Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ռուստամեանի. Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններուն Մէջ Կան Խնդիրներ, Բայց Փաշինեան – Փութին Հանդիպումէն Մեծ Ակնկալութիւններ Ունինք

Սեպտեմբեր 7, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն անդրադարձած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` դիտել տալով, որ կատարուած են շատ մտահոգիչ յայտարարութիւններ, որոնք կը յուշեն, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ հարցեր յառաջացած են:

«Կը կարծեմ, թէ մեր ռազմավարական շահերը այնքան կարեւոր եւ նշանակալից են, որ որեւէ այլ խնդիր պէտք է ստորադասուի», նշած է ան:

Միեւնոյն ժամանակ Արմէն Ռուստամեան ըսած է, թէ Փաշինեան-Փութին հանդիպումէն մեծ ակնկալութիւններ կան: «Այս հանդիպումները ճիշդ ատոր համար են, որ խնդիրները վերջնականապէս պարզաբանուին եւ իրենց լուծումները ստանան. Ռուսիոյ հետ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը որեւէ ձեւով պէտք չէ խաթարուի, որովհետեւ ատիկա մեզի համար պիտի ունենայ լուրջ, ճակատագրական հետեւանք», յայտնած է Ռուստամեան: Ըստ անոր, այս հանդիպումը կարելի է նկատել լիարժէք հանդիպում. «Ասիկա երկկողմանի առաջին լուրջ հանդիպումն է, եւ պէտք է բացէ ի բաց խօսիլ բոլոր նիւթերուն մասին: Մեր հիմնական մօտեցումը այն է, որ Հայաստան իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ միշտ ուշադրութիւն գրաւած է անով, որ նոյն բանը ըսած է թէ՛ Մոսկուայի, թէ՛ Պրիւքսելի, թէ՛ Ուաշինկթընի մէջ: Մենք պէտք է կարենանք ասիկա պահպանել», յայտարարած է ան:

Արմէն Ռուստամեան կարեւոր նկատած է այն, որ յստակօրէն ներկայացուի Արցախի հարցի լուծման առնչուող Հայաստանի դիրքորոշումը` դիտել տալով, որ ասիկա լաւ առիթ է առաջին դէմքերուն` խօսելու այս մասին:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ Նիկոլ Փաշինեան հայեցակարգ ունի՞ Արցախի տագնապին առնչուած` Ռուստամեան ըսած է, թէ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին այս հարցին առնչուած ելակէտը գոհացուցիչ էր: «Խօսքը կը վերաբերի անոր, որ Հայաստան պէտք է առաջնորդուի Արցախի հարցի լուծման այն տրամաբանութեամբ, որ պէտք է հիմնուի Արցախի ժողովուրդի արտայայտած կամքին վրայ», նշած է ան եւ ընդգծած, որ խնդիրներ կը ծագին այն գծով, որ անմիջական բանակցութիւններ պիտի չկատարէ վարչապետը, որովհետեւ չունի այն լիազօրութիւնները, զորս Արցախէն եկած իր նախորդ պաշտօնակատարները ունեցած են:  Միեւնոյն ժամանակ ան յայտարարած է, թէ ասիկա ոչ մէկ ձեւով կարելի է մեկնաբանել անով, որ  Հայաստանը կը փորձէ այդպիսով խուսափիլ բանակցութիւններէն:

«Ա՛յս է գլխաւոր խնդիրը, որ պէտք է յստակացուի: Բացի ատկէ, Ազրպէյճան կը փորձէ շրջանցել Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի համաձայնութիւնները` նկատի ունենալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները. պէտք չէ նման բան արտօնել», հաստատած է ան: Ռուստամեանի համաձայն, այն յայտարարութիւնը, որ Արցախը պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն, պէտք չէ դիտուի այնպէս, որ ցարդ նման յայտարարութիւն չէ եղած: «Պարզապէս շեշտադրում կատարուած է հոն, որ Արցախի մասնակցութիւնը պիտի ապահովէ բանակցութիւններու լիարժէքութիւնը», եզրափակած է Արմէն Ռուստամեան:

 

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովը Առաջին Ընթերցումով Ընդունեց Ընտրական Բարեփոխումներու Նախագիծը

Յաջորդը

Խմբագրական. Լիբանանեան Տագնապներու Ակունքին Կանգնած Խնդիրներ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?