Գլխաւոր լուրեր

Նոր Զելանտայի Մէջ Ընթացք Առած Է ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի Աշխատանքը

Նոր Զելանտայի Մէջ Ընթացք Առած Է ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի Աշխատանքը

Նոր Զելանտայի մէջ ընթացք առած է ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդը: Նոր Զելանտայի Հայ դատի յանձնախումբին նպատակը պիտի ըլլայ բարձրացնել Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկացուածութեան մակարդակը: Նոր ձեւաւորուած յանձնախումբին ղեկավարն է Հուրի Ելտիզեան: «Մեր առաջնային նպատակներն են Նոր Զելանտայի եւ Հայաստանի միջեւ աւելի սերտ մշակութային եւ առեւտրական կապերու հաստատումը, Նոր Զելանտայի մէջ հայ...

Արսէն Համբարձումեան. «Հաւանական Է  Համաձայնական Դաշինքի Ձեւաւորումը»

Համբարձումեան. «Նոր Հայաստանի Մէջ Արդարադատութիւնը Որեւէ Պարագայի Պէտք Չէ Կողմնակալ Ըլլայ»

Հայաստանի Ազգային ժողովի 45 պատգամաւորներ անձնական երաշխաւորութիւն յայտնած են` Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանքը փոխելու համար: Այս գծով Դաշնակցութեան տեսակէտը ունենալու նպատակով «Երկիր»-ը զրուցած է ՀՅԴ  Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանին հետ, որ պատասխանած է. «ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը որեւէ անպատեհութիւն չի տեսներ, որ Դաշնակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան պատգամաւորները միանան Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու ստորագրահաւաքին: Այս մօտեցումը մեր...

Վարչապետ Փաշինեան Ցաւակցագիր Յղած Է Նախագահ Փութինին

Վարչապետ Փաշինեան Ցաւակցագիր Յղած Է Նախագահ Փութինին

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` «Մի-8» ուղղաթիռի արկածին առիթով, որուն պատճառով Քրասնոյարսքի մէջ 18 անձ զոհուած է: Նաւթահորատողներ փոխադրող ուղղաթիռը կը պատկանի «Ութէյր» ընկերութեան: Նախնական տուեալներով, թռիչքի մեկնարկին ուղղաթիռը հպած է արդէն թռիչքի սկսած մէկ այլ ուղղաթիռի: Երկրորդ «Մի-8»-ի անձնակազմը ստիպուած նետած է ուղղաթիռին բեռներն ու վայրէջք կատարած: Երկրորդ ուղղաթիռի կազմէն ոչ ոք...

Ռազմական Լրագրողները Այցելած Են Շփման Գիծ

Ռազմական Լրագրողները Այցելած Են Շփման Գիծ

Ռազմական ոլորտին առնչուող նիւթերուն եւ պաշտպանական հոլովոյթներուն վերաբերեալ լրագրողներուն մէջ աւելի առարկայական եւ միասնական մօտեցումներ ձեւաւորելու նպատակով, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող «Ռազմական լրագրութեան» դասընթացքին մասնակիցները 1-3 օգոստոսին եռօրեայ այցելութիւն տուած են պաշտպանութեան բանակ: Վերջիններս այցելած են արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծ եւ զօրամասերու մնայուն տեղակայման վայրեր, տեղւոյն վրայ ծանօթացած են զինուորներուն ընկերային-կենցաղային պայմաններուն, կատարուած եւ տակաւին ընթացքի մէջ...

Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական  Ժողովի Նոր Շրջանի Առաջին Նիստ

Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Նոր Շրջանի Առաջին Նիստ

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 օգոստոս 2018-ին` երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն: Առաջնորդ սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք ժողովը ընտրեց իր դիւանը, որուն մաս...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Տարեկան Բանակումը Սկիզբ Առաւ

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Տարեկան Բանակումը Սկիզբ Առաւ

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած «Յանձնառու սլացքով» նշանաբանը որդեգրած  տարեկան բանակումը սկիզբ առաւ կիրակի, 5 օգոստոս 2018-ին: Բանակումին, որ կը կազմակերպուի ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 45-ամեակին առիթով, կը մասնակցին շուրջ 105 ԼԵՄ-ականներ: Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Այնճարի ԼԵՄ-ի բանակավայրին մէջ` «Մշակ բանուոր» քայլերգով ու Հայաստանի, Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի դրօշներուն բարձրացման արարողութեամբ: Բանակումին ծրագիրը դաստիարակչական բնոյթ կը կրէ եւ կ՛ընդգրկէ զրոյց,...

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

Ակնարկ. Ուաշինկթընի Կտրուկ Շրջադարձային Վարքագիծը

Միացեալ Նահանգներու նախագահին մօտ հռետորաբանական  վերիվայրումներն ու կտրուկ շրջադարձները հետեւողական վարքագիծի բնոյթ կրած են: Այնքան մը, որ ոճի աննախընթաց սաստկացումը, հասցէական վերագրումները, հետեւողներուն մօտ սկսած են տարակուսանքներ ստեղծել յայտարարուածի եւ անոր համապատասխան առնուելիք քայլերու բացակայութիւնը կանխատեսելով: Փիոնկեանկ-Ուաշինկթըն արձանագրուած փոխմեղադրական մագլցողականութիւնը պահ մը աշխարհը համոզեց, որ հիւլէական պատերազմի մեկնարկը սարերու ետին չէ: Կտրուկ շրջադարձը Ուաշինկթընի կողմէ, աւելի ճիշդը` նախագահ Թրամփի ոճային...

Մեղադրանք Առաջադրուած Է Արմէն Գէորգեանի Դէմ

Մեղադրանք Առաջադրուած Է Արմէն Գէորգեանի Դէմ

Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեան Երէկ Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Օրակարգ» հաղորդման ժամանակ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեան խօսեցաւ Մարտի 1-ի գործով երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին առաջադրուած մեղադրանքին, ինչպէս նաեւ 0038 գաղտնի հրամանի մասին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ճի՞շդ են այն տեղեկութիւնները, որ հարցաքննութեան կանչուած է նաեւ Արմէն Գէորգեանը (նախկին փոխվարչապետ): Սասուն Խաչատրեան նշեց, որ մեղադրանք առաջադրուած է...

Դեսպան Քոպիրքին. «Ռուսիոյ Համար Հայաստանը Կարեւորագոյն Ռազմավարական Գործընկեր Է»

Դեսպան Քոպիրքին. «Ռուսիոյ Համար Հայաստանը Կարեւորագոյն Ռազմավարական Գործընկեր Է»

3 օգոստոսին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեան ընդունած է Հայաստանի մէջ  Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոպիրքինը: Հանդիպումին սկիզբը  Վանեցեան շնորհաւորեց Ս. Քոպիրքինը` դեսպանի պաշտօնին նշանակուելու առիթով, ինչպէս նաեւ յաջող եւ արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթեց: Անդրադառնալով երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած ամուր համագործակցութեան` Ա. Վանեցեան նշեց, որ այդ բարեկամութիւնը կը նպաստէ երկու պետութիւններու տարբեր նախարարութիւններու փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման,...

Զախարովա. «Լաւրովի Օրակարգին Վրայ Մնացականեանի Հետ Հանդիպում Նախատեսուած Չէ»

Զախարովա. «Լաւրովի Օրակարգին Վրայ Մնացականեանի Հետ Հանդիպում Նախատեսուած Չէ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Վրաստանի մէջ 1 օգոստոսին սկսած ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն: Ան ըսած է, թէ ատիկա, ինչպէս կը նշեն Վրաստանի մէջ, չի կրնար նպաստել կայունութեան Սեւծովեան շրջանին մէջ, այլ հակառակը` կը սրէ իրավիճակը: Զախարովա նաեւ աւելցուցած է, որ Ռուսիան կ՛ափսոսայ, որ ռազմափորձերուն կը մասնակցին նաեւ Վրաստանի դրացի երկիրները: Ան չէ հաստատած...

