայտարարեց. «Մենք կ՛ուզե՞նք, որ Նիկոլ Փաշինեանը յաջողի, թէ՞ չենք ուզեր: Եթէ չենք ուզեր` ձգենք, ուշ կամ կանուխ գլուխը կը դպնայ քարին, իսկ եթէ կ՛ուզենք` ժամանակին պէտք է յիշեցնենք, թէ ինչէ՛ խուսափի, ո՛ր ճամբով չերթայ»:

«Կը զարմանամ, որ Դաշնակցութիւնը կը քննադատեն, որովհետեւ մենք կ՛ուզենք, որ նոր Հայաստանի այս շարժումը յաջողի: Եւ յաջողելու համար կ՛ուզենք, որ չսխալին: Հակառակը` կարծես միտքի ահաբեկչութիւն ըլլայ, երկրին մէջ միտքի ահաբեկչութիւն տեղի կ՛ունենայ: Այսինքն` մտահոգուելու իրաւունք այլեւս չունի՞նք, տեսակէտ ունենալու կարելիութիւն չունի՞նք: Եթէ գործընկեր ենք, այդպէս կրնանք գործընկերութիւն ընել, ոչ թէ լռելով եւ համակերպելով: Մօտեցումը բարեացակամ է, մենք երկրի ապագայով մտահոգ ենք, բայց ոչ մէկուն թոյլ կու տանք միտքի ահաբեկչութիւն կատարել: Ահաբեկչութիւնը ահաբեկչութիւն է, ուզես` կրակէ, ուզես` մտածելը արգիլէ», յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան:

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Ներկայացուց Ընկերային-Տնտեսական Քաղաքականութեան Հիմնադրոյթներու Սեփական Նախագիծը

Յաջորդը

«Փրեմիեր Լիկ». Թոթենհամ Իր Կազմը Պահելով Անփոփոխ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.