Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսէն Համբարձումեան. «Շատ Մեծ Է Վտանգը, Որ Մենք Ունենանք Քաղաքական Մենիշխանութիւն»

October 8, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2 հոկտեմբերին Ազգային ժողովին առջեւ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն եւ Հայաստանի մէջ տիրող ներքաղաքական իրավիճակին մասին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը յայտարարութիւն մը տարածեց, ուր գնահատականներով հանդէս եկաւ իշխանութիւններու գործողութիւններուն վերաբերեալ: 6 կէտերէ բաղկացած յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Համոզուած ենք, որ իրավիճակը սրելու, պայմանաւորուածութիւնները խախտելու եւ դաւադրութիւններու  կեղծ մեղադրանքները հասարակութեան ուշադրութիւնը  ընտրութիւններու համար ազատ եւ մրցակցային պայմաններ ապահովելու հրամայականէն շեղելու փորձեր են: Ստիպուած ենք արձանագրել, որ գործ ունինք ուղղակի ժողովրդավարութեան անուան տակ Հայաստանի մէջ քաղաքական մենիշխանութիւն հաստատելու նորօրեայ փորձի հետ: Վերադարձը անցեալին բացառուած է, բայց որպէսզի ներկան եւ ապագան ըլլան երաշխաւորուած, անհրաժեշտ է չկրկնել նախկին սխալները: Համոզուած ենք` երկխօսութեան կարելիութիւն տակաւին կայ, եւ քաղաքական ուժերու համախոհութեամբ կարելի է գտնել իրավիճակի հանգուցալուծման ճիշդ  ճամբան»:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանին հարցուցած են, որ Դաշնակցութեան տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ պէտք չէ կեդրոնանալ ընտրութիւններու ժամկէտին վրայ, այլ` որակի եւ անոր համար քաղաքական ու բարոյահոգեբանական մթնոլորտի ձեւաւորման վրայ, իսկ մեկնելով Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն արդիւնքներէն, եթէ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունենան 1 տարի ետք, կը կարծէ, որ ՀՅԴ-ի բերելիք արդիւնքները կ՛աւելնա՞ն, եւ ի՞նչ մթնոլորտի մէջ անցան այդ ընտրութիւնները:

Արսէն Համբարձումեան պատասխանած է. «Ժամանակը ցոյց կու տայ` մէկ տարի ետք Դաշնակցութեան առիթները կ՛աւելնա՞ն, թէ՞ ոչ: Մենք ժամանակացոյցի մասին չենք խօսած, այլ ըսած ենք ժամկէտներու մասին եւ ըսած ենք, որ պէտք է ոչ թէ սեւեռիլ այս կամ այն ժամկէտին վրայ, այլ պէտք է առաջնորդուիլ այլ տրամաբանութեամբ` ի՞նչ քայլեր եւ գործողութիւններ անհրաժեշտ են արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, եւ այդ քայլերով ու գործողութիւններով  պէտք է պայմանաւորել հաւանական ժամկէտը: Եթէ ժամկէտը դեկտեմբերն է, մենք խնդիր չունինք, եթէ փետրուարն է, մենք նոյնպէս խնդիր չունինք: Այսինքն` ոչ թէ ժամկէտն է այս պարագային կարեւորը, այլ կարեւոր են քայլերն ու գործողութիւնները: Խօսքը եղած է ազատ, արդար եւ մրցակցային ընտրութիւններու մասին, որովհետեւ ընտրութիւնները կրնան ըլլալ ազատ եւ արդար, ինչպէս եղան Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւնները: Բայց ատիկա բաւարար չէ, ընտրութիւնները անհրաժեշտ է, որ ըլլան նաեւ մրցակցային, այսինքն` բոլոր քաղաքական ուժերը, անկախ անկէ` ներկայացուած են խորհրդարանին մէջ, կամ ոչ, պէտք է հաւասար պայմաններ ունենան եւ բաւարար ժամանակ` ընտրութիւններուն մասնակցութիւն ապահովելու համար: Այս մասին է խօսքը, որովհետեւ, եթէ մրցակցային ընտրութիւններ մենք չկազմակերպենք, շատ մեծ է վտանգը, որ մենք ունենանք քաղաքական մենիշխանութիւն` վիճակ մը, որմէ նախընթաց տարիներուն ընթացքին անընդհատ բողոքած են բոլորը: Եւ մեր ըսածը հետեւեալն է, որ եթէ չենք ուզեր նախկին վիճակներուն վերադարձ կատարուի, ապա անոր լաւագոյն երաշխիքը ներկայիս ճիշդ քայլերով յառաջ երթալն է»:

 

 

Նախորդը

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցած Է ՀՅԴ Եւրոպայի Երիտասարդական Միութիւններու Խորհրդաժողովը

Յաջորդը

Ֆրանսախօս Երկիրներու Մշտական Խորհուրդի 105-րդ Նիստին Քննարկուած Են Երեւանի Հռչակագիրի Եւ Վեհաժողովի Այլ Փաստաթուղթերու Նախագիծեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.