Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական.  Իրաւապայմանագրային Բարձրակէտը Կեանքի Կոչելու Համար (Սեւրի Դաշնագիրին 98-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Իրաւապայմանագրային Բարձրակէտը Կեանքի Կոչելու Համար (Սեւրի Դաշնագիրին 98-ամեակին Առիթով)

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նշումները առիթ էին եւ առիթ են վեր առնելու հանրապետութեան կարճատեւ ժամանակաշրջանին իրագործուած պատմաքաղաքական կարեւորագոյն իրադարձութիւնները եւ այժմէական կարգով զանոնք լուսարձակի տակ բերելու: Տարին դեռ յոբելենական է եւ կայ մօտեցում, որ ընթացիկ երկուքուկէս տարուան ընթացքին այս նշումները նոյն հայեցակարգային դիտանկիւնէն պիտի շարունակեն արծարծել ճակատագրորոշ խնդիրները: Այս շրջագիծին մէջ առաջին հորիզոնականին վրայ կը դիրքաւորուի Սեւրի համաձայնագիրը, որ հայկական կողմին...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Գործարար Շրջանակներէն Հետաքրքրութիւն Կը Ցուցաբերուի Հայաստանեան Շուկային Նկատմամբ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Գործարար Շրջանակներէն Հետաքրքրութիւն Կը Ցուցաբերուի Հայաստանեան Շուկային Նկատմամբ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժասըմ Մոհամետ Քասիմին: Վարչապետը կարեւոր նկատած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումն ու խորացումը: «Ուրախ ենք, որ ձեր երկրի գործարար շրջանակներէն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի  հայաստանեան շուկային նկատմամբ: Մեր երկրին մէջ կը ստեղծուին պիզնես իրականացնելու բարենպաստ պայմաններ, փտածութեան բնոյթի բոլոր խոչընդոտները վերացած են եւ ուրախ...

Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութեան Երեսփոխաններ Այցելեցին Յ. Բագրատունիի

Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութեան Երեսփոխաններ Այցելեցին Յ. Բագրատունիի

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Հայաստանի Ազգային ժողովի քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան անդամ երեսփոխաններ Ալեն Սիմոնեան, Լենա Նազարեան եւ Հրաչեայ Յակոբեան, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի խորհրդարանին եւ Հայաստանի Ազգային ժողովին միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման հարցը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութեան իբրեւ արդիւնք արձանագրուող փոփոխութիւնները: Պատուիրակութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հայաստանի մէջ...

Դէպի Ամբողջական Արդարութիւն

Դէպի Ամբողջական Արդարութիւն

Թաւշեայ յեղափոխութեան սկզբնաւորութենէն արդէն անցած է աւելի քան 100 օր, որոնց ընթացքին Հայաստանը անցաւ քաղաքական եւ ընկերային նոր փուլ մը: Անխուսափելի իրողութիւն է, որ այս յեղաշրջումը նոր յոյսի փարոս եղած է հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար, ուր ազատատենչ ժողովուրդի կամքը յաղթեց կամայական ուժին, ինչպէս նաեւ ոտնակոխեց վաղուց գերիշխող սթաթիւս քոն: Վերջին ամիսներուն ընթացքին յստակ դարձած է, թէ նոր իշխանութիւնները կը...

«Գարակէօզեան» Ամառնային Դպրոցի  Եզրափակիչ Ձեռնարկին.  Շահէ Եպս. Փանոսեան Եւ Երեսփոխան Բագրատունի Իրենց Այցելութեամբ Գօտեպնդեցին Աշակերտները

«Գարակէօզեան» Ամառնային Դպրոցի Եզրափակիչ Ձեռնարկին. Շահէ Եպս. Փանոսեան Եւ Երեսփոխան Բագրատունի Իրենց Այցելութեամբ Գօտեպնդեցին Աշակերտները

Հինգշաբթի, 9 օգոստոս 2018-ն յիշարժան օր մը եղաւ «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի աշակերտներուն համար` երկակի իմաստով: Նախ առիթը ունեցան վայելելու Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ներկայութիւնը, երկրորդ` «Գարակէօզեան ամառնային դպրոցը եզրափակեցին «Հայ մշակոյթի օր» խորագրեալ իւրայատուկ յայտագիրով: Արդարեւ, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի շրջափակին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ զետեղուած կրպակներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին...