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Փոխնախարարը Կը Հերքէ Հայաստանի Խոստացուած Զէնքերու Մատակարարման Սառեցման Լուրը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Փոխնախարարը Կը Հերքէ Հայաստանի Խոստացուած Զէնքերու Մատակարարման Սառեցման Լուրը

Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքանտր Ֆոմին ոչ հաւաստի որակած է ռուսական լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած այն տեղեկութիւնները, թէ Ռուսիան կրնայ դադրեցնել 100 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիրով Հայաստանին զէնքի մատակարարման հոլովոյթը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարը Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Ատիկա ոչ հաւաստի տեղեկութիւն է»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի շուրջ...

Վարչապետ Փաշինեանի Հետ Տեսակցելէ Ետք.  «Հայ-Հնդկական Պատմական Կապերը Զարգացման Մեծ Ներուժ Ունին»  Յայտնեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Վարչապետ Փաշինեանի Հետ Տեսակցելէ Ետք. «Հայ-Հնդկական Պատմական Կապերը Զարգացման Մեծ Ներուժ Ունին» Յայտնեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Երէկ` հինգշաբթի, 2 օգոստոս 2018-ին,  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Եոկեշվար Սանկվանը: Վարչապետը կարեւոր նկատած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ ընդգծած, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնումով ու խորացումով: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անհրաժեշտ նկատած է առեւտրական-տնտեսական կապերու խթանումը եւ այդ ուղղութեամբ համապատասխան քայլերու  իրականացումը: Իր կարգին,...

Նախարար Խաչատրեան. «Այս Պահուն Կառավարութիւնը Չունի Սեւանէն Լրացուցիչ Ջուր Դուրս Բերելու Նախաձեռնութիւն»

Նախարար Խաչատրեան. «Այս Պահուն Կառավարութիւնը Չունի Սեւանէն Լրացուցիչ Ջուր Դուրս Բերելու Նախաձեռնութիւն»

Կառավարութիւնը այս պահու դրութեամբ որեւէ նախաձեռնութեամբ հանդէս չէ եկած Սեւանայ լիճէն լրացուցիչ ջուր դուրս բերելու  առնչութեամբ: 2 օգոստոսին կառավարութեան նիստէն ետք  լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան: «Սեւանէն մէկ կաթիլ աւելի դուրս բերելու համար պէտք է ըլլայ Ազգային ժողովի որոշում: Այսօրուան դրութեամբ կառավարութեան կողմէ նման նախաձեռնութիւն չէ եղած, որ աւելի ջուր դուրս բերուի», ըսաւ  նախարար...

Հասարակական Բուռն Հակազդեցութեան Լոյսին Տակ.  Զոյա Թադեւոսեան Ներողութիւն Կը Խնդրէ

Հասարակական Բուռն Հակազդեցութեան Լոյսին Տակ. Զոյա Թադեւոսեան Ներողութիւն Կը Խնդրէ

Վերջերս Արցախի ազատագրուած տարածքներու մասին զգայացունց  յայտարարութեամբ հանդէս եկած Զոյա Թադեւոսեանը «ափսոսանք» յայտնած է կատարուածին համար: Ան այդ մասին հանդէս եկած է յայտարարութեամբ: Յիշեցնենք, որ նախանցեալ օր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարած էր, որ կը պատրաստուի իրաւական գործընթաց սկսիլ Զոյա Թադեւոսեանի դէմ: Թադեւոսեանի յայտարարութիւնը` ստորեւ: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Կը հայցեմ բոլորիդ ներողամտութիւնը կապուած «Հայելի» ակումբին մէջ  իմ կողմէս անզգուշօրէն կատարուած արտայայտութեան...

ԶՈՄ-ՆԱՈՄ Միջմիութենական Հանդիպում

ԶՈՄ-ՆԱՈՄ Միջմիութենական Հանդիպում

Հինգշաբթի, 2 օգոստոս 2018-ին, Երեւանի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» գործուղուած անդամները հանդիպում ունեցան Հայաստանի ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան վարչութեան եւ անդամներուն հետ։ Հանդիպումի ընթացքին անոնք քննեցին ու քննարկեցին Հայաստանի վերջին  քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակաշրջանը: Զաւարեանականները ներկայացուցին «Դէպի երկիր» 2018 «Արամի կամքով, արցախեան ոգիով» գործուղումի նորամշակ ծրագիրը` անդրադառնալով նոր գործելաձեւին։ Անոնք...

Ակնարկ.  Իրաւական Գործընթացով Արձագանգելու Քայլը

Ակնարկ. Իրաւական Գործընթացով Արձագանգելու Քայլը

Հայ ազգային քոնկրեսի (ՀԱՔ) անդամ Զոյա Թադեւոսեանի յայտարարութիւնը, թէ` Արցախի ազատագրուած տարածքները պէտք է վերադարձնել Ազրպէյճանին, եթէ հիմնախնդիրի լուծումը ատիկա կը պահանջէ, պէտք է ըսել, որ բոլորովին միակ ու նոր զգայացունց յայտարարութիւնը չէ: Թադեւոսեանէն առաջ եւս այդ տարածքներու կարգավիճակին մասին տարբեր ձեւակերպումներ հնչած են, նոյնիսկ անոնց հայկական պատմական պատկանելիութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձած է: Թադեւոսեան աւելի մանրամասնելով իր միտքերը կը հաստատէ,...

Տիգրան Բալայեան Խօսած Է Ռուսական Կողմի Արձագանգին Մասին

Տիգրան Բալայեան Խօսած Է Ռուսական Կողմի Արձագանգին Մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեանէն «Արմինֆօ»-ն հետաքրքրուած է, թէ  ինչպէ՞ս կը բացատրէ  ռուսական կողմի գնահատականները Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: «Մենք կը հետեւինք միջազգային արձագանգին` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ներքին հոլովոյթներուն առնչութեամբ, որոնք ուղղուած են իրաւական պետութիւն դառնալուն, անկախ արդարադատութիւն ունենալուն, փտածութեան դէմ պայքարին, որոնք կառավարութեան ներքաղաքական առաջնահերթութիւններն են», ըսած է ան: Ըստ Բալայեանի,...

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն Իրաւական Գործընթացի Պիտի Սկսի Զոյա Թադեւոսեանի Դէմ

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն Իրաւական Գործընթացի Պիտի Սկսի Զոյա Թադեւոսեանի Դէմ

31 յուլիսին Հայ ազգային քոնկրես (ՀԱՔ) կուսակցութեան անդամ Զոյա Թադեւոսեան լրագրողներուն ըսած էր, թէ Արցախի ազատագրուած տարածքները գրաւեալ տարածքներ են, եւ պէտք է զանոնք վերադարձնել Ազրպէյճանին, եթէ տագնապի լուծումը այդ կը պահանջէ: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն այդ առնչութեամբ գումարած է նիստ մը, որուն աւարտին ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ»-ին տեղեկացուցած է Կեդրոնական կոմիտէի որոշումին մասին: «Տիկին Թադեւոսեանի հնչեցուցած...

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 73-ամեակին Առիթով.  «Առանց Բանակի Հայրենիք Չկայ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 73-ամեակին Առիթով. «Առանց Բանակի Հայրենիք Չկայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Երէկ Ֆիատիէի Սպայից վարժարանի «Շուքրի Ղանեմ» զօրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ բանակի հիմնադրութեան 73-ամեակի նշումը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի եւ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին վարչապետներ, մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ, հոգեւորականներ, որոնց շարքին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս....

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Ամբողջացուց Սիսի Կաթողիկոսարանի Պահանջի Թղթածրարը` Թրքական Դատարան Դիմելու

31 յուլիս 2018-ին Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջի իրաւական յանձնախումբին աշխատանքային հանդիպումը: Յիշեալ դատին թղթածրարը գրեթէ իր վերջնական ձեւը ստացաւ եւ մանր յստակեցումներէ ու յաւելումներէ ետք, առաւելագոյնը հոկտեմբեր 2018-ին պիտի ներկայացուի թրքական դատարան: Յիշեցնենք, որ նոյն դատին թղթածրարը շուրջ երեք տարիներ առաջ ներկայացուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին, որ մերժած էր անոր...

Page 545 of 797 1 … 544 545 546 … 797

Արխիւներ