ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի մէջ 7 հոկտեմբերին աւարտեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողովը, որուն մասնակից 40 երիտասարդները կը ներկայացնէին Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Հոլանտայի եւ Հայաստանի երիտասարդական եւ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնները:
Խորհրդաժողովը կը յատկանշուէր արտաքին-յարաբերական եւ ընդհանուր առմամբ քաղաքական օրակարգի եւ քննարկուող նիւթերու յագեցուածութեամբ:
Խորհրդաժողովի մասնակիցները ունկնդրեցին զեկուցումներ եւ հանգամանօրէն քննարկեցին հետեւեալ նիւթերը.
– Եւրոպական երկիրներու քաղաքական կացութիւնը, յատկապէս ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու իրավիճակը,
– ՀՅԴ Երիտասարդականի արտաքին-յարաբերական գործունէութիւնը եւ ապագայ ընելիքները:
– ՀՅԴ լոպիիստական գործունէութիւնը պետական եւ քաղաքական տարբեր ուժերու հետ: Եւրոպայի մէջ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ յատկապէս Պրիւքսելի մէջ գտնուող Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի աշխատանքները: Արձանագրուած հայամէտ որոշումներն ու ձեռք բերուած յաջողութիւնները թուրք-ազրպէյճանական լոպիին դէմ,
– Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը եւ զարգացման միտումները,
– Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական իրավիճակը եւ դաշնակցական երիտասարդներու դերն ու ընելիքը այդ ուղղութեամբ,
– Դաշնակցական երիտասարդներու ընելիքները Հայաստանի մէջ ընկերային արդարութեան հաստատման եւ ընկերվարական արժէքներու պաշտպանման ու տարածման գործին մէջ:
Խորհրդաժողովի մասնակիցները վերահաստատեցին դաշնակցական երիտասարդութեան յանձնառութիւնը` սփիւռքահայ համայնքներու ամրութեան պահպանման, արտերկրի մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան, քաղաքական գործունէութեան ծաւալման եւ կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ հայրենաբնակ երիտասարդութեան օժանդակութեան գործին մէջ:
Մասնակիցները այցելեցին նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի պատմութեան թանգարան, Պրիւքսելի հայկական եկեղեցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող-խաչքար:
Խորհրդաժողովը անցաւ ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ:



