ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, յուլիս 2018-ին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը Միացեալ Նահանգներուն մէջ հաստատեց նախապէս ծրագրուած, ՀՄԸՄ-ի յաջորդական պատգամաւորական ժողովներու կողմէ հետապնդուած, սակայն ցարդ չիրականացած «ՀՄԸՄ-ի եկամտաբեր հիմնադրամ»-ը (Endowment Fund):
Եղբայր Ժիրայր եւ քոյր Սրբուկ Սարգիսեաններ, որոնք իրենց միութենական մեծ վաստակի կողքին, մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած են ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւններու զանազան ծրագիրներուն, 50.000 ամերիկեան տոլարով եղան առաջին արձագանգողները «ՀՄԸՄ-ի եկամտաբեր հիմնադրամ»-ին եւ հանդիսացան գլխաւոր խթանը այս մեկնարկին:
Հետեւաբար, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ «ՀՄԸՄ-ի եկամտաբեր հիմնադրամ»-ի պաշտօնական մեկնարկը եւ իր սպասումն է ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ շրջաններէն, որ իրենց անվերապահ աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը բերեն եւ աշխատին այս հիմնադրամի ուռճացման ու բարգաւաճման` ի խնդիր ՀՄԸՄ-ի վերելքին ու ապագայի ծրագիրներուն իրականացման:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