Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը 8 սեպտեմբերին հանդիպում պիտի ունենան Մոսկուայի մէջ: Կողմերը բարձր մակարդակի հայ-ռուսական բանակցութիւններ պիտի ունենան:
Այս լուրը կը հաղորդէ «Արմէնփրես»` իր տեղեկութիւնը քաղելով ռուսական «Իզվեսթիա» թերթէն, որուն այս մասին յայտնած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Ասիկա պիտի ըլլայ Փաշինեանի երրորդ այցելութիւնը Ռուսիա: Նախորդ անգամ ան Փութինի հետ հանդիպում ունեցած էր 14 մայիսին, Սոչիի մէջ` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու վեհաժողովին, ապա 13 յունիսին` Մոսկուայի մէջ, Մոնտիալի բացման արարողութեան ծիրին մէջ: