Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Սեպտեմբեր 7, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 6 սեպտեմբերին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը վերաբերի

ուրբաթ, 31 օգոստոս 2018-ին Պուրճ Համուտի մէջ քաղաքացիներու միջեւ տեղի ունեցած բախումին, որուն պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ: Քաղաքապետութիւնը դիտել տուաւ, որ կարգ մը կողմեր դէպքը մեկնաբանեցին մերժելի կերպով եւ զայն չարաշահեցին ստեղծելու մթնոլորտ մը, որուն նկատմամբ կարելի չէ լուռ մնալ:

Առ այդ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը նաեւ ցաւ կը յայտնէ եւ խստիւ կը դատապարտէ արձանագրուած դէպքը, ցաւակցութիւն կը յայտնէ զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն:

Հաղորդագրութեան մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ հետեւեալ իրականութիւնները.

Ա) Իր ստեղծման օրէն Պուրճ Համուտ ծանօթ է իբրեւ Լիբանանի մանրանկար մը, որ բաց է բոլորին եւ կը հիւրընկալէ բոլորը: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իր կարգին կ՛ընդգրկէ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր շերտերը, ինչպէս նաեւ կը կազմէ բաժնեկցութեան ու համագործակցութեան շրջագիծ մը, որուն ընդմէջէն ազգային համերաշխութիւնը յստակօրէն կ՛երեւայ: Հետեւաբար, բոլոր այն յայտարարութիւնները, վերլուծումներն ու մեկնաբանութիւնները, թէ շրջանը փակ է այս կամ այն կողմին եւ միայն այս կամ այն կողմին բացարձակ իշխանութեան տակ կը գտնուի, չեն համապատասխաներ իրականութեան եւ կտրականապէս մերժելի են:

Բ) Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը ամբողջ երկրին բեռը ծանրացուցած է` հիւսիսէն հարաւ: Լիբանանեան բոլոր շրջանները կը տառապին սուրիացիներու տեղահանութեան հետեւանքներէն` տնտեսական, ընկերային, ծառայութիւններու, ապահովական եւ այլ մակարդակներուն վրայ:

Արդ, Պուրճ Համուտը պատկերելը` իբրեւ շրջան մը, որ միակն է այս իրականութենէն տառապողը, կամ ամէնէն աւելի կամ ուրիշներէն նուազ տառապողը, ամբաստանութիւն մըն է, որ մերժելի է` լիբանանեան բոլոր շրջաններուն եւ անոնց բնակիչներուն վկայութեամբ:

Գ) Ապահովական բախումները եւ միջադէպերը աշխարհի ոչ մէկ վայր կը բացառեն, եւ եթէ նկատի ունենանք, որ Պուրճ Համուտի 2,3 քառ. քմ տարածութեան մէջ կ՛ապրի 180 հազար մարդ, եւ երեք տարիէ ի վեր այս դէպքը առաջինն է, ապա ի յայտ կու գայ, որ նման դէպքերուն համեմատութիւնը բաւական ցած է` այլ շրջաններու հետ բաղդատած: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով կը հաստատենք, որ հարցերու ուռճացումը, ինչպէս նաեւ յայտարարութիւններն ու վերլուծումները, որոնք շրջանը կը ներկայացնեն իբրեւ անապահով եւ բռնութեան թատերաբեմ, սխալ մեկնաբանութիւններ են եւ կասկածելի են` իրենց հետապնդած նպատակներով եւ միտումներով: Իսկ բռնութիւն գործելու յանցանքով միայն մարդոց մէկ հատուածին դատապարտումը, անկախ անկէ, որ անիկա իրականութեան չի համապատասխաներ, իր կարգին մերժելի եւ դատապարտելի գրգռութիւն է:

Դ) Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը` քաղաքապետով, քաղաքապետական խորհուրդով եւ մարդուժով, յանձնառու էր եւ կը մնայ օրինական ու հաստատութենական իր գործունէութեան:

Քաղաքապետութիւնը` իբրեւ տեղական իշխանութիւն, իր բոլոր պարտականութիւնները կը կատարէ` սահմանուած օրէնքին եւ կանոններու շրջագիծին մէջ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը յանձնառու է նաեւ շրջանի բոլոր բնակիչներուն նկատմամբ իր պարտականութիւններուն մէջ, առանց խտրութեան` լիբանանցիներուն եւ միւս բնակիչներուն միջեւ: Այս ծիրին մէջ, կը մերժենք այն ոչ անմեղ պահանջները, որոնք կոչ կ՛ուղղեն մեզի` խախտելու օրէնքը եւ շրջանցելու մեր իրաւասութիւնները` հասնելով այնպիսի պարտականութիւններու, որոնք նախարարութիւններուն եւ ապահովութեան ուժերուն վերապահուած են: Կտրականապէս կը մերժենք նաեւ բոլոր այն յայտարարութիւնները, որոնք կոչ կ՛ուղղեն մեզի` որդեգրելու այնպիսի քայլեր եւ կեցուածքներ, որոնք կը յատկանշուին խտրականութեամբ եւ հատուածականութեամբ, ինչպէս նաեւ անիրաւութեամբ, մոլեռանդութեամբ եւ օրինազանցութեամբ:

Ի վերջոյ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, վերահաստատելով իր խոր կսկիծը եւ դատապարտումը արձանագրուած դէպքին նկատմամբ, կոչ կ՛ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք այս հարցին կ՛անդրադառնան` ըլլալու առարկայական ու ճշգրիտ, հեռու մնալու չափազանցութիւններէ, պոռոտախօսութենէ, ինչպէս նաեւ հատուածական, յարանուանական եւ ցեղապաշտական գրգռութիւններ հրահրելէ:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?