Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Մէջ Սպիտակները Յաղթած Են, Իսկ Սեւերուն Պարտութիւնը Անշրջելի Է» Կ՛ըսէ Նիկոլ Փաշինեան

Սեպտեմբեր 13, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայրաքաղաքի Դաւթաշէն շրջանին մէջ տեղի ունեցած «Իմ քայլը» դաշինքի քարոզչական հանրահաւաքին մասնակցած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է երեքշաբթի, 11 սեպտեմբերին հրապարակուած Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) եւ Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) ղեկավարներու հեռաձայնային զրոյցի գաղտնալսումներուն, զորս ան որակած է  «դաւադրութիւն եւ յանցագործութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան նկատմամբ»:

Փաշինեան յանձնարարած է ԱԱԾ-ին ու ոստիկանութեան` «ամէնէն կարճ միջոցին յայտնաբերել դաւադրութիւն կազմակերպողները եւ ենթարկել խստագոյն պատասխանատուութեան»: Ըստ անոր, բոլոր չակերտաւոր յատուկ ծառայութիւնները, ապօրինի զինուած խմբաւորումները պէտք է յայտնաբերուին եւ ոչնչացուին` «զանոնք պէտք է պառկեցնել ասֆալթներուն վրայ ու զինաթափել»:

Քարոզարշաւի իր ելոյթին մէջ Փաշինեան նաեւ ըսած է. «Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան, դուք որոշած էք մարտահրաւէր կարդալ Հայաստանի ժողովուրդին: Ուրեմն` մարտահրաւէրը տեսէք: Մենք ունինք Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն ու ոստիկանութիւն, եւ ես երկու ծառայութիւններէն կը պահանջեմ երկու ժամուան ընթացքին կարգուկանոն հաստատել ամբողջ հանրապետութեան տարածքին եւ երկու ժամ ետք ներկայացնել արդիւնքները»:

Ըստ «Երկիր»-ի, հրապարակային յանձնարարականէն երկու ժամ ետք ուժային որեւէ կառոյց չէ ուզած մեկնաբանութիւն կատարել, թէ ի՛նչ արդիւնքներ կան: Վարչապետն ալ լուռ մնացած է այս առնչութեամբ: Ոստիկանութեան եւ ԱԱԾ-ի լրատուական ծառայութենէն թերթին յայտնած են, որ հրապարակելի որեւէ նիւթ չունին: Վարչապետ Փաշինեանի մամլոյ քարտուղար Արման Եղոյեան հաստատած է, որ ճշդուած երկու ժամուան ընթացքին զեկուցումը ներկայացուած է, սակայն մանրամասնութիւններ չէ յայտնած: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Փաշինեան եւս չէ ուզած այս գծով իրեն ուղղուած հարցումին պատասխանել` ըսելով, թէ ամէն ինչ զեկուցուած է, ամէն ինչ կարգին է, արտաքին միջամտութիւն չէ տեսած հոս:

Նոյն հանրահաւաքի ընթացքին Փաշինեան խօսած է Սերժ Սարգսեանի ու Ռոպերթ Քոչարեանի հարստութեան մասին եւ պայման դրած անոնց` կամաւոր վերադարձնել դրամները: Ալեքսանդր Սարգսեան, ըստ վարչապետին, դրամատան մէջ ունի 30 միլիոն տոլար: Փաշինեան խորհուրդ տուած է Սարգսեանին` կամաւոր կերպով այդ դրամները պիւտճէ փոխանցել:

Եթէ վարչապետին որեւէ բան պատահի, սակաւապետները եւ իրենց ընտանիքները տուներէն կը հանեն եւ ինքնադատաստանի կ’ենթարկեն, հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարած է Փաշինեան:

«Անոնք չեն կրնար հասկնալ, որ ճիշդ է, ես կ’ապահովեմ իրենց դէպի բանտ երթալը, ես նաեւ իրենց անվտանգութեան միակ երաշխաւորն եմ, որովհետեւ եթէ ինծի բան մը պատահի, անոնց աւելի վատ բան կը պատահի` ժողովուրդին կատարմամբ», ըսած է Փաշինեան:

