Արտաքին հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ ընկերակցութեամբ երեսփոխաններ Իպրահիմ Մուսաուիի, Ալի Պեզզիի, Իպրահիմ Ազարի, Ֆուատ Մախզումիի, Ժորժ Օքէյսի եւ Քասեմ Հաշեմի, երէկ ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանան, ուր այցելեց լիբանանեան բանակի Սուրի կեդրոնատեղին ու Նաքուրայի ՖԻՆԻԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կեդրոնը, ինչպէս նաեւ սահմանային Կապոյտ գիծ:
Սուրի մէջ յանձնախումբը այցելեց բանակի կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ գնդապետ-զօրավար Ռոպեր Ալամի եւ բանակի սպաներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ժապեր ընդգծեց, որ Լիբանան անկախ երկիր մըն է, որ օր մը օրանց մէկուն դէմ յարձակում չէ գործած:
«Լիբանան կառչած կը մնայ միջազգային օրինականութեան, խաղաղութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան», ըսաւ ան:
Ժապեր հաստատեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ան դիտել տուաւ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն հնչեցուցած ամբաստանութիւնները շուտ են եւ շինծու, ինչպէս փաստած էր արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ: «Լիբանան խաղաղասէր երկիր է եւ որեւէ երկրի դէմ յարձակում շղթայազերծելու միտում չունի», շեշտեց ան:
Ապա արտաքին հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի պատուիրակութիւնը իր ուղեւորութիւնը շարունակեց դէպի Նաքուրա եւ սահմանային Կապոյտ գիծ:
Նաքուրայի մէջ պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի կողմէ:
Զօր. Տել Քոլ երախտագիտութիւն յայտնեց յանձնախումբին անոր կատարած այցելութեան համար` նշելով, որ իրենք կը պաշտպանեն սահմանային կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը:
Տել Քոլ յանձնախումբին այցելութիւնը նկատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան նկատմամբ լիբանանեան պետութեան ցուցաբերած զօրակցութեան արտայայտութիւն մը:
Տել Քոլ շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը առկայ է 12 տարիէ ի վեր` աւելցնելով, որ պէտք է հզօրացնել լիբանանեան բանակին կարողութիւնները եւ ամբողջ շրջանին վրայ բանեցնել լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնը:
Իր կարգին, Ժապեր հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին հարաւային Լիբանանի սահմանային խաղաղութիւնը պաշտպանող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին` մաղթելով, որ անոնց միջեւ գործակցութիւնը աւելի եւս սերտանայ եւ ծառայէ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:




