Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Շարժման 30-ամեակի Եւ Արցախի Հանրապետութեան 27-ամեակի Հանդիսութեան Ընթացքին. Արցախեան Յաղթերթը Արեամբ Եւ Քրտինքով Շարունակելու Վճռակամութեան Վերահաստատում

Սեպտեմբեր 4, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, երէկ` 3 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան շարժման 30-ամեակին եւ Արցախի անկախութեան 27-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը այն նահատակներուն, որոնց նուիրումով կերտուեցաւ արցախեան յաղթանակը:

Բացման խօսքը արտասանեց Վահրամ Էմմիեան, որ ըսաւ, թէ  2 սեպտեմբեր 1991-ին Արցախի Հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը հռչակեց հիմնուելով Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն եւ անկախ պետութեան ստեղծման համար միջազգային օրէնքի դրոյթներուն վրայ, նաեւ` հանդիսացաւ հանրաքուէի արդիւնք, որովհետեւ, ի տարբերութիւն բռնատիրական Ազրպէյճանի, Արցախը ժողովրդավարական հանրապետութիւն է, շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան փարոս մը` միջազգային ու ժողովրդավարական պետութիւններու ընտանիքներուն անդամակցութեան արժանի:

Ապա ան անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ հայութեան նկատմամբ գործուած թշնամական արարքներուն եւ ահաւոր ոճիրներուն, որոնք ցոյց կու տան, թէ Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը հիմնուած է հայերու նկատմամբ ատելութեան, խտրականութեան, ցեղապաշտութեան եւ սպանութեան մտադրութեան վրայ: «Ուստի Արցախի Հանրապետութիւնն ու անոր ժողովուրդը չեն կրնար մաս կազմել Ազրպէյճանին` այն պետութեան, որուն նպատակը Արցախի ժողովուրդի բնաջնջումն է, եւ որուն փտածութիւնն ու բռնատիրութիւնը անյարիր է հայ ժողովուրդի ազատատենչ ոգիին ու արժեհամակարգին», աւելցուց ան:

Վահրամ Էմմիեան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ խիզախութեամբ եւ զոհողութեամբ կերտուած թանկագին յաղթանակը, որուն համար իրենց կեանքը նուիրած անմահներուն հոգիները «այս պահուս անկասկած կը խայտան` տեսնելով, որ լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ իրենց գործը, կը շարունակէ ԹուրքիաևԱզրպէյճան չարիքի առանցքին դէմ պայքարը, կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ ամբողջական մասնակիցը ըլլալ Արցախի Հանրապետութեան վերաշինութեան, տնտեսական զարգացման եւ անկախութեան ճանաչման աշխատանքին», դիտել տուաւ ան` հաստատելով, որ հայութիւնը քաջաբար եւ ամէն տեսակի զոհողութեան ի գին միշտ կառչած պիտի մնայ իր հողին եւ իրաւունքներուն:

Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ տպաւորիչ տեսերիզ մը, որուն մէջ կը ներկայացուէր Արցախի պատմութիւնը, ազատագրական պայքարը, կերտուած յաղթանակն ու Հանրապետութեան հռչակումը:

Ապա խօսք առաւ Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայութեան` արցախցիին վիշտը, ցաւը եւ ուրախութիւնը կիսողին: Ան պատմական անդրադարձ մը կատարեց Արցախին` Մեծ Հայքէն սկսեալ, դիտել տալով, որ պետականաշինութեան, պետականաստեղծման, պետութիւն ունենալու գաղափարը միշտ ալ եւ մնայուն կերպով արցախցիին մէջ ապրած է, բիւրեղացած է եւ ուժ ու կորով ներշնչած ժողովուրդին, նաեւ միշտ ալ ապրած է Արցախի լեռներուն մէջ, որքան ալ տարբեր ըլլան պայմանները եւ ժամանակները: Ըստ Բալայեանի, ժողովուրդին մէջ միշտ վառ մնաց այն գաղափարը, որ ինք պիտի ունենայ պետականութիւն: «Այդ պետականութեան գաղափարը ո՛չ միայն Արցախի մէջ սկսաւ ապրիլ, այլ միաժամանակ Արցախի մէջ ծնած գործիչները փորձեցին նաեւ Արեւմտահայաստանի կապուած հարցերը լուծել` Նիկոլ Դուման, Արամ Մանուկեան, Վանայ Վարդան, որոնք իսկապէս բերին նոր գաղափար մը, որ առանց պետութիւն ունենալու մենք չենք կրնար ապրիլ եւ յառաջ ընթանալ», հաստատեց ան:

Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահը անկէ ետք անդրադարձաւ կարեւոր գաղափարի մը, որ ցաւ ի սիրտ հայկական դիւանագիտութեան կողմէ երբեմն կ՛անտեսուի: «Ազրպէյճան եւ անոր աջակցող ուժերը անընդհատ կը խօսին Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին, մենք անընդհատ կը խօսինք ինքնորոշման իրաւունքի մասին, բայց մենք կարելիութիւն ունինք մեր հարցին լուծում ապահովելու, ինչպէս ինքնորոշման սկզբունքով, այնպէս ալ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքով: Որովհետեւ մինչեւ Ազրպէյճանի մուսաւաթական հանրապետութեան քարտէսին վրայ գծուիլը, որ տեղի ունեցաւ 1918 թուականի մայիս 27-ին, Արցախի մէջ 1917 թուականի դեկտեմբերին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Ապառաժ»-ի կառոյցը, Արցախի մէջ գործող քաղաքական ուժերը համախմբեց իր շուրջը եւ պետականութիւն վերակերտեց: 1917 դեկտեմբեր, տակաւին չկար Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնն ալ. այս գաղափարը մենք պէտք է օգտագործենք, որովհետեւ մենք ստեղծեցինք իշխանութեան մարմիններ, մինչեւ 1918 թուական ունեցանք կառավարութիւն, կառավարութեան ղեկավար, օրէնսդիր իշխանութիւն, բանակ, հրամանատարութիւն», ըսաւ ան: Վ. Բալայեան նաեւ խօսեցաւ Խորհրդային Միութեան տարիներուն տիրող կացութեան մասին` հաստատելով, որ Արցախը ունեցած է այդ փուլին յատուկ ինքնավարութիւն, երբեք Ազրպէյճանի կազմին մէջ չէ եղած, կառավարուած է Մոսկուայի կողմէ, ունեցած է իր 5 պատգամաւորները, որոնք կը ներկայացնէին Արցախի ժողովուրդին շահերը: Հասնելով Խորհրդային Միութեան փլուզման փուլ, ան ըսաւ, որ Արցախը ստեղծեց իր պետականութիւնը: «Ժողովուրդը ունի ասացուածք մը, որ կ՛ըսէ, թէ հայրենիքը աւելի կը քաղցրանայ, երբ անոր վրայ արիւն կը հեղուի եւ քրտինք կը թափի: Մենք թէ՛ արիւն հեղած ենք, եւ թէ՛ քրտինք թափած ենք: Մենք պատրաստ ենք այդ բեռը մեր ուսերուն տանելու եւ կը կարծեմ, թէ յաջողութեամբ կը տանինք շնորհիւ մեր բոլոր հայրենակիցներուն աջակցութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն, ձեզի` լիբանանահայեր, ընդհանրապէս սփիւռքահայեր: Համոզուած եմ, որ միացեալ ուժերով, ինչպէս մենք 91-94 թուականին կերտեցինք մեր յաղթանակը, մենք պիտի յաղթենք նաեւ խաղաղ շինարարութեան, ոչ պատերազմ-ոչ խաղաղութիւն ժամանակաշրջանին, եթէ մենք միասնական կերպով անցնինք այս ուղին», հաստատեց Բալայեան:

Ապա Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահը ներկայացուց այսօրուան Արցախը` իր ձեռքբերումներով եւ կորուստներով: «27 տարիներուն ընթացքին մենք յաջողեցանք ստեղծել քաղաքական համակարգ, պետութեան կմախքը, ինչ որ շատ կարեւոր է. հասկնալի է, որ սկզբնական շրջանին ՀՅԴ-ն էր, բայց մենք յաւակնութիւններ չունինք, որ այդ դաշտին մէջ միայն մենք էինք, այլ 1990-ական թուականներէն մենք կարելիութիւն ստեղծեցինք, որ ասպարէզին վրայ երեւան նաեւ քաղաքական ուժեր, որովհետեւ այլակարծութեան պայմաններու մէջ մենք պիտի կարենանք ժողովրդավար երկիր կերտել: Փառք Աստուծոյ, այս տասնամեակներուն Արցախի մէջ ծնունդ առին կուսակցութիւններ, ի հարկէ անոնք ձեւաւորման ընթացքի մէջ են, սակայն համոզուած եմ, որ այս ուղիով մենք աւելիով պիտի ամրապնդենք մեր քաղաքական համակարգը:

«Տնտեսական ասպարէզը եւս շատ կարեւոր է մեզի համար. հակառակ համաշխարհային ճգնաժամին, Արցախի իշխանութիւնները կրցան տարեկան մինչեւ 10 առ հարիւր տնտեսական աճ ապահովել: Այս տարի մենք առաջին անգամն ըլլալով հատեցինք 100 միլիառ դրամի պիւտճէն: Այդ զարգացման թափը օրէ օր աւելի կը խորանայ, եւ համոզուած եմ, որ մենք յաջողութիւններ պիտի ապահովենք այս բնագաւառին մէջ եւս», դիտել տուաւ Վահրամ Բալայեան: Ան աւելցուց, որ յաջողութիւններ արձանագրուած են նաեւ հանքարդիւնաբերութեան, ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան բնագաւառներուն մէջ. թէեւ միշտ ալ կան դժուարութիւններ, սակայն աշխատանք կը տարուի նոր ծրագիրներով զարկ տալու անոնց: Ազգային ժողովի փոխնախագահը լուսարձակի տակ առաւ քաղաքական-դիւանագիտական յաջողութիւնները, խօսեցաւ Ազրպէյճանի սեւ ցանկին մասին, որ այդքան ալ կարեւորութեան չ՛արժանանար այն անձնաւորութիւններուն կողմէ, որոնք Արցախ կու գան տեղւոյն վրայ ծանօթանալու իրավիճակին, կը գիտակցին, որ մարդու իրաւունքներու սկզբունքները, ժողովրդավարութիւնը լիովին յարգուած են Արցախի մէջ, եւ անոնք կը դառնան Արցախի անպաշտօն դեսպանները: Ան մանրամասնեց, որ ապրիլեան պատերազմէն ետք նման օտար անձնաւորութիւններու հոսքը աւելցած է` շնորհիւ Հայ դատի գրասենեակներուն, Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն ու համայն հայութեան ջանքերուն` համոզմունք յայտնելով, որ այս ընթացքով նորանոր յաջողութիւններու կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ: Յաջողութիւններուն կարգին Վահրամ Բալայեան նաեւ անդրադարձաւ բանակաշինութեան` հաստատելով, որ արցախցի իւրաքանչիւր ընտանիք բազմաթիւ թելերով կապուած է բանակին, առանց որուն կարելի չէ յառաջ ընթանալ: Այս գիտակցութեամբ աշխատանք կը տարուի բանակը ամէն իմաստով հզօրացնելու, յատկապէս ապրիլեան պատերազմէն ետք` միշտ գիտակցելով, որ պատերազմը չէ աւարտած, պէտք է միշտ զգօն ըլլալ:

«Այն զգօնութիւնը, զոր այսօր արցախահայութիւնը ունի, միայն ու միայն պատիւ կը բերէ այդ ժողովուրդին: Հայաստանի վերջին զարգացումներու խորապատկերին վրայ, երկրի ազգաբնակչութիւնը բաւական զուսպ կը պահէ ինքզինք, ոչ թէ այն պատճառով, որ Արցախի մէջ ալ հիմնախնդիրներ ու հարցեր չկան, շատ կան, սակայն ան կը գիտակցի, որ ինք սահմանապահ է, քաջ կը գիտակցի, որ որեւէ անկայունութիւն մեզի համար կործանարար կրնայ ըլլալ: Այս տեսանկիւնէն մենք` քաղաքական ուժերս, հանրապետութեան ղեկավարութիւնը, կը ձգտինք ժողովուրդին հետ համաքայլ ըլլալով անկէ անջատուած չըլլալ, փորձել ժողովուրդին հոգերուն լուծում ապահովել: Բնականաբար ամէն ինչ միանգամայն չի լուծուիր, բայց կարեւորը այն է, որ այսօր մեր զինուորը ապահով կանգնած է մեր սահմանին վրայ, եւ մեր երեխաները, կիներ, խաղաղ ազգաբնակչութիւնը ինքզինք ապահով կը զգայ երկրին մէջ:

«Յառաջիկայ փուլին պիտի փորձենք սփիւռքի հետ մեր յարաբերութիւնները ո՛չ միայն օգնութիւն ստացողի բնոյթով ըլլան, այլ անոր նայինք իբրեւ տնտեսական գործընկեր, եւ իշխանութիւններուն հետ անընդհատ կը խօսինք այս մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ պայմաններ ստեղծել ներդրումներ կատարելու, հայկական դրամագլուխը չփոշիանայ եւ հայրենիքի մէջ նոր ծաղկում ունենայ: Կը կարծեմ, թէ Լիբանանի մեր հայ գործիչներուն կողմէ կատարուող ներդրումները ինքնին ատոր վկայութիւնն են:

«Ձեզ կը յորդորեմ Լիբանանի մէջ միակամ ըլլալ, ձեր հայեացքը ուղղել դէպի Հայաստան եւ Արցախ. համոզուած եմ, որ կու գայ ժամանակ, երբ մեր երկու պետականութիւնները այնքան հզօր կ՛ըլլան, որ լուծումներ կ՛ապահովեն սփիւռքի մէջ ապրող մեր բոլոր հայրենակիցներու հարցերուն», եզրափակեց Վահրամ Բալայեան:

Ելոյթ ունեցաւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան, որ մեկնաբանեց երեք երգեր, վերջինը` «Թալիշի դիրքերում» խորագիրը կրող, գրուած է արցախցի հրապարակագիր եւ լրագրող Միքայէլ Հաջեանի կողմէ, նուիրուած իր նահատակ զաւակին` Նորայրին եւ անոր ընկերոջ` Սարգիսին յիշատակին, եւ որուն երաժշտութեան յօրինողն է Վահրամ Էմմիեան, եւ որ առաջին անգամն ըլլալով կենդանի կատարուեցաւ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը փոխանցեց Յովիկ Պերթիզլեան, որ լուսարձակի տակ առնելով 1988 փետրուարին հայ ժողովուրդին առած վճռական քայլը, որ պիտի հունաւորէր հայ ազգի ապագան, ըսաւ. «Թրքական կրունկին տակ ճնշուած Արցախը սկսաւ հայոց հողահաւաքը: Արցախի ժողովուրդը եղաւ համապատասխան իր ազատատենչ նկարագիրին: Ազերիական ճնշումներուն տակ հիւծող Արցախին, Թուրքիոյ սպառնալիքներուն ենթակայ Հայաստանին եւ իր ազգային ինքնութիւնը պահելու համար գերմարդկային ճիգեր գործադրող սփիւռքին հայութեան համար Արցախի ազատագրական պայքարի յաղթանակով պսակուիլը նշեց պատմական շրջադարձ մը: Հայ ժողովուրդը խորտակեց ստորակայութեան շղթաները, ինքզինք վերահաստատեց իբրեւ կենսունակ ու մարտունակ ազգ եւ շրջանին մէջ վերականգնեց իր ռազմաքաղաքական դիրքը: Արցախի անկախացումով հայ-թրքական աշխարհաքաղաքական ճակատումը ստացաւ անտեղիտալի բնոյթ: Նժարի վրայ էին հայ ժողովուրդին գոյութիւնը եւ համաթուրանականութիւնը, կշիռքին նժարը թեքեցաւ հայերուն կողմը` այսուհետ բացառելով նահանջն ու ետդարձը. ասով կը բացատրուին կացութիւնը ի նպաստ իրենց շրջելու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ անդուլ ճիգերը»:

Յ. Պերթիզլեան յիշեցուց, որ այս տարի նշեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակը, Արցախի շարժումի սկզբնաւորութեան 30-ամեակը եւ անկախութեան հռչակման 27-ամեակը` հաստատելով, որ 100 տարի առաջ սկսաւ պատմական շրջադարձ մը, որովհետեւ մինչ այդ մեր պատմութիւնը դէպի անդունդ գացող ընթացք ունէր: Հարիւրաւոր տարիներ միշտ կորուստ տուած են` հող, թիւ, մշակոյթ, ամէն բան, մինչեւ 19-րդ դարու աւարտ մեր պատմութիւնը ապրած է անկումներու շրջան: Ըստ անոր, Ցեղասպանութենէն 50 տարի ետք Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հայութիւնը կրցաւ ոտքի կանգնիլ ու մտաւ քաղաքական բեմ, բայց եւ այնպէս ասիկա կարելի չէր ընել, եթէ 1917-1918 թուականներուն Արցախի պայքարը, դարձեալ մայիս 28-ով ստեղծուած անկախ Հայաստանը գոյութիւն չունենային: «Այդ շարժումներուն, հայ յեղափոխութեան շնորհիւ, մայիս 28-ի, Սարդարապատի շնորհիւ, Արցախի պայքարին շնորհիւ, հայ ժողովուրդի պատմութեան դէպի անդունդ գլորիլը կանգ առաւ: Սկսանք պետականաշինութեան, դրինք հիմերը ամուր, ժողովրդավար պետականութեան, ուժեղ բանակի, նաեւ սկսանք հողահաւաքի: Թէեւ խորհրդայնացումով ժամանակաւորապէս մեր վերելքը կասեցուեցաւ, բայց մենք միշտ պէտք է յիշենք, թէ Արցախի ժողովուրդը երբեք չընկրկեցաւ եւ միշտ ալ պահանջեց վերամիանալ Հայաստանին», հաստատեց ան` անդրադառնալով այդ ժամանակաշրջանին Արցախի ապրած պայմաններուն: Ան յատկապէս յիշեց 1937 թուականը, երբ հայութիւնը կորսնցուց իր սերուցքը` մտաւորականութիւնը, Հայաստանի մէջ ու Արցախի, նաեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին տուաւ զոհեր, հողեր կորսնցուց, սակայն, հակառակ այս բոլորին, հայութիւնը կրկին մնաց անկոտրում, իր մէջ պահեց ուժը` վերանկախանալու, վերանկախացաւ եւ կատարեց հողահաւաք:

Ապա ան հաստատեց, որ նոր սերունդները ազգի անցեալին եւ ապագային համար պատասխանատու են եւ պարտաւոր են 21-րդ դարը հայ ազգին դարը դարձնելու: «Մենք իրաւունք չունինք մեր յաջորդ սերունդներուն պարտութիւններ կտակելու, այլեւս պարտութիւններու, նահանջներու եւ փոքրանալու տեղ չունինք: Մենք մեր առաւելագոյնը տուած ենք, մենք այսօր միայն առնելիք ունինք», ըսաւ Յ. Պերթիզլեան:

«Հայ ժողովուրդին երազը վերաիրականացաւ Հայաստանի վերանկախացումով, արցախեան շարժումով, յաղթանակով, հզօր բանակի կերտումով: Ուրեմն մեծ շրջադարձը կատարուած է, եւ քանի որ անիկա կատարուած է, հաւատացէ՛ք` Միացեալ Հայաստանի ստեղծումը այլեւս անիրականանալի երազ չէ: Մեր գոյատեւման միակ երաշխիքն ու գրաւականն է: Պէտք է անդրադառնանք, որ հայ ազգի անկումը սկսաւ այն ատեն միայն, երբ ընդարձակուելու ձգտումը մեր մէջ մեռաւ: Բնութեան օրէնք է, չէ՞: Ընդարձակուելու ձգտում չունեցող ժողովուրդները դատապարտուած են մահուան: Մենք ընդարձակուելու համար պիտի վերատիրանանք մեր իրաւունքներուն, հողերուն, որոնց մէկ մասն էր միայն Արցախը, մենք տակաւին ընդարձակուելու շատ տեղ ունինք, որովհետեւ ունինք մեզմէ խլուած շատ իրաւունքներ, որոնց պիտի վերատիրանանք ամէն գնով, եւ մեր սերունդին, յաջորդ սերունդներուն պարտականութիւնն է ատիկա», դիտել տուաւ ան: Յ. Պերթիզլեան համոզում յայտնեց այն մասին, որ ատիկա կարելի է, որովհետեւ այսօրուան նոր սերունդները ինքնավստահ եւ հպարտ հայերն են, յաղթած հայն է` կոչ ուղղելով յաղթանակները գուրգուրանքով պահելու, որովհետեւ հայութիւնը ամբողջ հարիւրամեակներ յաղթանակներ չէր ունեցած, իսկ այսօր աշխարհին կը ներկայանանք բաց ճակատով, ուստի նոր սերունդները ստորակայութեան բարդոյթ պէտք չէ ունենան:

Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ այլ երեւոյթ մը` հիմնախնդիրները մոռնալու, երկրորդ գիծ մղելու սովորութիւնը, անտարբերութիւնն ու զգօնութեան կորուստը, ինչ որ վտանգաւոր է, որովհետեւ այս իմաստով պէտք չէ թուլնալ, մանաւանդ որ Ազրպէյճան մնայուն կերպով կը յայտարարէ պատերազմի վերսկսումը: Յ. Պերթիզլեան ըսաւ, որ քառօրեայ պատերազմը այս առումով եղաւ լաւ դաս, թերիներ ունենալը երեւան հանեց եւ եկաւ անգամ մը եւս մեզ զգաստութեան հրաւիրելու եւ յուշելու, որ պատերազմը չէ վերջացած, մանաւանդ որ մենք ունինք թուրք դրացիներ, որ մենք ամէն օր ընելիք ունինք: Ան նաեւ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ ինչ որ այլ պետութիւններու մէջ ընդունելի է, Հայաստանի մէջ նաեւ, ինչպէս` յեղափոխութիւն կամ իշխանափոխութիւն, կրնայ աղէտալի ըլլալ Արցախի համար, որուն թշնամին նման առիթի կը սպասէ:

