Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպարտակ Սէյրանեան. «Եթէ Քաղաքական Համաձայնութիւն Ըլլայ, ՀՅԴ-ն Դէմ Պիտի Չըլլայ, Որ Ընտրութիւնները Տեղի Ունենան Դեկտեմբերին»

Հոկտեմբեր 9, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ժողովին մէջ երէկ տեղի ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Սպարտակ Սէյրանեան յայտարարած է, թէ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը խորհրդարանական մնացած ուժերուն միջեւ համաձայնութեան պարագային դէմ պիտի չըլլայ դեկտեմբեր 2018-ին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման:

«Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութենէն ետք: Պէտք է ըլլայ նաեւ ոստիկանութեան ենթակայութեան փոփոխութիւն, ոստիկանութիւնը պէտք է ըլլայ կառավարութեան ենթակայութեան տակ: Ընտրութիւնները կրնան օրինական ըլլալ, բայց պակաս կարեւոր չէ ընտրութիւններուն նկատմամբ հանրային ընդհանուր վստահութեան ձեւաւորումը, այդ պատճառով բոլոր խմբակցութիւններուն համար պէտք է ապահովել հաւասար մրցակցային պայմաններ: Եթէ այդ բոլոր կէտերը կատարուին, եթէ անոնք ամփոփուին դեկտեմբերին, ընտրութիւնները թող ըլլան դեկտեմբերին, կամ յունուար 2019-ին, թող ըլլան յունուարին: Եթէ բոլոր քաղաքական ուժերը որոշեն, որ ընտրութիւնները պէտք է ըլլան դեկտեմբեր 2018-ին, ՀՅԴ-ն պիտի չխոչընդոտէ», ըսած է  Սէյրանեան:

Ան վստահեցուցած է, որ այդ պարագային իրենք հաւատարիմ կը մնան իրենց խոստումին եւ չեն առաջադրեր վարչապետի թեկնածու:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ իրենց նշած կէտերը չապահովուին, նորէ՞ն վարչապետի թեկնածու չեն առաջադրեր, Սէյրանեան ըսած է, որ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու տարբերակը արդէն կայ կառավարութեան մօտ, եւ տրամաբանական է, որ քննարկումներ ըլլան: «Եթէ ճամբու քարտէսը չըլլայ, բայց բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք բոլոր ուժերը յանգին անոր, որ առանց ատոր ալ ընտրութիւնները պէտք է իրականացուին դեկտեմբերին, մենք պիտի համաձայնինք», նշած է Սէյրանեան:

Ան ըսած է, որ եթէ նոյնիսկ մէկդի դրուի ընտրութիւններուն մասին նոր օրէնքը, սակայն ընդհանուր համաձայնութեան բերումով քաղաքական ուժերը որոշեն, որ ընտրութիւնները պէտք է իրականացուին յստակ այսինչ օրը, ՀՅԴ-ն պիտի չխոչընդոտէ: Անդրադառնալով վարչապետի թեկնածու չառաջադրելու Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկած յուշագիրի ստորագրման` Սէյրանեան նշած է, որ եթէ քաղաքական ուժերը յանգին անոր, որ յուշագիրի ստորագրումը ճիշդ է, իրենք ալ պիտի համաձայնին: «Եթէ յուշագիրը բաղկացած ըլլայ մէկ կէտէ, ատիկա յուշագիր չ՛ըլլար: Անիկա պէտք է բովանդակային ըլլայ», նշած է ան:

Սէյրանեան նաեւ նշած է, որ ինք կը յարգէ ժողովուրդի մէկ մասին տեսակէտը, սակայն ատիկա չի տարածեր բոլորին վրայ: Եթէ ժողովուրդը կը կարծէ, որ բոլոր դժբախտութիւններուն պատճառը խորհրդարանական ընտրութիւններ չիրականացնելն է, ուստի իրենք համաձայն են, որ ատիկա ըլլայ նոյնիսկ վաղը:

 

 

Նախորդը

Պատգամաւորներ Գէորգ Կոստանեան Եւ Արման Սահակեան Յայտարարած Են, Որ Կողմ Են Դեկտեմբերին Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Հայկական

Ցաւակցագիր

Հոկտեմբեր 26, 2025
Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?