Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Է Մարթին Զոնեպըրնը
29 օգոստոսին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութիւնը` Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Մարթին Զոնեպըրնի գլխաւորութեամբ, որ Հայաստան կը գտնուի ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերէին Արցախի եւ Եւրոպական խորհրդարանին միջեւ համագործակցութեան` հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարական կառոյցներու հետագայ ամրապնդման ծիրին մէջ: Արտաքին գործոց նախարարը հաստատած...




















