Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ` Արցախը Բանակցութեանց Մասնակից Դարձնելու

September 6, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Թրաթ եւ Տէյվիտ Վալատաօ, ինչպէս նաեւ փոխատենապետներ Կաս Պիլիրաքիս եւ Էտըմ Շիֆ շնորհաւորած են Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 27-ամեակը` դրուատելով Արցախի ժողովուրդին նուիրումը ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին յղուած սեպտեմբեր 2 թուակիր իրենց նամակին մէջ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարները միաժամանակ կոչ ուղղած են` Արցախի Հանրապետութիւնը լիիրաւ մասնակից դարձնելու Արցախի տագնապին առնչուող բանակցութիւններուն:

Անոնք նաեւ շեշտած են, թէ Արցախի անկախութեան տօնը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ ազատութեան ապահովման պայքարին համար յատկանշական անկիւնադարձ մըն է` ողջունելով ժողովրդավարութեան ամրապնդման ու մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան համար տարուող եւ դրուատիքի արժանի աշխատանքը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին այս քայլը` շեշտելով, որ Հայ դատի յանձնախումբը կը շարունակէ մօտէն գործակցիլ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական մարմիններու հետ` երաշխաւորելու համար Արցախի ապահովութիւնը եւ դէմ դնելու համար Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քայլերուն:

Նամակը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ http://anca.org/assets/pdf/090218_ArmenianCaucusArtsakh.pdf կայքին վրայ:

 

Նախորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Անորոշութեան Մատնուած Է

Յաջորդը

Արթուր Խաչատրեան Ընդունած Է Սթրաթեժիոս «Եու. Էն. Տի. Փի.» Եւ Սիթրա Կազմակերպութիւններուն Մասնագէտները

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.