Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Նորընտիր Առաջնորդը, Ազգային Վարչութեան Քաղաքական Ու Կրօնական Ժողովները

September 8, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց  Լիբանանի նորընտիր առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանը, Ազգային վարչութեան Քաղաքական ու Կրօնական ժողովները: Անոնք, գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազանին, թեմին դիմաց ծառայական նոր շրջան բացուող ներկայ փուլին վեհափառ հայրապետին այցելեցին` լսելու կաթողիկոսին թելադրանքը:

Վեհափառ հայրապետը ողջունելով նոր առաջնորդին ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ զայն կանխող Ազգային վարչութեան Քաղաքական ու Կրօնական նոր ժողովներու ընտրութիւնը, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ թեմը վերակազմակերպումի ենթարկելու հրամայականին: Ան յիշեցուց, որ վերջին Ազգային ընդհանուր ժողովին այս մասին կարեւոր անդրադարձ կատարուած էր թէ՛ իր հայրապետական պատգամին, եւ թէ՛ ժողովի որոշումներուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ իւրաքանչիւր թեմ ունի իր իւրայատուկ միջավայրը, ներքին դրուածքը եւ մտահոգութիւնները, հետեւաբար համապատասխան մօտեցում պէտք է ունենալ: Խօսելով Լիբանանի թեմին մասին` Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդգծեց կրթական կեանքին, ծուխերու վերակազմակերպման, քահանայից պատրաստութեան, համայնքային կառոյցները ինքնաբաւ դարձնելու ձգտող ծրագիրներուն եւ ընդհանրապէս եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեան յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ կաթողիկոսարանը իր մարդուժի եւ այլ կարելիութիւններու ճամբով միշտ պատրաստ է օգտակար հանդիսանալու թեմի աշխատանքներուն:

Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ թեմին եւ ընդհանրապէս Լիբանանի հայութեան առնչուած կարիքներուն, մտահոգութիւններուն ու ծրագիրներուն մասին քննարկումներ կատարելու:

 

 

Նախորդը

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Մօտէն Ծանօթացաւ Զահլէի, Ռայաքի, Ժալալայի Եւ Այնճարի Հոգեւոր Եւ Կրթական Կառոյցներուն

Յաջորդը

Դամասկոսի Մէջ. Նախարար Կիտանեան Այցելեց «Աւետիս Ահարոնեան» Կեդրոն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.