Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակին Եւ Անկախութեան Վերականգնման 27-ամեակին Առիթով Ազգագրական Եւ Ազգային Երգերու Երեկոյ

October 9, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ  կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, շաբաթ, 6 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ անկախութեան  վերականգնման 27-ամեակին առիթով ազգագրական եւ ազգային երգերու երեկոն, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան հայրենի երգիչներ` Գոհար Յովհաննիսեան, Ռուբէն  Սասունցի եւ Աղասի Իսպիրեան:

Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Նաթալի Քենտիրճեան` բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց բոլորը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու տաղանդաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը: Ան յայտնեց, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ անկախութիւններու առիթով ազգագրական եւ ազգային երգերու փառատօն է այսօր»: Շարունակելով ան ըսաւ. «Բազմախորհուրդ ու բազմաշերտ է աւանդը մայիս 28-ին, անգնահատելի ներգործութեամբ յատկապէս սփիւռքի հայութեան կեանքին վրայ: Սփիւռքի մաշեցնող պայմաններուն դէմ, դպրոցներու եւ ակումբներու մթնոլորտին մէջ մայիս 28-էն ժառանգուած տեսիլքը հետապնդուեցաւ եւ այդ տեսիլքով հայրենիք կերտուեցաւ եւ իրերայաջորդ սերունդներ հաւատարիմ քաղաքացիներ դարձան այդ հոգեկան հայրենիքին: Մայիս 28-ը գերազանց հպարտութեան աւանդը ձգեց սփիւռքին եւ իրականութիւն դարձուց անկախութեան վերականգնումը»: Ապա ան բեմ հրաւիրեց ազգագրական եւ ազգային երգերու մեկնաբաններ Գոհար Յովհաննիսեանը, Ռուբէն Սասունցին եւ Աղասի Իսպիրեանը:

Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ հայրենի երգիչները երգեցին ազգագրական եւ ռազմահայրենասիրական երգեր: Խանդավառուած ազգագրական երգերու ջերմութենէն, ժողովուրդը շուրջպար բռնեց եւ յագեցուց իրաւ արուեստի ծարաւ հոգիները` ամրապնդելով մշակութային կամուրջը Հայաստանի եւ Այնճար հայաւանի միջեւ:

Արդարեւ, Համազգայինը, որուն նպատակն է ձգտիլ լաւագոյնին, գեղեցիկին, որակաւորին` խթանելով բարձրորակ արուեստը, անգամ մը եւս հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, սփիւռքեան եւ մասնաւորաբար լիբանանեան դժուարին պայմաններուն մէջ, երբ մշակոյթ պահպանելը եւ տարածելը օրէ-օր աւելի կը դժուարանան, եկաւ դարձեալ ըսելու. «Մենք տէրն ենք մեր մշակոյթին ու նախանձախնդիր` զայն հարազատօրէն փոխանցելու մշակութասէր հանրութեան»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Օրաթերթերուն Անդրադարձը` Ազնաւուրի Մահուան

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Ժտէյտէի Մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Խմբապետական Կազմին. Պաշտօնական Վերամուտ 2018-2019 Տարեշրջանի

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.