Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան. «Իրարու Հակադրուող Քաղաքական Ուժերը Պէտք Է Վերջ Տան Այդ Ընթացքին, Իսկ Ժողովուրդը Պէտք Է Փողոց Իջնէ»

October 8, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շաբաթավերջին իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ ինք տեղեակ չէ, եթէ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը յօդս ցնդած են` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կատարած այն յայտարարութենէն ետք, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը միայն երեք նախարարի իրաւունք ունի, եւ թէ անոր ուժային նախարարութիւն մը յանձնելու առումով վեթօ գոյութիւն ունի:

Ա. Կիտանեան անդրադարձաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւններուն, որոնք քաջալերական էին եւ յուսադրիչ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին նոր թափ մը տալու առումով:

«Իմ եւ ժողովուրդին կողմէ միայն մէկ կոչ կ՛ուղղուի այսօր եւ այդ կոչը կը պահանջէ կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին աշխատանքներուն ընթացք տալ: Եթէ կը փափաքինք, որ կառավարութիւնը կազմուի, պէտք չէ բաւարարուինք պատկերասփիւռի կայաններէն հետեւելով քաղաքական ղեկավարներուն, այլեւ` պէտք է փողոց իջնել եւ հաստատել, որ անկարելի է ընդունիլ, որ ժողովուրդին կեանքն ու դիմագրաւած հարցերը անորոշութեան մատնուած ըլլան եւ անժամկէտ կերպով սպասեն քաղաքական որոշումի, ինչ քաղաքական ուժէ որ ալ ըլլայ ան, նոյնիսկ այն քաղաքական կուսակցութիւնը, որուն ես կը պատկանիմ», հաստատեց նախարար Կիտանեան:

Ան շեշտեց, որ 6 մայիսին երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարուեցան եւ ժամանակն է արդէն, որ այդ ընտրութիւններուն արդիւնքները աշխատանքի վերածուին: «Ո՛վ որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ամէն գնով կը փորձէ խանգարել, ապա ան պէտք է հաշուետու ըլլայ ժողովուրդին: Պէտք է պահանջել, որ իրարու հակադրուող քաղաքական ուժերը իրենց այդ ընթացքին վերջ տան: Եթէ ժողովուրդը երեսփոխանական ընտրութիւններուն օրը իր հաշուեքննութիւնը չէ կատարած, ապա ժամանակն է արդէն, ուր ան փողոց իջնէ` ներկայացնելու իր պահանջները», եզրափակեց Ա. Կիտանեան:

 

Նախորդը

Պըրրի Շնորհաւորեց Սուրիոյ Եւ Եգիպտոսի Նախագահները

Յաջորդը

Ըստ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Դիւանապետին. Իսրայէլի Իշխանութիւնները Պատրաստակամ Են Գտնելու Եկեղեցապատկան Կալուածները Չվտանգող Լուծումներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.