Ան յայտարարած է. «Հայ ժողովուրդին դէմ խաղ չկայ, Հայաստանի մէջ սպիտակները յաղթած են, իսկ սեւերուն պարտութիւնը անշրջելի է: Հայաստանի մէջ սեւերը ջախջախուած են, եւ անոնք այլեւս ոտքի պիտի չկանգնին: Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնները սեւի եւ սպիտակի ընտրութիւններ են: Շատ ուժեր, որոնք իրենք զիրենք կը նկատեն ինծի օգնական, դաշնակից, ընկեր, անունը քոալիցիա կը դնեն, խաղեր կը կատարեն հակայեղափոխութեան հետ: Կոչ կ’ուղղեմ ո՛չ մէկ ձայն տալ հակայեղափոխութեան: Այս ընտրութիւններուն մեզի անհրաժեշտ է հակայեղափոխութեան անվերապահ անձնատուութիւն»:

Ան նաեւ յայտարարած է, թէ Հայաստանի մէջ ցարդ տեղի ունեցած քաղաքական ու հանրային հնչեղութիւն ունեցող բոլոր ձերբակալութիւններուն պատասխանատուութիւնը կը վերցնէ իր վրայ:

Փաշինեան. «Իրենք Զիրենք Յեղափոխական Յայտարարած
Որոշ Ուժեր Կը Բանակցին Հանրապետականին Հետ»

Էրեբունի թանգարանին դիմաց 10 սեպտեմբերին «Իմ քայլը» դաշինքի հանրահաւաքին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսած է քաղաքական ուժերու մասին, որոնք, ըստ անոր, իրենք զիրենք իբրեւ յեղափոխական կը ներկայացնեն, սակայն կը փորձեն ՀՀԿ-ի հետ թաքուն համաձայնութեամբ տապալել յեղափոխութիւնը:

Ըստ անոր, կան քաղաքական ուժեր, որոնք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ յեղափոխութեան պաշտպան, առաջամարտիկ, եւ այսօր գացած խորհրդարանին մէջ, ճաշարաններուն մէջ եւ այլ տեղեր կը բանակցին հանրապետականներուն հետ: «Կ՛ըլլա՞յ, որ դուք այս ընտրութիւններուն ձեր ընտրակեղծարարական միջոցներով մեզ պաշտպանէք, մենք ալ երբ յաղթենք քաղաքապետարանի ընտրութիւններուն, այնպէս կ՛ընենք, որ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ տեղի չունենան, որ դուք քանի մը տարի ալ պատգամաւորական աթոռ ունենաք», յայտնած է Փաշինեան:

Վարչապետին համաձայն, ասոնք այն ուժերն են, որոնք միայն յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք միացան յեղափոխութեան:

«Կը յիշէ՞ք, երբ Հայկ Մարութեան իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին խօսեցաւ սեւերու եւ սպիտակներու մասին, եւ այդ յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուց, անկեղծ ըսեմ, ես ըսի` Հայկ ջան, եկուր այդ սեւ-սպիտակը թողնենք: Բայց կարծես Հայկը բան մը գիտէր այդ ատեն: Ինչո՛ւ կ՛ըսեմ ասիկա,  որովհետեւ այսօր Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններու պարունակին մէջ կան քաղաքական ուժեր, որոնք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ յեղափոխութեան պաշտպան: Յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք իրենք զիրենք յայտարարեցին ամէնէն թունդ յեղափոխականներ, իսկ մինչ այդ յեղափոխութեան դէմ կը խօսէին», յայտնած է Փաշինեան` աւելցնելով, որ հրապարակաւ յեղափոխութեան մասին խօսելով` նմանները կը փորձեն գաղտնօրէն տապալել զայն: «Պիտի չըլլայ, ձեզի կը սպասէ ջախջախիչ պարտութիւն, որովհետեւ ժողովուրդը  ձեզ պարտութեան պիտի մատնէ: Սթափեցէ՛ք», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Հրապարակուած Է ԱԱԾ Տնօրէնի Ու ՅՔԾ Պետի Հեռաձայնային Զրոյցին Գաղտնալսուած Ձայնագրութիւնը

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Կասկածը Լաւ Վահան Է, Բայց Վատ Սուր, Անով Կարելի Է Պաշտպանուիլ, Բայց Կարելի Չէ Յարձակիլ»

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?