Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Արամի Տեսակն Ենք». ՀՅԴ-ի Քարոզարշաւի Մեկնարկը Տրուեցաւ Արամ Մանուկեանի Արձանին Առջեւէն

Սեպտեմբեր 11, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի աւագանիի արտակարգ ընտրութիւններու քարոզարշաւի մեկնարկը Դաշնակցութիւնը տուաւ Արամ Մանուկեանի արձանին առջեւէն:  ՀՅԴ-ի կարգախօսն է «Միասին` յանուն Երեւանի»:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան, որ ըսաւ, թէ այսօր Դաշնակցութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 128-ամեակը: Ըստ անոր, այս ընթացքին արձանագրուած են թէ՛ ուրախ ու պայծառ, եւ թէ՛ մութ ու արիւնոտ էջեր: «Այս էջը, զոր կը բանանք, ճակատագրական, բեկումնային պիտի ըլլայ Հայաստանի ու Արցախի համար: Պարտաւոր ենք միացեալ ուժերով լծուիլ այս ծանր աշխատանքին, որպէսզի Երեւանը ըլլայ բոլոր հայերուն հպարտութիւնը, անկախ անկէ` երեւանցի ես, թէ գիւմրեցի, մեր բոլոր հայերուն հպարտութիւնը, սիրտը Երեւանը պիտի ըլլայ», նշեց ան:

Նախարարը դիտել տուաւ, որ տեղեակ են բոլոր խնդիրներէն, գիտեն դժուարութիւնները, եւ ներկայացուց իրենց ծրագիրը, որ կը վերաբերի զանազան հարցերու` կոչ ուղղելով վստահելու ՀՅԴ-ին եւ միասնաբար լուծելու առկայ խնդիրները:

Հաւաքին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեսիա Բեջանեանը, որ ՀՅԴ-ի ցանկին մէջ 4-րդ դիրքը կը գրաւէ: Ան նշեց, որ բոլորը պէտք է գործեն «յանուն»-ի սկզբունքով` յանուն հայրենիքի, ընդ որում` Դաշնակցութիւնը միշտ ալ գործած է այդ սկզբունքով:

«Երեւանը պէտք է ըլլայ համահայկական մայրաքաղաք, ըլլայ ամէն հայու մայրաքաղաքը: Մենք ունինք փորձառութիւն եւ աշխարհասփիւռ մեր կառոյցին միջոցով բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած ենք, օրինակ` մեր ջանքերով կրցած ենք աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ գտնել քոյր քաղաքներ` Սիսիանի, Կապանի, Վանաձորի, Շուշիի համար: Եւ այդ քոյր քաղաքները աջակցութեան ձեռք կը մեկնեն մեր քաղաքներուն», յայտնեց Ալեսիա Բեջանեան:

Ըստ անոր, ՀՅԴ-ի խումբը յաւակնոտ է, ծրագիրը` նոյնպէս: Հոն կան արհեստավարժներ, նաեւ` հայրենասէրները: «Մենք վստահ ենք, որ պիտի յաջողինք, եւ մեր յաջողութենէն կախեալ է երեւանցիին յաջողութիւնը», դիտել տուաւ Բեջանեան:

Դաշնակցութեան ցանկը գլխաւորող Միքայէլ Մանուկեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ քարոզարշաւի մեկնարկի վայրը պատահական կերպով չէ ընտրուած. 1918 թուականին Արամ Մանուկեան կրցաւ համախմբել երեւանցիները, մեր ժողովուրդը եւ յաղթանակ տանիլ Սարդարապատի հերոսամարտին: Այն ժամանակ Երեւանը տակաւին Հայաստանի մայրաքաղաքը չէր, քանի որ Հայաստանը նոյնիսկ անկախ պետութիւն չէր:

«Մենք Արամի տեսակն ենք` պայքարող տեսակ, միաւորող տեսակ», հաստատեց Մանուկեան եւ վստահեցուց, որ ՀՅԴ-ն կրնայ համախմբել երեւանցիները:

Ըստ անոր, կ՛ակնկալուի դժուար աշխատանք, եւ ամբողջ խումբով երեւանցիներուն պիտի ներկայացնեն իրենց ծրագիրը` Երեւանի տեսլականը:

Դաշնակցութեան թեկնածուն նաեւ տեղեկացուց, որ պիտի այցելեն բոլոր վարչական շրջանները` բակերուն եւ թաղերուն մէջ հանդիպելու քաղաքացիներուն` հաստատելով, որ Դաշնակցութիւնը կը ներկայանայ «Միասին` յանուն Երեւանի» կարգախօսով` յանուն ժամանակակից, կանաչ, գեղեցիկ, բարեկարգ, խնամուած Երեւանի, յանուն նոր սերունդի, հոգատար ու արդար, մշակութային ու համահայկական մայրաքաղաքի:

Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին Միքայէլ Մանուկեան նշեց, որ ՀՅԴ-ի ծրագիրը շատ յաւակնոտ է, 30 օր շարունակ զայն մշակած են բազմաթիւ արհեստավարժ մասնագէտներ բոլոր ոլորտներէն` կանաչապատում, երթեւեկ, ենթակառոյցներու շինարարութիւն, համայնքային կառավարում եւ այլն: «Չկայ ոլորտ մը, որ ներառուած չըլլայ մեր ծրագիրին մէջ, եւ քարոզարշաւի ժամանակ պիտի ներկայացնենք այդ ոլորտները: Կարեւորը խօսիլը չէ, այլ գործելը, եւ ես վստահ եմ, որ միշտ կարելի է նիւթական միջոցներ գտնել` խնդիրներուն սպառիչ լուծում տալու համար: Կարելի է արդիւնաւէտօրէն համագործակցիլ թէ՛ սփիւռքի կառոյցներուն, թէ՛ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ: Կարեւորը արդիւնաւէտ գործելու կամքն է եւ ցանկութիւնը», դիտել տուած է ան:

Մանուկեանի համաձայն, Երեւանը պէտք է կանաչապատ գօտիներ ունենայ, երթեւեկի ոլորտին մէջ` միասնական երթուղային ցանց եւ միասնական տոմսի համակարգ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ յաջողելու ի՞նչ կարելիութիւններ ունի ՀՅԴ-ն` Մանուկեան ըսած է. «Մենք աթոռներու մասին չենք խօսիր, մենք կը խօսինք յաղթանակի մասին, մենք վստահ ենք, որ պիտի յաղթենք: Դաշնակցութիւնը նոր չէ, որ պէտք է ներկայանայ երեւանցիին, Դաշնակցութիւնը 128 տարուան պատմութիւն ունի, եւ Դաշնակցութիւնը մէկ վայրկեան իսկ ամչնալու պատճառ չունի, նաեւ` վերջին քաղաքական հոլովոյթներու պարունակին մէջ»:

Նախորդ քաղաքապետերուն գործունէութեան մասին խօսելով` Միքայէլ Մանուկեան նշեց, որ բոլորն ալ իրենց դրոշմը ձգած են` թէ՛ լաւ, եւ թէ՛ վատ իմաստով: Մասնաւորաբար Տարօն Մարգարեանի մասին ան ըսաւ. «Տարօն Մարգարեանը գեղագիտական առումով բաւական շատ գործ կատարած է` թէ՛ ծաղկապատման, եւ թէ՛ նստարաններ տեղադրելու առումով»:

 

 

Նախորդը

Քաղաքական Ապաստան Դիւրութեամբ Չի Տրուիր Քաղաքական Գործիչի

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստանն Ու Վրաստանը Կը Թեւակոխեն Պատմութեան Շրջան Մը, Զոր Կարելի Է Բնութագրել Իբրեւ Եղբայրական Եւ Գործընկերային»

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?