Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը» Ալպոմի Շնորհահանդէս Եւ Վաւերագրական Լուսանկարներու Ցուցահանդէս

September 13, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ» օրաթերթի կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2018-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  «Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» ալպոմի շնորհահանդէսը եւ վաւերագրական լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Ալպոմը կազմած են Սեդա Գալստեանն ու Գաբրիէլ Փանոսեանը:

Ձեռնարկի բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներէն Սիլվիա Սէրայտարեան: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ պէտք է ընկալել կազմակերպուած շնորհահանդէսը. «Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» ալպոմը գեղատիպ վաւերագրական լուսանկարներով, համապատասխան մասնագիտական ծանօթագրութիւններով կը ներկայացնէ առաջին հանրապետութիւնը, անոր կերտիչները, հիմնական իրագործումները: Հատորի ընթերցողը ո՛չ միայն կը ծանօթանայ հայ ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ իրադարձութեան, այլ նաեւ զայն կրնայ նկատի ունենալ իբրեւ կարեւորագոյն աղբիւր` այդ շրջանի պատմութեան ուսումնասիրութեան համար:

Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ. «Բացառիկ հրատարակութիւն, օրաթերթի էջերով ուսումնասիրական բնոյթի յօդուածաշարքերու հրապարակում, արխիւային արժէք ունեցող անտիպ լուսանկարներու հաւաք եւ նկատառելի հաւաքածոյի գոյառում, նկարահանում, ելեկտրոնային գրադարանի համալրում, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մամուլի թուայնացում, ընդհանրապէս Ա. հանրապետութեան հետ առնչուած հնատիպերու եւ յատկապէս Արամի նուիրուած հատորներու թուայնացում` գործակցութեամբ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, Ազգային գրադարանի, գիտահետազօտողներու եւ «Ազդակ»-ի բարեկամներու, նման ալպոմ-հատորներու շնորհահանդէսներու կազմակերպում` մեր մարզի համեստ ներդրումն է մեզ իբրեւ ազգ եւ պետականութիւն փրկող մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ իրադարձութեան` Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով»:

Խօսք առաւ Եսայի Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ ալպոմը լուսանկարներով, արխիւային նիւթերով լեցուն գիրք մըն է, որ կը բովանդակէ մասնագիտականօրէն ձեւաւորուած յստակ տեղեկութիւններ եւ կարելի է զայն նկատել համայնագիտարան մը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան երկուքուկէս տարիներուն մասին: Հատորը 8 ամսուան ժրաջան աշխատանքի արդիւնք է: Ան նշեց, որ ի պատիւ Ֆրեզնոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան լոյս տեսաւ գիրքին արեւելահայերէն տարբերակը, իսկ ի պատիւ Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեաններու լոյս տեսաւ արեւմտահայերէն տարբերակը: Ալպոմի իրագործումին մէջ իրենց դերը ունեցած են Հայաստանի պատմական թանգարանը, ՀՅԴ թանգարանն ու հիմնադրամը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկը, Հայաստանի Ազգային արխիւը, Սարդարապատի Ազգագրական թանգարանը եւ  Դրոյի եւ Համօ Օհանջանեանի թոռնուհիները: Ապա ան սահիկներով ներկայացուց ալպոմէն նկարներ եւ տուաւ անոնց մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ: Ան ըսաւ, թէ ալպոմը կ՛աւարտի լուսաւոր ձեւով` ՀՅԴ-ի 9-րդ Ընդհանուր ժողովով  եւ Նեմեսիսի հերոսներով:

Իր խօսքի աւարտին Հաւաթեան ըսաւ. «Հրաշալի հրատարակութիւն մըն է, կ՛արժէ, որ երկրորդական կարգի աշակերտութեան իբրեւ դասագիրք օգտագործուի: Կան յստակ ու ամփոփ տեղեկութիւններ, որոնք շատ օգտակար են ընթերցողներուն համար»:

Լիլիթ Աբրահամեան ներկայացուց «Պինկէօլ» երգը` կիթառի ընկերակցութեամբ Դանիէլ  Գըժտրեանի:

Խօսք առաւ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի նոր եւ նորագոյն պատմութեան բաժինի վարիչ Սեդա  Գալստեան: Ան նախ տեսերիզով ներկայացուց Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած ցուցադրութիւնը: Ապա ան խօսեցաւ ալպոմի աշխատանքներուն մասին, որոնք սիրով կատարած են ինք եւ Գաբրիէլ Փանոսեանը: Ան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր փաստաթուղթ, որ յայտնաբերած են, անոր համար մեծ ուրախութիւն ապրած են: «Կը կարծեմ, որ ալպոմին արժէքը կը կայանայ անոր մէջ, որ այստեղ կան անուններ, որոնք չեն լսուած ընդհանրապէս: Ալպոմի կառուցուածքը երկու մասէ կը բաղկանայ. մէկը` Մայիսեան փառահեղ հերոսամարտերը, միւսը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Առաջին բաժինին մէջ կային անուններ, որոնք նորութիւն էին մեզի համար:

Ալպոմը լաւ դասագիրք է ո՛չ միայն ուսուցիչի, աշակերտի, ուսանողի, այլ նաեւ իւրաքանչիւր հայ մարդու համար: Անիկա ունի հանրագիտարանի արժէք», ըսաւ ան, ապա իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Գաբրիէլ Փանոսեանին, ինչպէս նաեւ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնութեան:

Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ բոլորս մեր երախտագիտութիւնը պիտի յայտնենք ալպոմի հեղինակներուն, որոնք յղացած են գաղափարը եւ իրենց աշխատանքին շնորհիւ զայն իրականացուցած են եւ ներկայացուցած ընդհանուր հանրութեան դատին: Ալպոմը պատմութեան աղբիւր է, որովհետեւ պատմութիւնը շարադրելու համար գոյութիւն ունին շարք մը աղբիւրներ, որոնցմէ ամէնէն հաւաստիները այն փաստաթուղթերն են, որոնք ստեղծուած են այն գործիչներուն կողմէ, որոնք պատմութիւնը անմիջականօրէն կերտած են իրենց գործունէութեամբ: Ան ըսաւ, թէ փաստաթուղթը մեծ արժէք ունի, որովհետեւ կրնայ լիովին փոխել պատմութեան շարադրանքը եւ մեկնաբանութիւնը: «Այս ալպոմին մէջ հաւաքուած են բազմաթիւ փաստաթուղթեր, որոնցմով փորձ կը կատարուի սեղմ ծաւալով ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան երկուքուկէս տարուան կարճատեւ պատմութիւնը, որ շատ տարողունակ է եւ մեր պատմութեան բախտորոշ ժամանակահատուածներէն է» ըսաւ ան, ապա խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Սեդա Գալստեանին, Գաբրիէլ Փանոսեանին եւ «Ազդակ» օրաթերթին:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեան, որ սկիզբը յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս ծնունդ առած եւ զարգացած է ալպոմին պատրաստութեան գաղափարը: Ան սկսած է մտածել, թէ ինչպէ՞ս կրնայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին իր համեստ մասնակցութիւնը բերել: Ան սկսած է նկարներ հաւաքել, ապա խնդրած է Սեդա Գալստեանէն, որ նկարներու համապատասխան նիւթեր պատրաստէ, եւ արդէն ամիսներու աշխատանքով պատրաստուած է ալպոմը: Ան ըսաւ, թէ միշտ աշխատած է մարդոց օգտակար դառնալ: Ուրախացած է մարդոց օգտակար դառնալով: Իսկ ներկայիս շատ լաւ հասկցած է , թէ ի՛նչ կը զգայ մարդ, երբ ուրիշներ իրեն օգնեն: Ան ըսաւ, թէ ալպոմը, իր երկրորդ նախաձեռնութիւնն է, որ իր անձին համար կատարած է:

Իր խօսքի աւարտին Փանոսեան ըսաւ. «Հաճելի բան է, երբ քեզ կը գովեն: Երբ ալպոմը կը պատրաստէի, բախտաւորութիւն ունեցայ շօշափելու Արամ Մանուկեանի հագուստը: Չէք կրնար երեւակայել, թէ ի՛նչ զգացում ունեցայ, երբ Գարեգին Նժդեհի բաճկոնին կամ Սեւրի դաշնագիրի գրիչին դպայ: Այդ զգացումները կը փոխանցեմ բոլորիդ: Գիրքը կը նուիրեմ մեր բոլոր այն հերոսներուն, անձերուն, որոնք Հայաստանէն դուրս ապրեցան եւ Հայաստանը չտեսան, բայց սերունդները հայ մեծցուցին»: Ապա ան ներկաներուն հետ միասնաբար երգեց «Երազ իմ երկիր» երգը:

Ձեռնարկի աւարտին Սեդա Գալստեանն ու Գաբրիէլ Փանոսեանը ալպոմները մակագրեցին ներկաներուն, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Թեմի Նորընտիր Առաջնորդը Այցելեց Թրիփոլի

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Յարգանքի Եւ Գնահատանքի Յուշանուէրներու Յանձնում

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.