Արսէն Համբարձումեան. «Հաւանական Է  Համաձայնական Դաշինքի Ձեւաւորումը»

Արսէն Համբարձումեան. «Անկախ Գործադիր Իշխանութեան Մէջ Ըլլալ-Չըլլալէ, Մենք Ազատ Ենք Կարծիք Ու Տեսակէտ Արտայայտելու Հարցով»

«Առաւօտ» oրաթերթը կը գրէ. «ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան կը յորդորէ` ո՛չ Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը, ո՛չ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներու, ոչ ալ Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Ավինեանի խօսքը բովանդակութենէն  անջատել ու փորձել տարատեսակ մեկնաբանութիւններու առարկայ դարձնել: Պատասխանելով «Առաւօտ»-ի հարցումին, թէ արդեօք իրեն համար հասկանլի՞ է այն, որ Տիգրան Ավինեանը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ֆէյսպուքեան ասուլիսին ժամանակ յայտարարեց, որ անոր համար անհասկնալի է ՀՅԴ-ի`...

Ազրպէյճանական Դիրքերէն Մէկուն Մէջ Ուժգին Պայթում Եւ Կրակոցներ

Ազրպէյճանական Դիրքերէն Մէկուն Մէջ Ուժգին Պայթում Եւ Կրակոցներ

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ  ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ 8 օգոստոսին ժամը 13:40-ի սահմաններուն արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած թշնամիի  մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած է ուժգին պայթում, որուն հետեւած է մարդկային վայնասուն, իսկ այնուհետեւ մօտ 10 կրակոց: Դէպքէն հինգ վայրկեան անց մարտական դիրքին մօտեցած են շտապ օգնութեան 1 եւ զինուորական այլ տեսակի 5  մեքենաներ: Ազրպէյճանական...

Դատախազութիւնը Մերժած Է Քոչարեանի Կալանքը Փոխարինելու Վերաբերեալ Միջնորդութիւնը

Դատախազութիւնը Մերժած Է Քոչարեանի Կալանքը Փոխարինելու Վերաբերեալ Միջնորդութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութիւնը մերժած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը անձնական երաշխաւորութեամբ փոխարինելու վերաբերեալ Հայաստանի Ազգային ժողովի 45 պատգամաւորներու ներկայացուցած միջնորդութիւնը: Այս տեղեկութիւնը «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց դատախազութեան հանրային կապերու բաժանմունքի պետ Արեւիկ Խաչատրեան: Նշենք, որ Քոչարեանի կալանաւորման որոշումին դէմ ներկայացուած բողոքը Հայաստանի Հանրապետութեան վերաքննիչ քրէական դատարանին մէջ պիտի քննուի այսօր: Ներկայացուած բողոքին կցուած է...

ՀՅԴ-ն Հաղորդում Ներկայացուցած Է Արցախի Հանրապետութեան Դատախազութեան

ՀՅԴ-ն Հաղորդում Ներկայացուցած Է Արցախի Հանրապետութեան Դատախազութեան

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն,  մտահոգուած ըլլալով Հայ ազգային քոնկրես կուսակցութեան անդամ Զոյա Թադեւոսեանի 31 յուլիսին «Հայելի» ակումբին մէջ կատարած հակասահմանադրական արտայայտութիւններուն առիթով, իսկոյն հրաւիրած էր խորհրդակցութիւն եւ քննարկումներու ընթացքին եկած այն համոզումին, որ Զ. Թադեւոսեանի յայտարարութիւնները ըստ Արցախի Հանրապետութեան գործող օրէնսդրութեան` քրէօրէն պատժելի արարք են, քանի որ այդպիսով հարցականի տակ առնուած է Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն...

Նոր Զելանտայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Ուղղած Է Երկրի Վարչապետին Փոխելու Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցին Մէջ Կառավարութեան Դիրքորոշումը

Նոր Զելանտայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Ուղղած Է Երկրի Վարչապետին Փոխելու Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցին Մէջ Կառավարութեան Դիրքորոշումը

Նոր Զելանտայի Հայ դատի յանձնախումբը երկրի վարչապետ Ճասինտա Արտեռնին կոչ ուղղած է` փոխելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ կառավարութեան դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ խուսափելու նախապէս արտայայտած այն կարծիքէն, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պէտք է լուծուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Այդ մասին կը հաղորդէ յանձնախումբի կայքը: «Նոր Զելանտայի հայերը մտահոգ են Հայոց ցեղասպանութեան հարցով կառավարութեան դիրքորոշումէն: Վարչապետին դիրքորոշումը այն է, որ Նոր...

