Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Վարչապետը Դամասկոսի Միջազգային Ցուցահանդէսի Բացման Այցելած Է Հայաստանի Տաղաւար

September 11, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դամասկոսի 60-րդ միջազգային ցուցահանդէսի բացման Սուրիոյ վարչապետ Իմատ Խամիս այցելած է Հայաստանի տաղաւար, ուր ընդունուած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանի կողմէ:

«Պիզնես Արմենիա»-ի հանրային կապերու բաժինէն յայտնեցին, որ 6-15 սեպտեմբեր Հայաստանը միասնական տաղաւարով կը մասնակցի Դամասկոսի 60-րդ միջազգային ցուցահանդէսին: Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած են մեքենաշինութեան, շինանիւթերու արտադրութեան, դեղագործութեան, սննդարդիւնաբերութեան ոլորտներու 33 ընկերութիւններու արտադրանքի նմուշներ ու ծանօթացման գրքոյկներ:

Վարչապետ Իմատ Խամիս ողջունած է բարեկամ Հայաստանի մասնակցութիւնը` յոյս յայտնելով, որ ցուցահանդէսը նոր խթան կ՛ըլլայ հայ-սուրիական առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խորացման համար: Դեսպան Արշակ Փոլատեան նշած է, որ Հայաստանի արտադրողները պատրաստ են առաւելագոյն ջանքեր գործադրելու փոխշահաւէտ համագործակցութեան համար:

Հայաստան այս առիթով նաեւ պարգեւատրուած է: Պարգեւը դեսպան Արշակ Փոլատեանին յանձնած է Սուրիոյ տնտեսութեան նախարար Մոհամետ Սամեր Խալիլը:

Հայկական տաղաւարը յատկապէս գրաւած է հետաքրքրութիւնը անոնց, որոնք շահագրգռուած են սննդամթերքով, շինանիւթերով, վերականգնուող ուժանիւթի բնագաւառին մէջ հայաստանեան ընկերութիւններուն առաջարկներով: Նկատի ունենալով ուժանիւթի արեւային համակարգերուն նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւնը, 12 սեպտեմբերին հայկական տաղաւարին մէջ տեղի պիտի ունենայ շնորհահանդէս, որուն ընթացքին «Շտիգեն» ընկերութեան տնօրէն Հայկ Շէկեան պիտի ներկայացնէ արտադրութիւնը, հզօրութիւնները, մրցունակութիւնը, արտածման ներուժը:

Դամասկոսի 60-րդ միջազգային ցուցահանդէսին կը մասնակցին 1700 ընկերութիւններ` 48 երկիրներէ:

Նախորդը

Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան` Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ

Յաջորդը

«Համազգային»ի 90-ամեակը Մարտահրաւէր Է Մեր Երիտասարդութեան Համար՝ Հայրենիքէն Մինչեւ Սփիւռքի Ամենահեռաւոր Անկիւնները

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.