Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովը Առաջին Ընթերցումով Ընդունեց Ընտրական Բարեփոխումներու Նախագիծը

September 7, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հրաւիրուած Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին քննարկուեցաւ ընտրական բարեփոխումներուն վերաբերող հարցը: Թէեւ թէ՛ պետաիրաւական հարցերու յանձնախումբին մէջ, թէ՛ 6 սեպտեմբերի նիստին նախագիծը բուռն քննարկումի նիւթի վերածուեցաւ, եւ քաղաքական ուժերը, մասնաւորաբար «Բարգաւաճ Հայաստան»-ն ու Հանրապետական կուսակցութիւնը, ըստ էութեան, դէմ էին ներկայացուած նախագիծին, այնուամենայնիւ, նախագիծը առաջին ընթերցումով միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ: Անոր թեր  քուէարկեց 66 պատգամաւոր, դէմ եւ ձեռնպահ չկար:

Քուէարկութենէն առաջ վարման կարգով խօսք առաւ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան, որ, դիմելով արդարադատութեան փոխնախարար Արթուր Յովհաննիսեանին, յորդորեց ոչ թէ առաջինէն երկրորդ ընթերցման ժամանակ մասնագիտական վերլուծութիւններ ներկայացնել, այլ նախագիծը Ազգային ժողով բերելէ առաջ պատշաճ մասնագիտական վերլուծման ենթարկել: Ան նշած է, թէ քանի որ Ազգային ժողովի պետաիրաւական յանձնախումբին մէջ կատարուած առաջարկներուն մասին բանաւոր ըսուեցաւ, որ ընդունելի են, առաջին ընթերցման ժամանակ ՀՀԿ-ն կողմ պիտի քուէարկէ, իսկ երբ պատրաստ ըլլայ վերջնական նախագիծը, իրենց տեսակէտը աւելի մանրամասն կը յայտնեն:

Նշենք, որ նախագիծով կ’առաջարկուի Վարչական դատավարութեան օրէնսգիրքին մէջ տեղ գտած որոշ ընտրական իրաւախախտումներ դարձնել քրէականօրէն պատժելի` նկատի ունենալով անոնց ծանր հետեւանքները: Բացի ատկէ, կ’առաջարկուի որոշ պատիժներ խստանցել եւ դիտել ոչ թէ միջին ծանրութեան, այլ ծանր յանցագործութիւններ, եւ հակառակը` շարք մը արարքներ դիտել իբրեւ վարչական թեթեւ յանցանքներ, իսկ որոշ արարքներ ալ ապաքրէականացնել` նկատի ունենալով, որ վտանգ չեն ներկայացներ:

 

Նախորդը

Կիւրեղեան. «Առաջարկուող Նախագիծը Որոշ Մտահոգութիւններ Կը Յառաջացնէ»

Յաջորդը

Ըստ Ռուստամեանի. Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններուն Մէջ Կան Խնդիրներ, Բայց Փաշինեան – Փութին Հանդիպումէն Մեծ Ակնկալութիւններ Ունինք

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.