Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան. «Հայաստանը Յանձնառու Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Խաղաղ Ուղիով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ծիրին Մէջ Լուծելու»

September 5, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4 սեպտեմբերին ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըր Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանին հետ, որոնց հետ յատկապէս քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուած հարցեր:

Վարչապետին հետ կայացած տեսակցութեան ընթացքին ան նշած է, որ Հայաստան շատ կարեւոր կը նկատէ ԵԱՀԿ-ի հետ համագործակցութիւնը` եւրոպական եւ շրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ ոլորտներու մէջ, եւ պատրաստ է շարունակելու արդիւնաւէտ գործընկերութիւնը:

Զրուցակիցները, երկուստեք անդրադառնալով առկայ փոխադարձ գործակցութեան բարձր մակարդակին, քննարկած են զայն խորացնելու հեռանկարները:

Վարչապետը անդրադարձած է Հայաստանի վերջին ներքաղաքական զարգացումներուն` ներկայացնելով ժողովրդավարութեան զարգացման, օրէնքի գերակայութեան հաստատման, փտածութեան դէմ պայքարի, խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու կայացման ուղղութեամբ բարեփոխումները: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանի կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է աւելի ազատ, թափանցիկ ու ժողովրդավարական ընտրութիւններու կայացումը` դիտել տալով, որ կառավարութիւնը կարեւոր կը նկատէ  այս գործընթացին մէջ միջազգային գործընկեր կառոյցներու, որոնց կարգին ԵԱՀԿ-ի թեքնիք եւ փորձագիտական աջակցութիւնը:

Թոմաս Կրեմինկըր ողջունած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները եւ պատրաստակամութիւն յայտնած օժանդակելու կառավարութեան` բարեփոխումներու օրակարգին գծով:

Հայաստանի վարչապետը եւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին: Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատած է ԵԱՀԿ-ի եւ միջազգային հանրութեան աշխուժ ջանքերը` շրջանը աւելի անվտանգ դարձնելու ուղղութեամբ եւ ընդգծած, որ Հայաստան յանձնառու է այս տագնապը բացառապէս խաղաղ ուղիով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ բանակցութիւններու միջոցով լուծման:

Իր կարգին, նախարար Զոհրապ Մնացականեան նշած է, որ Հայաստան կ՛արժեւորէ ԵԱՀԿ-ն` իբրեւ շրջանային կարեւոր հարթակ, եւ վերջինին հետ տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութիւնը նշանակալի տեղ կը գրաւէ երկրի արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ: Ան ընդգծած է հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը` շարունակելու ԵԱՀԿ-ի հետ աշխուժ փոխադարձ գործակցութիւնը «Հայաստանի հետ համագործակցութեան ծրագիր»-ի ծիրին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են ԵԱՀԿ-ի քարտուղարութեան եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան միջեւ համագործակցութեան ծրագիրներուն շուրջ:

Նախարար Մնացականեան յատուկ անդրադարձ կատարած է կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն, որոնք կը միտին աւելի բարգաւաճ, կայուն ու զարգացած երկրի մը ստեղծման: Արտակարգ ընտրութիւններու կայացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու պարունակին մէջ Զոհրապ Մնացականեան կարեւոր նկատած է միջազգային գործընկերներուն հետ աշխուժ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը` ընտրական գործընթացը պատշաճ կազմակերպելու նպատակով:

Երկու անձնաւորութիւններն ալ լուսարձակի տակ առած են այն հանգամանքը, որ ղարաբաղեան տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղութեամբ: Այս պարունակին մէջ նախարար Մնացականեան դիտել տուած է, որ հայկական կողմին համար բանակցային գործընթացին մէջ առաջնահերթութիւններ են Արցախի կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը, իսկ գործընթացի յառաջ մղումին համար կարեւոր է խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորումը: Այդ ուղղութեամբ նախարարը առաջնահերթ նկատած է նախկին պայմանաւորուածութիւններու անշեղ կատարումը, զինադադարի դրութեան խախտումներու եւ ռազմատենչ հռետորաբանութեան դադրեցումը:

 

Նախորդը

«Վաղաժամ Է Սահմանադրական Բարեփոխումներու Տարբերակը Քննարկման Օրակարգ Բերելը» Կ՛ըսէ Արսէն Համբարձումեան

Յաջորդը

Ակնարկ. Թրքական Շեղումներ` Մոսկուա – Անգարա – Թեհրան Առանցքէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.