Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը

Սեպտեմբեր 14, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքը` նախագահութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը, ներկայութեամբ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի:

Նիստին ընթացքին մտահոգութիւն յայտնուեցաւ կառավարութեան կազմութեան եւ անոր վերաբերող յայտարարութիւններուն ու քաղաքական կեցուածքներուն մասին: Պլոքը ընդգծեց, որ երկրին մէջ ներկայիս տիրող մթնոլորտը կ՛անհանգստացնէ ժողովուրդը եւ կը ծանրացնէ անոր նիւթական, տնտեսական եւ ապրուստի բեռը, մինչ լիբանանցին 6 մայիսի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք կ՛ակնկալէր վկայել լուծումներ եւ տարբեր ծրագիրներու վերաբերող աշխատանք` շրջանցելու համար իր առօրեան յուզող բարդ հարցերը:

Հայկական երեսփոխանական պլոքը մեծապէս գնահատեց Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանած խօսքը, որ միջազգային ընտանիքը դէմ յանդիման դրաւ Լիբանանի եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Պլոքը բարձր գնահատեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի արտասանած խօսքը` արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին ընթացքին:

Պլոքը քննարկեց նաեւ վերամուտի սեմին քաղաքացին յուզող դժուար պայմանները, յատկապէս նկատի ունենալով անոնց հետեւանքները, մէկ կողմէ` լիբանանցի ընտանիքներուն վրայ, իսկ միւս կողմէ` կրթական հաստատութիւններուն եւ այդ մարզին մէջ ծառայողներուն վրայ:

Հայկական երեսփոխանական պլոքը մտահոգութիւն յայտնեց առողջապահութեան մարզին դիմագրաւած տագնապին նկատմամբ` հաստատելով դեղորայք ստանալու  լիբանանցիներուն իրաւունքը եւ հաստատելով առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ արտակարգ միջոցառումներով այդ դեղերն ու դարմանումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:

Պլոքը քննարկեց նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու տունդարձին համար որդեգրուած քայլերը: Այս շրջագիծին մէջ, Հայկական երեսփոխանական պլոքը կոչ ուղղեց համապատասխան կառոյցներուն պահպանելու լիբանանցիներուն իրաւունքները, մասնաւորաբար ապահովական կայունութեան շրջագիծին մէջ:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

«Իտլիպի Դէմ Զինուորական Յարձակումէն Պէտք Է Հրաժարիլ» Կ՛ըսէ Կութիերես

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?