Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Ժտէյտէի Մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Խմբապետական Կազմին. Պաշտօնական Վերամուտ 2018-2019 Տարեշրջանի

Հոկտեմբեր 9, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 7 հոկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին մեկնարկը տրուեցաւ ՀՄԸՄ Ժտէյտէի մասնաճիւղին 2018-2019 տարեշրջանին` տողանցքով, որ սկիզբ առաւ «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոնէն` հասնելով մինչեւ Ամանոսի շրջանի կառատունը, առաջնորդութեամբ` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին:

Պաշտօնական վերամուտի յայտագիրը հովանաւորեց ՀՄԸՄ Ժտէյտէի մասնաճիւղի վարչութիւնը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն: Ապա կատարուեցաւ փաղանգներու փոխանցումը: ՀՄԸՄ Ժտէյտէի մասնաճիւղի անդամ Երուանդ Յովհաննէսեան խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել աշխարհահռչակ երգիչ, Հայաստանի ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը: Երուանդ Յովհաննէսեան գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց պատկան մարմիններուն, կոմիտէութիւններուն եւ նուիրատուներուն` մասնաճիւղին վերելքին ի նպաստ իրենց սիրայօժար աջակցութեան համար: Ան նշեց, որ ՀՄԸՄ Ժտէյտէի մասնաճիւղը կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 45-ամեակը` յայտնելով, որ մասնաճիւղը պատրաստած է ու կը շարունակէ պատրաստել կամաւոր բանակ` զարգացնելով  հայ սկաուտին ծառայութեան պարտականութիւնը իր ազգին եւ հայրենիքին նկատմամբ: Ան յոյս յայտնեց, որ այս կամաւոր գործունէութիւնը փոխանցուի սերունդէ-սերունդ եւ ՀՄԸՄ-ի ջահը անմար մնայ: Իր խօսքի աւարտին Երուանդ Յովհաննէսեան մաղթեց, որ սկաուտները շարունակեն իրենց աշխուժ գործունէութիւնը յանուն ՀՄԸՄ-ի նշանաբանին «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ին:

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի եւ Շրջանային խմբապետութեան անունով խօսք առաւ Վարդուկ Ֆըրնըզլեան: Ան շնորհաւորեց բոլոր անոնք, որոնք նոր պաշտօններ եւ աստիճաններ ստացան: Ան  մաղթեց, որ 2018-2019 տարեշրջանը ըլլայ յաջողութիւններով լեցուն տարի մը: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած են ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին: «ՀՄԸՄ հարիւր տարի գոյատեւած է եւ պիտի շարունակէ գոյատեւել` «Պատմական անցեալէն դէպի յաղթական ապագայ» նշանաբանով պատրաստելով  տիպար հայ քաղաքացի անհատներ», եզրափակեց ան:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` հետեւեալ կարգով. «Սասունցիներու պար» ասմունք, կատարողութեամբ` Արազ Չէրչեանի եւ Սելինա Աբիկեանի, «Երեւան դարձած» երգը սրինգով ներկայացուց Կասիա Էճիտեան` երգեհոնի նուագակցութեամբ Սելինա Աբիկեանի, հայկական շուրջպարերու շարանի ներկայացում` մասնաճիւղի տարբեր միաւորներուն կողմէ, Կայէլ Ապուսէֆեան «Փոքրիկ Հայաստան» մեներգով հանդէս եկաւ` դարձեալ նուագակցութեամբ Սելինա Աբիկեանի: Տեղի ունեցաւ նաեւ սահիկներու ցուցադրութիւն` 2017-2018 տարեշրջանի ՀՄԸՄ Ժտէյտէի մասնաճիւղի գործունէութեան վերաբերեալ:

 

Գեղարուեստական յայտագիրը վերջ գտաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Նախորդը

Այնճարի Մէջ. Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակին Եւ Անկախութեան Վերականգնման 27-ամեակին Առիթով Ազգագրական Եւ Ազգային Երգերու Երեկոյ

Յաջորդը

«Սերպիան Զինուորական Առումով Չէզոք Պիտի Մնայ, Սակայն Պիտի Համագործակցի Օթան-Ի Հետ» Կ՛ըսէ Վուչիչ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?