ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովին Ընթացքին. «Սադրանքներու Դէպքերը Լուրջ Կասկածի Տակ Կը Դնեն Պաքուի Յանձնառութիւնը Խաղաղութեան Գործընթացին» Յայտարարեց Վարչապետ Փաշինեան
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արտաքին յարաբերութիւններու գծով խորհրդական Արսէն Խառատեան իր ֆէյսպուքեան էջով կը տեղեկացնէ, որ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին` օրուան երկրորդ կիսուն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը հանդէս եկած է ելոյթով: «Ելոյթէն առաջ եւ ետք Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցաւ ՕԹԱՆ-ի գլխաւոր քարտուղար Եանս Սթոլթենպերկի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի, Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի, Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի եւ Լիթուանիոյ նախագահ Տալիաս Կրիպաուսքայթէի հետ», գրած է...




