Յովիկ Պերթիզլեան հաստատեց, որ մենք ամբողջութեամբ չկարողացանք վերաշինել Արցախը, տնտեսապէս հզօրացնել զայն, իսկ մեզմէ պահանջուածը գործակցութիւն է, թիկունք ըլլալ այդ հողին վրայ ապրող իւրաքանչիւր անհատի, որ ինքնին զինուոր է, չբաւարարուիլ տարին անգամ մը հանգանակութիւններու մասնակցելով, այլ Արցախը մեր առօրեային մէկ բաժինը դարձնել, միշտ մտածել, որ իւրաքանչիւրս ընելիք ունինք Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման համար, սփիւռքի դիմագիծի պահպանման համար, մեր արժեհամակարգերով ապրելու համար: «Այսօրուան նշումը ընդամէնը նշում է, որ օգտակար կը դառնայ մեզի մտածել տալու, որ յառաջիկային մենք չգործենք այն սխալները, զորս վերջին երեսուն տարիներուն գործեցինք: Այս մտածումները, ապրումները մենք պէտք է գիտնանք ժողովրդականացնել, որովհետեւ սրահին մէջ եղածները չեն բաւեր, ժողովուրդը պէտք է այս ապրումներով երթայ իր աշխատանքին, ամէն օր մտածէ քար մը աւելի դնելու հայրենաշինութեան, Արցախի պաշտպանութեան համար», եզրափակեց Յովիկ Պերթիզլեան:

Աւարտին իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց նորընտիր առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, որ բախտաւորութիւն ու արդար հպարտութիւն նկատեց իբրեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ եկեղեցւոյ մէջ տուած քարոզէն ետք իր առաջին պատգամը տալ Արցախի նուիրուած նման հանդիսութեան ընթացքին: Ան նշեց, որ երբ արցախեան շարժումը սկսաւ եւ Արցախ իր հանրապետութիւնը կերտեց, իւրաքանչիւր հայ, ո՛ւր ալ գտնուեցաւ, իր սրտի տրոփիւնին մէջ զգաց ու կը շարունակէ զգալ Արցախը: «Որովհետեւ մենք բոլորս մի զարկն ենք արցախեան պայքարին: Արցախի շարժում եւ Արցախի անկախութիւն… Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահը շատ դիպուկ կերպով բնորոշեց, երբ ըսաւ` արիւն թափեցինք, այսօր քրտինք կը թափենք, եթէ պէտք ըլլայ դարձեալ արիւն կը թափենք: Սակայն քրտինք թափելը կեանքի ճանապարհ է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, որովհետեւ նահատակութիւնը` հայ քրիստոնէական հասկացողութեամբ, կ՛ըլլայ կեանքով եւ կը պսակուի արեամբ: Այսինքն` ամբողջական յանձնառութիւն է ան, մինչեւ մեր ամբողջական հայրենիքի ձեռքբերումը: Երբ կ՛ըսենք մենք մի զարկն ենք քո բազկի, անվերապահօրէն կը վերանորոգենք մեր ուխտը, թէ մենք զինուորներն ենք Արցախի բանակին, թէ՛ պատերազմի դաշտին վրայ, եւ թէ՛ կեանքի դաշտին վրայ», ըսաւ սրբազան հայրը: Ան դիտել տուաւ, որ հայութեան համար պատերազմը սկսաւ այն ատեն, երբ Հայկ նահապետ իր նետը արձակեց եւ զգետնեց Բէլը` հաստատելով, որ հայութիւնը պիտի շարունակէ իր նետերը արձակել մինչեւ բոլոր բէլերը զգետնուին, եւ ան կարենայ ամբողջական անկախութիւնը վայելել մեր ամբողջական հայրենիքին մէջ: Նարեկ արք. Ալեէմէզեան Աստուծմէ խնդրեց, որ Իր պահապան Աջը միշտ հովանի պահէ Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր զաւակներուն վրայ, եւ մենք կարողանանք իբրեւ մէկ ժողովուրդ, մէկ պայքարի զինուորագրեալ բանակ շարունակել մեր յաղթական երթը:

Շողիկ Թորոսեան
Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան «Արուեստի Վաստակաւոր Գործիչ» Կոչումով Պարգեւատրեց Լիբանանահայ Խմբավար Զաքար Քէշիշեանը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Կրնայ Արգիլուիլ Տոլարով Անշարժ Գոյքի Գնումը Կամ Վարձքը

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?