Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Օրինականութեան Գերիշխանութեան Հաստատումը Հայաստանի Մէջ Եւ Սիրոյ Ու Համերաշխութեան Ամրապնդումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Են»

Օգոստոս 13, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, շաբաթ, 11 օգոստոս 2018-ին, Ս. Աստուածածին վանքի բացօթեայ խորանին վրայ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` նուիրուած վանքի ուխտի օրուան: Պատարագը մատուցեց Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ  Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի:

Պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետը հայրապետական թափօրով Ս. խորան բարձրացաւ եւ համաձայն հայ եկեղեցւոյ հայրերու կանոններուն, ընթերցեց Աստուածամօր ուղղուած գոհաբանական աղօթքը եւ կատարեց խաղողի ու մատաղի օրհնութիւնը:

Մատաղի օրհնութենէն անմիջապէս ետք վեհափառ հայրապետը ուղղեց իր պատգամը: Նախ եւ առաջ, ան ներկայացուց Ս. Մարիամ Աստուածածինի արժէքն ու առանցքային դերը հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ գրականութեան մէջ սրբութեան ու խոնարհութեան խորհրդանիշն է Աստուածածինը, որ իր կեանքին եւ վկայութեան մէջ կը պարփակէ քրիստոնեայ մարդու բարոյական արժէքներն ու առաքինութիւնները: Արդարեւ, հայ մօր տիպարը կը ձգտինք տեսնել Ս. Մարիամի յատկանիշներուն ներքեւ, մանաւանդ` ներկայ դարու մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ հայ քրիստոնեայ ընտանիք մը չի կրնար զերծ մնալ Աստուածամօր կեանքէն ճառագայթող առաքինութիւններէն:

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս խօսքը ուղղեց Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ կազմուած փոքրիկներու երգչախումբին: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց երգչախումբի մանուկներուն եւ անոնց ղեկավար սրբազանին, որուն տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ իրականացաւ այս երգչախումբի կազմութիւնը: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը փոքրիկներու երգչախումբը կոչեց «Նարեկացի» անունով:

Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս վեհափառ հայրապետին մտածումներէն չբացակայեցաւ երիտասարդութիւնը: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց երիտասարդութեան կարեւորութիւնը համայնքի եւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է մեր ամբողջական վստահութիւնը տալ եւ լուսանցքէն անդին չնետել երիտասարդները: Արամ Ա. կաթողիկոսը  դարձեալ իր գնահատանքը յայտնեց հայ եկեղեցւոյ խտացուած դասընթացքներուն մասնակից երիտասարդներուն, որոնք Անթիլիասի մայրավանք եկած էին Միացեալ Նահանգներէն ու Քանատայէն, եւ նշեց, որ անոնք թէեւ հայերէնով կրնան նոյնքան լաւ չարտայայտուիլ, ինչպէս անգլերէնով կ՛արտայայտուին, սակայն անոնք հայ են եւ այս խտացեալ դասընթացքէն ետք տուն պիտի վերադառնան գիտելիքներով զարգացած ու հաւատքով հզօրացած, որպէսզի այս բոլորը ի գործ դնեն հայ եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ բարեկարգութեան համար:

Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրուան առիթով բազմահազար ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս խօսելով վերջին ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական զարգացումներուն մասին ըսաւ. «Մեր պատգամներուն ընթացքին, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, յաճախակի առիթներով շեշտած ենք, թէ վարչակարգերը ժամանակաւոր են, մնայունը եւ յաւերժականը ժողովո՛ւրդն է իր հայրենիքով: Հետեւաբար, ժողովուրդին ընդհանրական եւ գերագոյն շահերը մղիչ ուժը, նպատակը եւ արժեչափը պէտք է դառնան որեւէ իշխանութեան օրինականութեան ու վաւերականութեան եւ անոր նկատմամբ ժողովուրդին ունեցած վստահութեան: Մեր պատգամներուն մէջ շեշտակի կերպով նաեւ անդրադարձած ենք փտածութեան բարոյական, ազգային ու տնտեսական քանդիչ հետեւանքներուն եւ կոչ ուղղած` զայն արմատախիլ ընելու Հայաստանի մէջ:

«Ահա թէ ինչու մենք ջերմօրէն ողջունեցինք «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը` օրին կապ հաստատելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Ողջունեցինք «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը, որովհետեւ անոր առանցքային նպատակը օրէնքի գերիշխանութեան հաստատումն էր երկրին մէջ` սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ:

«Յեղափոխութիւն մը իր լիարժէք իմաստը կը ստանայ յեղափոխութենէն ետք, երբ վերածուի թափանցիկ ու նպատակասլաց գործընթացի, երբ խոստումներն ու սպասումները հանգրուանային կերպով կեանքի կը վերածուին: Հո՛ս է յեղափոխութեան ճշմարիտ փորձաքարը եւ միաժամանակ իրաւ չափանիշը: Ներկայ անցումային շրջանին ճիշդ չէ որեւէ արժեւորում կատարել եւ գնահատանք տալ շուրջ երեք ամսուան կեանք ունեցող իշխանութեան մը գործունէութեան մասին: Կ՛ողջունենք երկրին մէջ օրինականութեան գերիշխանութիւն հաստատելու եւ ժողովուրդին կենսամակարդակը բարձրացնելու միտող վարչապետին ճիգերը: Իր յաջողութիւնը Հայաստանին յաջողութիւնն է»:

Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, հաւատացեալները ստացան ննջեցեալներուն հոգիներուն համար օրհնուած մատաղը եւ աստուածային բարիքներու խորհրդանիշ հանդիսացող խաղողի առաջին ճիռերը:

 

 

Նախորդը

Տեղի Ունեցաւ Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Անդրանիկ Հաւաքը

Յաջորդը

Արժէքների Պատերազմ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?