Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Ինչո՞ւ Կը Փորձենք Բաց Դուռը Ջարդելով Ներս Մտնել»

October 6, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Հայոց աշխարհ» օրաթերթին տուած է իր գնահատականը Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական վիճակին մասին:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը համաձայն չէ, թէ  Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընդունուած աղմկայարոյց նախագիծը` «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերեալ, ընդունուած է ընթացակարգային խախտումներով:

Ամէն ինչ, ըստ անոր, եղած է կանոնակարգով նախատեսուած կարգաւորումներու շրջագիծին մէջ, եւ եթէ անոնք կարգ մը մարդոց համար դրական չեն, անոնք կրնան հանդէս գալ օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ եւ սահմանուած ընթացակարգերը վերատեսութեան ենթարկելու հարց բարձրացնել: Աւելի՛ն. նախագիծը մանրակրկիտ ձեւով քննարկուած է պետաիրաւական յանձնախումբի նիստին, որուն մասնակցած է նաեւ «Ելք» դաշինքի ներկայացուցիչը եւ որեւէ առարկութիւն չէ ներկայացուցած:

Խորհրդարանը շրջափակելով, պատգամաւորներու մուտքն ու ելքը խոչընդոտելով, հանրահաւաքներուն ասոր-անոր հայհոյելով ու վարկաբեկելով Ազգային ժողովին որոշումներ պարտադրելը անթոյլատրելի է` համոզուած է Ա. Ռուստամեանը. «Եթէ ա՛յդ ճամբով  պէտք է երթանք Ազգային ժողովի լուծարման, ատիկա կը նշանակէ  լուծարել Ազգային ժողովը ոչ թէ իրաւունքի ուժով, այլ ուժի իրաւունքով:

Անոր կարիքն ալ չկայ, որովհետեւ նախագիծին կողմ քուէարկած ուժերը դէմ չեն արտահերթ ընտրութիւններուն, եւ ասով պէտք չէ ապակողմնորոշել ժողովուրդը: Մենք դէմ չենք Ազգային ժողովի լուծարման, կ՛ըսենք` հակասահմանադրական քայլերու դիմելով, կը հարուածենք մեր վարկանիշը, ական կը դնենք այդ ամէն ինչին տակ` հիմքին դնելով հակասահմանադրական մեքանիզմներ:

Մենք արտահերթին կողմ եղած ենք, հիմա ալ կողմ ենք, բայց ատիկա պէտք է ըլլայ տրամաբանութեան շրջագիծի մէջ` բնական, սահմանադրական ճամբով»:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը յոյս ունի, որ ամէն պարագայի` Ազգային ժողով-կառավարութիւն հակասութիւնները լուրջ սրացումներու, բախումներու չեն հասցներ, եւ երկիրը քաղաքական ճգնաժամի մէջ չի յայտնուիր. «Ի վերջոյ, ճգնաժամի պատասխանատուն գործադիր իշխանութիւնն է»:

«Հանրաքուէ էր` գիտնայինք, մենք ալ հանրաքուէին մասնակցէինք: Եթէ  հանրաքուէ էր` արդիւնքները սխալ տրուած են. ոչ թէ 82 առ հարիւրն է խորհրդարանի լուծարուիլը ուզողը, այլ 100 առ հարիւրը, որովհետեւ ընտրական հոլովոյթի բոլոր մասնակիցները կողմ էին Ազգային ժողովի լուծարման: Ինչո՞ւ կը փորձենք բաց դուռը ջարդելով ներս մտնել», ընդգծեց Ռուստամեան:

 

Նախորդը

Դաւիթ Բաբայեան. «Մաքրոնը Եռանախագահութեան Միացեալ Տեսակէտը Անգամ Մը Եւս Պիտի Ներկայացնէ Պաքուին»

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի Հոգեհանգստեան Արարողութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.