Երիտասարդներու Հետ Զրոյց` Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգութեան Մասին

Երիտասարդներու Հետ Զրոյց` Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգութեան Մասին

Երկուշաբթի, 6 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէն եւ Քանատայէն Անթիլիասի մայրավանք եկած ու խտացուած դասընթացքներուն մասնակցող համալսարանական ուսանողները, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան երիտասարդները, հաւաքուեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին շուրջ, մայրավանքի շրջափակին մէջ, եւ ունեցան եկեղեցւոյ բարեկարգութեան առնչուած խնդիրներու ու մտահոգութիւններու մասին զրոյց մը անգլերէն լեզուով, որ ուղղակիօրէն  սփռուեցաւ «Cilicia TV»-ի դիմատետրի էջով` առիթ...

Ակնարկ.  Հաւասարակշռումի Եւ Ընտրութիւններու Արդիւնքի Համատեղումը

Ակնարկ. Հաւասարակշռումի Եւ Ընտրութիւններու Արդիւնքի Համատեղումը

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն երեք ամիս անց` տակաւին անորոշ կը մնայ կառավարութեան կազմութեան ճակատագիրը: Մագոգային հանդիպումներ, յայտարարութիւններ, առաջադրանքներ, համալիբանանեան մօտեցումի ընդգծումներ, այսուհանդերձ տեղապտոյտի մէջ գտնուող ապարդիւն եռուզեռ, որ չի յաջողիր կազմութեան մեկնարկի համար փակուղիէն ելքի ճանապարհը հարթել: Հանգոյցը առաւելաբար ներլիբանանեան առումով կեդրոնացած կը թուի նախ եւ առաջ ներքրիստոնէական եւ ապա ներտիւրզիական անհամաձայնութիւններու, յատկապէս իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի վերապահելի չափաբաժիններու ճշդումի առեւտուրով յատկանշուած:...

Հրանդ Մարգարեան. «Պէտք Է Հասկանանք, Որ Այսօրուայ Մեր Գերագոյն Խնդիրը Արցախն Է, Արցախի Անվտանգութեան Ապահովումը»

Հրանդ Մարգարեան. «Պէտք Է Հասկանանք, Որ Այսօրուայ Մեր Գերագոյն Խնդիրը Արցախն Է, Արցախի Անվտանգութեան Ապահովումը»

Եռօրեայ այցելութեան մը շրջագիծին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հարցազրոյց մը տուած է «Ալիք» օրաթերթին, պատասխանելով յատկապէս Արցախի տագնապին վերաբերող հարցումներուն: Հարցազրոյցը` ստորեւ: «Արցախի հիմնահարցը եւ նրա հզօրացումը միշտ էլ եղել է Դաշնակցութեան առաջնային օրակարգում: Եւ ի զուր չէ, որ իւրաքանչիւր մանրամասնութեան Դաշնակցութիւնը խստագոյնս է արձագանգում եւ հետեւողականօրէն հարցերին վերաբերւում: Ելնելով այս սկզբունքից օրաթերթս հէնց Արցախեան վերջին իրադարձութիւնների շուրջ...

Նազարպայեւ-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Նազարպայեւ-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւին հետ: Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի եւ բազմակողմանի յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր, որոնց կարգին` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գործունէութեան վերաբերեալ: Այս մասին կը տեղեկացնէ կառավարութեան պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ Նազարպայեւի պաշտօնական կայքին համաձայն, քննարկուած է նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը, իսկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած...

Ըստ Օսիպեանի.   Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Օրինականութեան Մակարդակը Աննախընթաց Պիտի Ըլլայ

Ըստ Օսիպեանի. Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Օրինականութեան Մակարդակը Աննախընթաց Պիտի Ըլլայ

6 օգոստոսին Հայաստանի ոստիկանութեան պետ Վալերիյ Օսիպեան խորհրդակցութիւն կազմակերպած է ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան եւ ենթակայ ստորաբաժանումներու ղեկավար կազմին հետ: Խորհրդակցութեան նպատակն էր անգամ մը եւս յստակացնել, թէ որո՛նք են ոստիկանութեան գործողութիւնները Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ընդառաջ, ինչպէս նաեւ` ընտրութեան ընթացքին: Վալերիյ Օսիպեան նշած է, որ բաւական աշխատանք կայ կատարելիք: Ան յիշեցուցած է ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան տարածած յայտարարութիւնը, որուն...

Ժողովուրդն Ուժեղ Է Պետութիւնով, Պետութիւնը` Պետական Հաստատութիւններով

Ժողովուրդն Ուժեղ Է Պետութիւնով, Պետութիւնը` Պետական Հաստատութիւններով

Զրուցեց` ԱԳՆԵՍԱ ԽԱՄՈՅԵԱՆԸ Ստորեւ կը ներկայացնենք «Երկիր»-ի զրոյցը ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Սպարտակ Սէյրանեանի հետ: «ԵՐԿԻՐ».- Պարո՛ն Սէյրանեան, շուտով կը լրանայ նոր վարչապետի, նոր իշխանութեան գործունէութեան 100 օրը: Ի՞նչ իրողութիւն ունենք այսօր: ՍՊԱՐՏԱԿ ՍԷՅՐԱՆԵԱՆ.- Իրողութիւնն այսպիսին է` երկրում կայ նոր իշխանութիւն, որը դիմակայում է բազմաթիւ դժուարութիւնների` ներքին ու արտաքին, առարկայական ու ենթակայական, հին ու...

Վարչապետ Փաշինեան. «Պէտք Է Դադրեցնենք Սեւանին Հետ Վերաբերիլ Իբրեւ Խաղալիք Կամ Ջրաման»

Վարչապետ Փաշինեան. «Պէտք Է Դադրեցնենք Սեւանին Հետ Վերաբերիլ Իբրեւ Խաղալիք Կամ Ջրաման»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է  խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են ոռոգման շրջանի հրատապ լուծում պահանջող խնդիրները: Վարչապետը նախ անդրադարձած է ոռոգման հետ կապուած առկայ  կարիքներուն, նախապէս ներկայացուած կանխատեսումներուն եւ ընդգծած. «Ընդհանրապէս, Սեւանայ լիճի այսօրուան իրավիճակը մեզ կը ստիպէ արձանագրել, որ պէտք է դադրեցնենք Սեւանին հետ վերաբերիլ իբրեւ խաղալիք կամ ջրաման: Ատիկա բացարձակապէս անթոյլատրելի է, եւ Սեւանին իբրեւ ջրաման...

Ռոպերթ Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Վերաբերեալ Վերաքննիչ Բողոքի Քննութիւնը` 9 Օգոստոսին

Ռոպերթ Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Վերաբերեալ Վերաքննիչ Բողոքի Քննութիւնը` 9 Օգոստոսին

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ  Քոչարեանի խափանման միջոց կալանաւորումը փոխելու վերաբերեալ վերաքննիչ բողոքը պիտի քննուի 9 օգոստոսին: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնեց Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններէն Արամ Օրբելեան: Դատական նիստը նշանակուած է ժամը 12:00-ին: Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու համար ստորագրահաւաք կազմակերպած են նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւորները: Ստորագրահաւաքին միացած է 46 պատգամաւոր:

Նախարար Արծուիկ Մինասեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը

Նախարար Արծուիկ Մինասեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը

Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ նախարար Արծուիկ Մինասեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամետ Ահմետ Հաժ Իպրահիմի հետ: Հանդիպումին մասնակցած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան  Միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Արմէն Այվազեան: Արծուիկ Մինասեան ողջունած է դեսպանը, անդրադարձած երկու բարեկամ երկիրներու առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն, նշած, որ անհրաժեշտութիւն կայ...

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հաղորդէ Ազրպէյճաական Հերթական Ապատեղեկատուութեան Մասին

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հաղորդէ Ազրպէյճաական Հերթական Ապատեղեկատուութեան Մասին

Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կը հաղորդէ, թէ ի պատասխան ազրպէյճանական որոշ լրատուամիջոցներու, յատկապէս` «Հաքքին» կայքին մէջ հրապարակուած տեղեկատուութեան, թէ հայկական կողմը կը թաքցնէ գետնատնակի մը մէջ տեղի ունեցած պայթումի մը պատճառով առկայ կորուստները, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակած է հերքում: Նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ ինչպէս նախանցեալ օր, նոյնպէս ալ երէկ «արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու  շփման գիծին մէջ պահպանուած է յարաբերական...

Page 544 of 797 1 … 543 544 545 … 797

Արխիւներ